ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ Հայաստանի համար կարեւոր սկզբունք է ջանքեր գործադրել խաղաղութեան համար նպաստող մթնոլորտ ստեղծելու համար: «Ինթերֆաքս»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան` մեկնաբանելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին սրացման զուգահեռ հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ ցեղային բախումները աշխարհի զանաան քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին՝ Մոսկուայի։
«Ցաւալի է տեսնել ատելութեան մթնոլորտի հրահրումը ոչ միայն մեր տարածաշրջանում, այլեւ նաեւ այն տարածաշրջանից դուրս տեղափոխելու փորձերը: Խաղաղ կարգաւորման գործընթացում Հայաստանի համար կարեւոր սկզբունք է՝ ջանքեր գործադրել խաղաղութեանը նպաստող մթնոլորտ ստեղծելու համար: Անհնար է վարել խաղաղ բանակցային գործընթաց ատելութեան, պատերազմի հռետորաբանութեան եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի մթնոլորտի առկայութեան պայմաններում», ըսաւ Մնացականեան՝ աւելցնելով, որ
անիմաստ է բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց ակնկալել, երբ Ատրպէյճան մէկ կողմէ ատելութիւն կը հրահրէ, իսկ միւս կողմէ բառերով կը ձգտի խաղաղութեան:
«Անհնար է հայատեացութեան, ռազմատենչ հռետորաբանութեան պայմաններում ենթադրել, որ մենք կարող ենք իրական առաջընթաց ունենալ բանակցութիւններում», ընդգծեց նախարարը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, որպէսզի հետագային նման բախումներ չըլլան՝ Մնացականեան ըսաւ, որ նախ պէտք է գոյութիւն ունենայ գիտակցութիւնը՝ խաղաղ գործընթացի անհրաժեշտութեան:
«Պէտք է լինի քաղաքական կամք եւ պէտք է լինեն կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) միջոցներ: Մենք բանակցութիւններ ենք վարում, այդ թւում` տարբեր յստակ քայլերի շուրջ, որոնք կ՛օգնեն նուազեցնել այս հռետորաբանութիւնը եւ ատելութեան սրումը: Այս բլոկը (հատուածը-Խմբ.) ունի կոնկրետ բովանդակութիւն, կան բազմաթիւ առաջարկներ մեր կողմից , ԵԱՀԿի Մինսկի խմբի համանախագահների կողմից: Այս բոլոր գաղափարները պէտք է իրականացուեն:
«Մենք լաւ օրինակ ունենք, երբ անցեալ տարի կարողացանք իրականացնել նախագիծ`լրագրողների փոխանակում Բաքուից, Երեւանից եւ Ստեփանակերտից: Արդիւնքները կարող են լինել համեստ, բայց շատ կարեւոր: Սա խաղաղութեան ողջ գործընթացի կարեւոր մասն է», շեշտեց Մնացականեան։