ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ փորձեր այս տողերովս վերնագրիս մէջ յիշած բառերուս իմաստները պարզել: Բացատրել: Բոլորդ ալ շատ հաւանաբար կը հասկնաք, իսկ եթէ ո՛չ, ընթերցողը ի՛նք թող ստանձնէ այդ «պարտականութիւնը»: Բայց եւ այնպէս, անկեղծօրէն ըսեմ, որ կը սիրեմ մտածել «ասոնց» մասին: Նախ` որովհետեւ ամրօրէն կապուած են մեր հայրենիքին եւ համայն հայութեան: Ապա` իբրեւ երկրորդ արդարացում, որովհետեւ ներկայ մեր կեանքի զանազան ճեղքուածքներուն մէջէն, ամէնօրեայ տաղտկալի տառապանքի նման, յստակօրէն տեսանելի են, եւ որ բոլորին տուներէն ներս ազատօրէն ման կու գան:
Յիշեցնեմ, որ անցեալ տարի, եւ տակաւին, հայու միակ հայրենիքը ներքին եւ արտաքին քաղաքական զանազան ցնցումներու ենթարկուեցաւ: Պատերազմ, պարտութիւն, մարդկային եւ տարածքային ահաւոր կորուստ, յուսախաբութիւն, եւ որուն իբրեւ բնական հետեւանք` աշխարհի տարածքին համայն հայութիւնը ծանր օրեր ու ամիսներ ապրեցաւ: Այսպէս, բազմալեզու լոզունգներու մեծ ու փոքր աւազաններուն մէջ կանչերու անժամանակ աղմուկը բարձրացաւ, ու հայը անոր մէջ ամիսներով լողաց եւ քիչ մնաց, որ պիտի խեղդուէր: Եւ իբրեւ բնական հետեւանք` ինքնաբերաբար հայու բոլոր չափանիշները խախտեցան, ու հայ կեանքն ալ կորսնցուց իր «համն ու հոտը»:
Ահա՛ մեր ամօթը: Կ՛ըսեմ:
Առանց բացառութեան, բոլորս ալ ապրեցանք տեսակ մը վիճակներու անօրինակ խառնուրդ մը, յաճախ անվայել եւ նոյնքան ալ` վտանգաւոր: Աջէն-ձախէն վատ «բաներ» եղան ու պատահեցան, եւ մարդիկ կարծես մոռցան հայու ոգիի արժէքը, նոյնիսկ ա՛յն հողը, որուն վրայ կ՛ապրէին: Մոռցան նոյնիսկ որոնել երկրի խորհուրդն ու անոր հողին կանչը: Ու մինչեւ հիմա հայրենի մեր երկնակամարին վրայ վախի բազմազան «մրրիկները» տակաւին չեն հանդարտած: Տեսանելի են: Մրրիկներ, որոնք ո՛չ միայն զարտուղի հետքեր ձգած են, այլեւ` մեր մտածումներն ալ սահմանած: Ու անկեղծօրէն նման հոգեվիճակ-գոյավիճակին մենք բոլորս ալ պատրաստ չէինք:
Ահա թէ ինչո՛ւ կը վախնամ այս մասին խօսելէ: Կը հասկնամ, բայց չեմ կրնար չհարցնել: Ցաւալի է: Ուստի, անպայման կ՛ուզեմ արտայայտուիլ: Սրտբաց եւ անկեղծօրէն: Որովհետեւ, կը կարծեմ, որ վերջ ի վերջոյ այս ընթացքով հայը օր մը իր դարերու երազն ու ցարդ ձեռք ձգածը կրնայ կորսնցնել:
Եւ համեստօրէն նաեւ աւելցնեմ, որ այս անօրինակ տագնապի ծնունդի առաջին իսկ վայրկեանին մտահոգ գրիչներ այս մասին երկարօրէն անդրադարձան: Զգաստութեան հրաւիրեցին: Մատնանշումներ կատարեցին: Այս անօրինակ իրավիճակէն դուրս գալու էական ու կենսական «ճամբաներ» ցոյց տուին: Ընդհանուր լուծումներ առաջարկեցին: «Պէտք է»-ներու էական եւ գործնական շարքեր առաջարկեցին, որպէսզի հայրենիքը, յանուն իր ապագայ որակաւոր սերունդներ կերտելու գործընթացին, չկորսնցնէ իր դիրքը, իր նկարագիրը, իր ինքնութիւնը, նաեւ շեշտեցին «միութեան» կենսականութիւնը: Ըսեմ: Բոլորս ալ պատմութեան առջեւ պատասխանատու ենք: Անխտի՛ր: Փախուստ չկայ: Ուրեմն, յանուն հայրենիքի վերաշինութեան, բոլորս ալ հրաւիրուած ենք աշխատելու եռանդով եւ մեր կարելիութիւններու սահմաններով, որակին եւ արդիւնքին հանդէպ մեր հետաքրքրութեամբ եւ յարատեւ ոգիով:
Եւ այս կացութենէն դուրս գալու համար, մանաւանդ` իբրեւ «չարեաց փոքրագոյն», նոր յոյսերով դիմաւորեցինք նոր Ազգային ժողովի մը ընտրութեան գաղափարը: Եւ ընտրութիւնը կատարուեցաւ: Արդիւնք: Շատեր յաղթեցին, ուրիշներ պարտուեցան: Բնական է: Սակայն բոլորիս մաղթանքն ու աղօթքը մնաց, որ ընտրուած այս բոլոր «նորերը» տէրը ըլլան իրենց խոստումներուն: Ըլլան հոգեպէս հզօր: Անկաշկանդ: Ինքնակալ եւ միեւնոյն ատեն ներդաշնակօրէն կապուած` հայու ոգիի ստեղծագործական թափին հետ: Մնան իրենց ներկայութիւնը իրենց գործերով արդարացնող պատգամաւոր: Աւելի՛ն. իրենց ներկայութիւնը ըլլայ վկայութիւնը իրենց տարած աշխատանքին` նուիրումի եւ օրինակելի որակով: Երկիրն ու ժողովուրդը դառնայ իրենց գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկան: Հեռու` վերացական եւ շինծու գաղափարներէն, անիրաւ խոստումներէն: Ձրի եւ անհեռատես բառերէն: Ըլլան` առանց մեզ եւ ուրիշին խաբող, իբրեւ մեր ցեղին տեւական արժէքները բարձր պահող հայեր: Հեռու` «մեզմէ չէ, մերը չէ» գաղափարէն: Զանազանել գիտնան «թշնամի», «հակառակորդ» եւ «ընդդիմադիր» բառերուն իմաստները: Այլապէս նման մօտեցում ատելութիւն կ՛ենթադրէ: Ու ո՛չ միայն ատելութեան մէջ տրամաբանութիւնը ըսուածը գոյութիւն չունի, այլ նման կեցուածք մեզի անվայել է: ԱԺ-ի աթոռները գրաւողները պէտք է գիտնան արժէքը այդ աթոռին եւ զայն բարձրացնել ջանան` փառքի տիրանալու ախորժակներէն հեռու:
Այս բոլորը, սակայն, փափուկ կարպետի կամ կակուղ բարձի խօսքեր չէին եւ չեն:
Վերջ ի վերջոյ հայը պէտք է ունենայ իր առնական կամքը` մեր արժէքներու շտեմարանները ամբարող: Հայը ապրող ժողովուրդ է, կենսուրախ, դիմացող եւ լաւատես: Չմոռնանք: Ամբողջ աշխարհը գիտէ: Տեղեակ է: Ուրեմն նոր շունչ տանք հայ կեանքին, նոր մտածելակերպ եւ մանաւանդ` մտային նեղ շրջագիծէ դուրս բերող խիստ անհրաժեշտ գաղափարներով «զինուած»: Պարզ խօսքով, իր պաշտօնի եւ աթոռի գիտակցութիւնը ունեցող եւ պահող ու հայկական ինքնագիտակցութեան տէր պատգամաւորն էր մեր երազածը, փնտռածն ու ուզածը:
Արդ, «նորեկներ», մի՛ գողնաք հայրենիքի սէրը նոր սերունդի սրտերէն: Ձեր արտասանած բառերն ու քրտինքը նուիրեցէ՛ք հայ հողի զարգացման եւ պաշտպանութեան, հայ կեանքի բարելաւման, հայ բանակին հզօրացման, հայ բերքի առատութեան եւ անոր արեւին, եւ ո՛չ թէ` ձեր փառքին եւ կամ անձին, որովհետեւ այս օրերուն եւ ընդհանրապէս միայն զէնքով կռուողներու կարիքը չունինք, այլ նաեւ` մտաւոր դասի: Նոր կեանք ներարկողներու հոյլի: Անձնապէս ինքնաբուխ հիացում մը ունիմ նոր սերունդին նկատմամբ: Լա՛ւ յիշեցէք: Անոր համար կ՛ուզեմ գտնել կապը, տեսիլքը եւ հաւատքը: Բոլորս ալ կապուած մնանք երկրին, հողին եւ ժողովուրդին ու անոր արեան կանչին: Ցոյց տանք աշխարհին, որ մենք հոս ենք եւ տէրն ենք մեր խոստումին: Այս մէկը անզուսպ, մաքուր եւ յստակ ցանկութիւն մըն է: Ազնիւ կոչ մը:
Նոր սերունդ ըսի, երիտասարդ, ե՛ւ գիտակից, ե՛ւ ուսեալ հայորդի ալ պէտք էր, որ աւելցնէի, որովհետեւ անոր շնորհիւ է, որ մեր գիտակցութեան լոյս պիտի տրուի եւ մեր յոյսի աստղը պիտի փայլի:
Ու այս բոլորը անկասկած կախեալ է մեզմէ, մեր կամքէն, մեր իմացականութենէն, մեր միաբանութենէն եւ մեր հաւատքէն, որպէսզի բոլորիս համար հայ ըլլալն ու մնալը բեռ մը չըլլայ, եւ հայ միտքն ալ պանդուխտ չմնայ:
Մղձաւանջ եւ ճգնաժամ ըսած էի, թէեւ ծանր բառեր են, բայց ա՛յս մթնոլորտի մէջ է, որ կ՛ապրինք ազգովին: Զգաստանալ է պէտք:
Մնացեալը դո՛ւք գիտէք: