ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Սթոքհոլմ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ունեցաւ զանազան հանդիպումներ, որոնց կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու:
Էնթընի Պլինքըն ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան վերականգնումը:
«Մենք կը յորդորենք կողմերը՝ յառաջընթաց արձանագրել մարդասիրական, նաեւ գերիներու, ականազերծման, անհետ կորսուածներու հարցերուն մէջ, հետաքննելով մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ենթադրեալ խախտումները՝ պատասխանատուութեան ենթարկելով մեղաւորները: Յոյս ունիմ, որ մենք բոլորս, որոնց կարգին նաեւ Ռուսիան, կրնանք աշխատիլ միասին, որպէսզի յառաջընթացը շարունակական ըլլայ», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով սահմանազատման եւ սահմանագծման վերաբերող հարցերուն՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ լուծելու այսպիսի կարեւոր հարցեր, որոնց մէջ են սահմաններու սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, տնտեսական ու հաղորդակցութեան կապերու վերականգնումը, եւ շարունակել աշխատանքը Մինսքի խումբի համանախագահներուն հովանիին տակ՝ յանուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու խաղաղ լուծման»:
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ, Արարատ Միրզոյեան ամերիկացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներթափանցման եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ վերջերս կատարուած յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:
Հանդիպման հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան: Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք յառաջացած մարդասիրական հրատապ լուծում պահանջող հարցերուն կարգին կարեւոր նկատուեցաւ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը:
Անոնք շեշտեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման ուղղուած խաղաղ գործընթացի ամբոխջական վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ համանախագահ երկրի դերը:
ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու աշխատանքային հանդիպումին Արարատ Միրզոյեան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի ծիրին մէջ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու համագործակցութեան ամրապնդումը՝ հիմնուած ԵԱՀԿի համապարփակ, անբաժանելի եւ համագործակցային անվտանգութեան հայեցակարգի վրայ եւ ՀԱՊԿի դաշնակցային պարտաւորութիւններուն համահունչ:
Նախարար Միրզոյեան իր պաշտօնակիցներուն ներկայացուց տարածաշրջանային ապահովութեան վերջին զարգացումները: Այդ առումով, ան շեշտեց դաշնակիցներուն՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի թուլացման միտուած ջանքերու անհրաժեշտութիւնը: