Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիանի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Ընտրութիւններուն Սիւննի Համայնքին Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Պիտի Չենթարկուի» Հաստատեց Վարչապետ Միքաթի

January 29, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Lebanon top politicians agree solution to political tensions, cleric says

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարուած նիստի մը ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի դարձեալ այսօր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Նախքան նիստին գումարումը, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Կրիօ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

Կառավարութեան նիստէն ետք, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան շարք մը հարցեր:

Դռնփակ հանդիպումէն ետք Միքաթիին եւ միւֆթի Տըրիանին միացաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի ողջունեց հանրապետութեան միւֆթիին իմաստուն ու ազգային կեցուածքները, որոնց մասին ան կ՛արտայայտուի, յատկապէս այս զգայուն փուլին ընթացքին:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները նախ եւ առաջ ազգային միասնականութեան կարիք ունին` աւելցնելով, որ հանրապետութեան միւֆթին մեծ կարողութիւններ ունի բոլոր կողմերը համախմբելու իմաստով:

Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան բարձր գնահատեց Միքաթիի դերակատարութիւնը եւ անոր ունեցած պատասխանատու դերակատարութիւնը:

«Տար Ֆաթուան բոլոր լիբանանցիներուն կը գուրգուրայ եւ չափաւորականութեան ու Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն բաց ըլլալու խորհրդանիշը կը նկատուի», ըսաւ միւֆթի Տըրիան:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն սիւննի համայնքին մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի չենթարկուի:

«Հետեւաբար, ո՛վ որ կը փափաքի թեկնածութիւն առաջադրել, պէտք է դիմէ այդ քայլին, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` 15 մայիս 2022-ին», շեշտեց վարչապետ Միքաթի:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի եւ միւֆթի Տըրիան ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Օմարի մզկիթ, ուր կատարեցին ուրբաթ օրուան նամազը:

Անոնց միացան նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ եւ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ:

Previous Post

Պահաէտտին Հարիրի. «Պիտի Շարունակեմ Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի Ուղին »

Next Post

«Ռուսիա Պատերազմ Չ՛ուզեր, Սակայն Պիտի Չարտօնէ Իր Շահերը Անտեսել» Կ՛ըսէ Լաւրով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.