ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական «Ա. Էս. Ռոմա»ի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ազգային հաւաքականի տարազներ նուիրեց վիրաւոր հայ զինուորներուն, կը հաղորդէ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը:
Զինուորներուն ուղղած իր նամակին մէջ Մխիթարեան կը գրէ հետեւեալը. «Կը խոնարհիմ ձեր խիզախ կեցուածքին դիմաց: Շնորհակալ եմ, որ անսասան կանգնած էք եւ քաջաբար կը պաշտպանէք Հայաստանի սահմանները՝ ատրպէյճական ոտնձգութիւններուն դէմ»:
Մխիթարեան խոստացաւ, որ երբ Հայաստան գտնուի, ամէն գնով պիտի այցելէ անոնց եւ պիտի ստորագրէ տարազները: