Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի մահուան Ա. տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին:
Այս առիթով ան հաստատեց, որ շէյխ Քապալան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը կը նկատուի` աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդը ազգային միասնականութեան դրօշը բարձր պահեց եւ իսլամական միասնականութիւնը հիմնական արժանիքի վերածեց:
Անդրադառնալով լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ ներկայ իրավիճակին` միւֆթի Տըրիան զգուշացուց նախագահական թափուր աթոռի աղէտէն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան` աւելցնելով, որ երկու գործընթացներուն բացակայութիւնը կրնայ կացութիւնը հասցնել անխուսափելի եւ անհակակշռելի հետեւանքներու:
Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ քաղաքական դատարկութիւնը արտօնելի չէ: