Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւարտելու եւ նոր կազմ մը յայտարարելու նպատակով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ սկզբունքով երէկ կէսօրէ ետք պիտի այցելէր Պաապտա, իր այցելութենէն գրեթէ ժամ մը առաջ յայտարարեց, որ նախագահական պալատ իր այցելութիւնը յետաձգուած է այսօրուան կամ ուրբաթ օրուան:
Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի կազմուի, եւ որ վարչապետը պիտի չհրաժարի:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ տակաւին կան կարգ մը նախարարութիւններ, որոնց նախարարները չեն ճշդուած, սակայն աշխատանքը կ՛ընթանայ զանոնք ատակ եւ կարող թեկնածուներով օժտելու:
Այս շրջագիծին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի միջամտութիւնը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Պասիլ ոչ մէկ ցանկութիւն ունի կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն մասնակից դառնալու, այլ ան կը փափաքի, որ կառավարութիւնը դիւրաւ կազմուի, որպէսզի լիբանանցիները կարելի եղածին չափ արագ ունենան կառավարութիւն մը, որ իր ծրագիրներով պիտի կարենայ կասեցնել երկրին փլուզումը եւ սկսիլ բարեկարգումներու գործադրութեան:
Միւս կողմէ, Միքաթի լոյս տեսած յօդուածի մը պատասխանելով` հաստատեց, որ ինք օրական դրութեամբ կապի մէջ է ժողովուրդի ամէնէն ցաւոտ շերտերուն հետ` իր սիրելի Թրիփոլիի մէջ:
«Այդ պատճառով ալ որոշեցի անձնասպանական այս արկածախնդրութեան մէջ ներգրաւուիլ` այն յոյսով, որ կարենամ կազմել կառավարութիւն մը, որ լուծումներ կը գտնէ ամէնէն լուրջ տագնապներուն եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կարելի կ՛ըլլայ նուազագոյն լուծումները ապահովել` բարելաւելու համար քաղաքացիներուն կենցաղը եւ յոյս ներշնչել ժողովուրդին», նշեց ան:
Միքաթի յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան այլընտրանքը պիտի ըլլայ յաւելեալ քայքայում եւ փլուզում, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ծանօթացում` իբրեւ ձախող պետութիւն:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի իշխող քաղաքական դասը ժողովրդավարութեան արդիւնք է, զոր անկարելի է անտեսել. «այս պատճառով ալ նոր կառավարութեան հիմնական նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք լիբանանցիներուն ընտրանքները ճշդելու իսկական անկիւնադարձը պիտի ըլլան` սկսելով Լիբանանի վկայած 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումէն: