ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 16 Յունուարին, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հերթական հանդիպումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Նշենք, որ նախարարներուն վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան 5 Դեկտեմբերին, Միլանի մէջ: Նախարարները հանդիպեցան նաեւ 27 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի եւ 11 Յուլիսին, Պրիւքսէլի մէջ: