Պայքար, 8 Օգոստոս 2021
Մահուան 125ամեակ
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
Վան՝ հերոսներու քաղաք։
Մտաւորականներու՝ մայրաքաղաք։
Գաղափարախօսներու՝ քաղաքամայր։
Կրթական մշակներու՝ ոստան։
Մամուլի առաքեալներու՝ փարոս։
Յեղափոխականներու՝ դարբնոց։
Այդպէս էր պատմական Վանը, իր հայկականութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, էութեամբ ու գոյութեամբ, բոլորանուիրութեամբ ու լիարժէքութեամբ, միշտ ծառան ու նուիրեալը իր հողի ու հայրենիքի կանչին, արթուն պահակը՝ իր հայրենակիցներուն ու ժողովուրդին, աննկուն հերոսածինը՝ իր ազատութեան եւ ինքնութեան։
Պատահական չէ, որ հայրենի Վանը, Արմենականութեան բազկերակի լսափողը դարձաւ, բոլորին յիշեցնելով, որ ինք կը մնայ իր հայրենիքի հարազատ մէկ բեկորը, որուն պահպանման համար, պատրաստ է զոհելու ու զոհուելու։
Պատմութիւնը վկայ, ան ճիշդ էր իր ընտրութեան մէջ, անշեղ կրողն էր անոր յաւերժութեան, չընդունելով որեւէ գերեվարութիւն, մերժելով անձնատուութիւն, ուրկէ՛ ալ գային անոնք կամ պարտադրուէին իրեն։
Սուլթանական բռնատիրութիւնը երբեք հաշտ աչքով չէր նայեր, ինչպէս հայկական այլ գաւառներու ու նահանգներու գոյավիճակին, բայց, մանաւանդ Վանին, կարծես կանխազգալով, որ այս քաղաքը կրնայ օր մը իրեն «գլխացաւ» պատճառել, անոր համար ալ, Պոլսոյ կառավարութիւնը, միշտ բիրտ, վայրագ ու հայատեաց կառավարիչներ կը նշանակէր Վանի վրայ։
Այս ժամանակաշրջանին է, որ ամենէն աւելի անհրաժեշտ նկատուեցաւ, հետզհետէ կազմակերպուիլ ու միաբանուիլ, դուրս գալու համար օսմանեան գրգռութիւններէն ու խժդժութիւններէն, սակայն, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ գնով։
Սան-Սթեֆանոյի վեհաժողովը (1878), որուն մաս կազմեց նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Մկրտիչ Խրիմեանի, դարձաւ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ, մերթ 16րդ յօդուածի որդեգրումով (որ Հայկական Հարցին ի նպաստ էր), մերթ 61րդ յօդուածի վիժուածքով (որ, փաստօրէն, Հայկական Հարցը թաղողն էր, ձեռամբ Անգլիոյ հրեայ վարչապետին ոտնձգութիւններուն, անգամ մը եւս հաստատելով, որ «պոռնիկ» Եւրոպան, հայութեան նկատմամբ տխրահռչակ մըն է)։
Այստեղէն ծնունդ կ’առնէ «թուղթէ եւ երկաթէ շերեփներու» Խրիմեանական ընտրանք-կոչը, որ գետին պատրաստելու պարտաւորութիւն մը դարձաւ հայ ժողովուրդին համար, դաստիարակելու ու մշակելու, ուղղելու ու մղելու հայ երիտասարդութիւնը, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ դպրոցով զինուելու, լիանալու եւ առաջնորդուելու։
Արդարեւ, ճիշդ կողմնորոշում ու տեղին զգաստացում, ի տես այն բարբարոսութիւններուն ու բռնութիւններուն, որոնք քիչ մը ամէն շրջանի մէջ կը պատահէին, հետեւաբար, անհրաժեշտ էր արագ ու կտրուկ գործել, որուն ձախաձեռնակ եղան, առաջին հերթին, վանեցիները, նկատի ունենալով, որ հոն կային խայծն ու կայծը, որոնցմով կարելի էր աւելի խորանալ ու հասուննալ, ազատագրական պայքարի կողքին, գաղափարախօսական կառոյց ստեղծելու։
Գաղափարական (իմա՝ կուսակցական) դպրոց հիմնելու ՆԱՀԱՊԵՏԸ կը հանդիսանայ Մկրտիչ Փորթուգալեան, որ իր գրասիրութեամբ եւ ուսուցչութեամբ արդէն սկսած էր ծանօթ անուն դառնալ, սերտ գործակցութեամբը Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի, Գրիգոր Օտեանի ու բազմաթիւ այլ երեւելիներու հետ, թափ տալով ազգային-քաղաքական կեանքի ձեւաւորման ու կազմաւորման։
1 Օգոստոս 1885ին, Մարսէյլի (Ֆրանսա) մէջ, Փորթուգալեանի հիմնած «Արմենիա» թերթը, կը դառնայ այն ուղեցոյցը, որ հայ երիտասարդութեան համար կը դառնայ հայ մտքի ու գաղափարակազմութան ամրակուռ վէմ, անխուսափելիօրէն հող պատրաստելով գաղափարական առաջին կազմակերպութիւն մը հիմնելու վճռակամութեան։
Փորթուգալեանական ոգիով ու հորիզոնով լիցքաւորուած ամբողջ սերունդ մը, 1885 Օգոստոսին, հիմը կը դրուի առաջին ազատագրական կազմակերպութեան, որ կոչուեցաւ՝ ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ։
***
Մկրտիչ Աւետիսեանը (Թերլէմէզեան), Վանեցի գերդաստանի շառաւիղներէն, հիմնադիրներէն կը հանդիսանայ Արմենական կուսակցութեան եւ բնական էր այս ընտրութիւնը, ապրած ու ներշնչուած ըլլալով Խրիմեան Հայրիկի ու Մկրտիչ Փորթուգալեանի շունչով ու տեսիլքով։
Աւետիսեանը, իր վաղ տարիքէն սկսեալ, ոչ միայն ականջալուր եղած էր իր ժողովուրդին ու հայրենիքին դէմ կատարուած ասպատակութիւններուն, այլեւ՝ զգացած՝ այդ բոլորին դաժանութիւնն ու ճնշուածութիւնը, ինչ որ խորապէս ազդած էր իր վրայ, հետեւաբար, վճռած՝ ձերբազատուիլ այդ կապանքներէն, ձեռնարկելով յեղափոխական, ազատագրական ու գաղափարական նպատակասլաց ազդեցիկ ու բուռն քարոզչութեան։
Բնաւորութեամբ, որքան ալ հաւասարակշռեալ ու չափաւորական նկատուէր Աւետիսեան, սակայն, ազգային հրատապութիւններու պարագային, խիստ սկզբունքային եւ անզիջող էր, մանաւանդ երբ կը տեսնէր, որ իր դիմաց կայ արիւնռուշտ վարքագիծով համակուած կայսրութիւն մը, որուն դէմ պէտք էր պայքարիլ ամէն գնով եւ ամէն միջոցով։
Կ’արժէ ազգային-յեղափոխական-գաղափարական այս մեծ հայուն մասին խօսիլ, ուրուագծելով այն գործունէութիւնները, որոնք ծառայեցին հայ ժողովուրդին հրամայականներուն, որոնց իրագործման համար, Աւետիսեան, ամբողջ իր կեանքը նուիրագործեց, նշելով այն գլխաւոր ասպարէզները, ուր ան նշանաւորուեցաւ եւ արժեւորուեցաւ, որպէս՝ ուսուցիչ, գործիչ, գաղափարախօս, յեղափոխական, մտաւորական։
Ընդամէնը 37 տարեկան երիտասարդ Մկրտիչը, պայքարի եւ ազատագրութեան, գրիչի եւ յեղափոխութեան, գործիչի ու մտաւորականութեան, գաղափարախօսի ու հայրենասիրութեան ամբողջական տուեալներով, համոզմունքներով ու թռիչքներով, դարձաւ ռազմաշունչ ու գաղափարահունչ, հայրենապաշտ ու հողապաշտ բոլորանուէր Արմենականի բացառիկ եւ անզուգական տիպար մը։
