Երէկ` հինգշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-ամերիկեան երկխօսութեան զարգացման աշխուժութեան համար` յատկապէս կարեւոր նկատելով ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, փտածութեան դէմ պայքարի մէջ համագործակցութիւնը: Արարատ Միրզոյեան ու Քերըն Տոնֆրիտ քննարկեցին նաեւ տարբեր հարթակներու, որոնց կարգին Հայաստան-Ամերիկա ռազմավարական երկխօսութեան շրջագիծին մէջ ձեռնարկուելիք քայլերը:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ շրջանային անվտանգութեան հարցերուն: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ:
Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին պատճառով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն` նախարար Միրզոյեան առաջնահերթ նկատեց Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու հայրենադարձութեան հարցը: