Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միքաթի Մեկնարկը Կատարեց Հատուցման Քարտ Ստանալու Ել-Հարթակին

December 2, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Miqati: No Solution Can be Imposed through Obstruction, Coercion

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ  հատուցման քարտ ստանալու ել-հարթակին մեկնարկը յայտարարեց պաշտօնապէս, այլ խօսքով` արձանագրութեան պայմանները եւ կարելիութիւններ:

Ան նկատել տուաւ, որ այս ել-հարթակին նպատակը պիտի ըլլայ նաեւ ընկերային ապահովութեան ցանց մը ստեղծելու շտապ ծրագիրին ֆինանսաւորում ապահովել:

Այս առիթով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք դարձեալ կը տատամսի ժողովի հրաւիրել  կառավարութիւնը ` մաղթելով, որ բոլորը համոզուին, թէ նախարարաց խորհուրդը պէտք է հեռու պահել ամէն բանէ, որ իր գործերուն հետ չ՛առնչուիր, ինչպէս` դատական իշխանութիւնները, որոնք ըստ սահմանադրութեան անկախ կերպով կը գործեն:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք տակաւին կը փորձէ իմաստութեամբ լուծել այս հարցը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի ամէն տեսակ քայլի, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ տեսակէտներու մերձեցում կատարել:

Միքաթի ընդգծեց, որ ելեւմտական, տնտեսական, ծառայութիւններու եւ ընկերային առումով, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու իմաստով, կառավարութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ ծաւալած է:

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Նախարարական
Յանձնախումբը Տուաւ Նոր Որոշումներ

Երեկոյեան վարչապետ Միքաթի նախագահեց ելեւմտական եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի յատուկ նախարարական յանձնախումբերու նիստերուն:

Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ նիստէն ետք յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբը դպրոցներուն Նոր տարուան արձակուրդ ճշդած է 16 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյէն մինչեւ 10 յունուար 2022-ի առաւօտ:

Ապիատ յայտնեց նաեւ, որ 17 դեկտեմբեր 2021-9 յունուար 2022` երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 չպատուաստուած քաղաքացիներուն երթեւեկը պիտի արգիլուի:

Ան նշեց, որ այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին բոլոր անոնք, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ նուազագոյնը առաջին պատուաստը ստացած են:

Ապիատ անհրաժեշտ նկատեց, որ 10 դեկտեմբեր 2021-էն սկսեալ զբօսաշրջական հաստատութիւնները, հիմնականին մէջ ճաշարաններն ու պանդոկները հիւրընկալեն պատուաստուած քաղաքացիները կամ պարտադրեն, որ այցելուները ունենան «Փի. Սի. Ար.» քննութեան ժխտական արդիւնք մը, որ 48 ժամ առաջ կատարուած է:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է յարգել ընկերային հեռաւորութեան կանոնները` կարեւոր նկատելով նաեւ, որ քարոզչական նոր արշաւ մը սկսի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու առումով:

Ապիատ հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պատուաստումի կեդրոններուն թիւը աւելցնելու, որպէսզի առիթ տայ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու պատուաստումին եւ այդպիսով բարձրացնէ հաւաքական դիմադրողականութեան համեմատութիւնը:

 

Previous Post

Նախագահ Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Տագնապը Լուծելու Կարելիութիւնները

Next Post

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Գնահատէ Արցախի Տագնապի Լուծման Մէջ ԵԱՀԿի Դերը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.