Այս բոլոր բարեմասնութիւններով ու առաքինութիւններով համակուած վանեցի-երեւոյթը, իր հոգեկան ու ֆիզիքական, ազգային ու մարդկային ուժականութիւնը դրաւ, ներմուծեց իր գաղափարական դպրոցին մէջ, անոր միջոցով եւ երիտասարդութեան ներգրաւումով, հասնելու համար իր երազային ծրագիրներուն, քաջ հաւատալով, որ միայն ատոնք են հայ ժոովուրդին փրկութեան լաստերը։
Ա. ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
Թերլեմէզեան համանուն գերդաստանի ծնունդ Մկրտիչը, ի սկզբանէ հայ դպրոցը եւ ուսուցումը նկատած էր գլխաւոր ազդակներէն, ուր նոր սերունդը պէտք է թրծուի, մանաւանդ որ՝ ինք աշակերտած էր իր լուսապայծառ ուսուցիչին՝ Մկրտիչ Փորթուգալեանին, որուն հմայքով լիացած շարունակած էր անոր գործը, բազմաթիւ վայրերէ ու հանգրուաններէ ներս բանալով բեղմնաւոր արահետ մը, իր կրթական, ուսումնական, գաղափարական ու տեսլապաշտական ուղիներով։
Ան համոզուած էր, որ ընտանիքէն ու միջավայրէն անդին, ամենէն ապահով կռուանը, հայ նոր սերունդը դաստիարակելու ու խնամելու, լիցքաւորելու եւ արմատաւորելու, հայ դպրոցն էր, իսկ զայն ուղղորդելու եւ առաջնորդելու սիւնը՝ հայ ուսուցիչն էր, իսկ ինք՝ իր կոչումով եւ յանձնառութեամբ, լիովին ինքզինք նուիրեց այս ասպարէզին, անոր զօրավիգ ու կողմնակից դառնալու ձեռնհասութեամբ։
Բ. ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ
Աւետիսեան գերազանցապէս մտաւորական յղացքներով օժտուած էր, մամուլը իրեն համար նուիրական մտահորիզոնի դաշտ մըն էր, առանց որուն կարելի չէր, գէթ հայ ժողովուրդի պարագային, Հայկական Հարցը եւ ընդհանրապէս ազատագրական եւ ազատական գործողութիւնները լուսարձակի տակ բերել։
Ահա թէ ինչո՛ւ, իրեն համար, իր հոգեկան կնքահօր՝ Մկրտիչ Փորթուգալեանի «Արմենիա» թերթը դարձաւ իր խօսնակը, ուր իր ազգային-քաղաքական, գաղափարական-հայրենասիրական յօդուածները կը ստորագրէր եւ անոնք կը տարածուէին ոչ միան Վանի մէջ (հակառակ արգիլուած ըլլալուն), այլեւ եւրոպական եւ այլ ցամաքամասերու հայագաղութներու մէջ։
Ասիկա արդէն պերճախօսօրէն ցոյց կու տար, որ Աւետիսեան, իր ազգային-ազատագրական հաւատամքներուն կողքին, ինքնայատուկ մտաւորական մըն էր, ապրելով իր ժողովուրդին ցաւերով եւ յոյզերով, դէպի ինքնավար ապագայ, փայլուն հեռանկար, որուն թարգմանը կը հանդիսանար, իր համաժողովրդային քարոզչութիւններուն զուգահեռ, նաեւ՝ իր հրապարակագրութեամբ։
Գ. ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍԸ
Բնական էր, որ այս փայլատակումով ու ճառագայթումով տոգորուած ազգային մտքի ազատառազմիկը, դէպի նոր մտածողութիւն եւ ըմբռնողութիւն սուլացող իր մտասեւեռումով, չէր կրնար այլ ընտրանք ունենալ, բացի ըլլալու ստեղծողներէն ու հիմնողներէն նորագոյն եւ առաջին գաղափարախօսական փարոսներէն՝ Արմենականին, որ կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին Արմենականութեան ինքնութեան, պատկանելիութեան ու գոյութենականութեան գրաւականները, որոնց ակունքներուն հաւատարիմ մնալու կոչուած էր ան։
Աւետիսեան, քաջակորով, քաջագիտակ ու քաջապինդ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ հիմունքներով, կառչած մնաց գաղափարական այս օճախին, գործի լծելով ամբողջ հայ ժողովուրդը, խորապէս գիտակցելով որ անիկա պիտի ըլլայ թանկագին ժառանգութիւն մը անոր, շարունակելու երթը։
Դ. ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿԸ
Իր բազմաշերտ գործունէութիւնները երբեք արգելք չհանդիսացան, որ Աւետիսեան, իր տեսադաշտէն զանց առնէ կամ մոռացութեան ենթարկէ ազատագրութեան գործօնը, որ հայութեան համար «կենաց ու մահու» պարտաւորութիւն մըն էր։
Սակայն, մեկնելով Արմենական կուսակցութեան ծրագրային-կանոնագրային դրոյթներէն, հիմնադիրները նախանձախնդիր էին, խիստ զգուշաւորութեամբ ու խորհրդապահութեամբ մօտենալ այս հարցին, «չգրգռելու» համար օսմանեան կառավարութիւնը։
Այդուհանդերձ, ատիկա երբեք չէր նշանակեր, որ կուսակցութիւնը, մանաւանդ՝ Մկրտիչ Աւետիսեանին համար, որ գաղափարական սկզբունքներին որեւէ ընկրկում կամ նահանջ արձանագրուի։
Վանի վերջին ինքնապաշտպանութեան առճակատումէն ետք, երբ թուրքերը պարտութիւն կը կրեն եւ կ’առաջարկուի «հաշտութեամբ» մը աւարտել այս հակամարտութիւնը (նոյն տխրահռչակ Անգլիոյ հիւպատոսին կողմէ), Աւետիսեան եւ իր զինակիցները, դէպի Պարսկաստան իրենց անցումի ճանապարհի ընթացքին, կ’ենթարկուին դաւադրական յարձակումի մը ու բոլորը կը զոհուին։
Ե. ԳՈՐԾԻՉԸ
Աւետիսեան ժրաջան ու գործունեայ, արթնամիտ ու պատրաստամէտ ազգային-քաղաքական դէմք մըն էր, որոշապէս ըլլալով յանձնառու՝ հետեւելու, կազմակերպելու եւ առաջնորդելու իր ժողովուրդին շահերն ու իրաւունքները, ամենայն լրջութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, անձնազոհութեամբ ու նուիրուածութեամբ։
Այս սկզբունքներէն մեկնելով, Աւետիսեան ամենուր իր ներկայութիւնը տարածեց ու հաստատեց, յատկապէս երիտասարդութիւնը զօրաշարժի ենթարկելով, որպէսզի ամէն ոք իր գերագոյն ազգային պարտաւորութեանց կիզակէտին վրայ գտնուի, անայլայլ եւ անսայթաք, նոյնինքն Արմենիզմիի ոգիով եւ անոր ոգեշնչող սրսկումներով։
***
Աւետիս Մկրտիչեան եղաւ հայ ժողովուրդի յեղափոխական, ազատագրական, մարտնչողական, կազմակերպչական, քարոզչական ու գաղափարական «դպրոց»ներու ե՛ւ հիմնադիրներէն, ե՛ւ առաքեալներէն, ե՛ւ առաջնորդներէն ե՛ւ ռահվիրաներէն։
Հայկական կուսակցութիւններու նախակարապետներէն՝ այս մեծանուն հայորդիին՝ Մկրտիչ Աւետիսեանի մահուան ամեակը, արդեօք տեղ մը կը յուշէ՞, կը մղէ՞, որ անոր ժառանգորդ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր պայծառատես ու հպարտալոյս անցեալով, այսօր եւս շարունակէ մնալ նոյն վերանորոգ փարոսը, Արմենականութեամբ զինուած եւ՝ իր ակունքներուն հարազատութեամբ բնորոշուած։
Արագ ակնարկով, հպանցիկ դիտարկումներով եւ արժեւորումներով, Աւետիս Մկրտիչեանի դերն ու տեղը վկայակոչելով, այս յիշարժան եւ արժանամեծար մեծ գաղափարապաշտին յիշատակը ոգեկոչելու համեստ տուրք մը տուինք, այն ակնկալութեամբ, որ անոր գաղափարական ժառանգը կը մնայ լուսաւոր եւ ուղեցուցային։
(Պէյրութ)