Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մնացականեան Մամետիարովի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Վերահաստատած Է Հայաստանի Սկզբունքային Մօտեցումները

September 25, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Մնացականեան Եւ Մամետիարով Համաձայնեցան Հանդիպիլ 2019ի Սկիզբը. ԵԱՀԿ

Նիւ Եորքի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ 23 սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հանդիպումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցերու շրջանակ եւ ներկայ իրավիճակի գնահատականը կատարած: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գործունէութիւնը:

Քննարկման ընթացքին հայկական կողմը կարեւոր նկատած է զինադուլի ամրապնդման եւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրումը` մասնաւորաբար համապատասխան մեքանիզմներու ներդրման եւ ամրապնդման միջոցով: Ընդգծուած է նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ` նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչումը:

Ազրպէյճանի տարածքին մէջ կալանքի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն առնչութեամբ` հայկական կողմը շեշտած է վերջիններուս հայրենադարձութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Խաղաղ հոլովոյթի յառաջ մղման տեսանկիւնէն նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատած է լուծման ծիրին մէջ կողմերուն ստանձնելիք յանձնառութիւններու համաչափութեան ապահովումը` վերահաստատելով հոլովոյթին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները:

Կողմերը նախանշած են այս ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, ներառեալ` համանախագահներու այցելութիւնը շրջան եւ մօտ օրերս արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հերթական հանդիպման կայացումը:

Previous Post

Prosecutor seeks 5-year jail sentence for Greek soldiers who crossed into Turkey

Next Post

Sisi’s final act: Six years on, and Egypt remains unbowed

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.