Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միքաթի. «Նախագահ Աունին Յայտնեցի, Թէ Մօտիկ Ապագային Կառավարութիւնը Նիստի Պիտի Հրաւիրեմ»

November 20, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Aoun Meets Miqati, Says Govt. to Address Cost-of-Living Issues

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:

Նախագահն ու վարչապետը քննարկեցին նաեւ նախարարական յանձնախումբերուն գումարած նիստերուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքը, որ պիտի ներկայացուի կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը:

Նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ընդգծեցին, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ իր եւ արաբական երկիրներուն, յատկապէս` Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ դարձնելու:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի նախագահական պալատէն մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

Ան ուղղուեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն հարց իր լուծումը ունի` աւելցնելով, որ նախագահ Աունին յայտնած է, թէ մօտիկ ապագային կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ:

Միքաթի յայտնեց, որ ամէնէն կարիքաւոր ընտանիքներուն ցանկագրումը պիտի սկսի 1 դեկտեմբերէն` աւելցնելով, որ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց յայտարարած դասադուլին վերջ պիտի տան եւ պիտի սկսին համալսարանական կրթութեան տարեշրջանը:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են, որ նախարարաց խորհուրդը վերադառնայ իր ժողովներուն` այդ նիստերուն կասեցման տուն տուող պատճառներուն լուծում գտնելէ ետք:

Previous Post

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին. Գործը Ինքնին Խոստում Է

Next Post

Նախագահ Աուն. «Պիտի Չվհատինք Եւ Աւելի Հզօր Դուրս Պիտի Գանք». Պայտըն Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.