ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Մայիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի առցանց հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ։
Այս առիթով հրապարակուած արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահները միտքեր փոխանակեցին առցանց վերջին հանդիպումէն ետք շրջանային զարգացումներու շուրջ: Զօհրապ Մնացականեան կարեւոր նկատեց համաճարակի պայմաններուն մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ մնայուն յարաբերութեան պահպանումը:
Զրուցակիցները դիտարկեցին նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումով պայմանաւորուած սահմանափակումներու վերացումէն ետք, համանախագահներուն շրջանը այցելութիւնները իրականացնելու եւ նախարարական մակարդակի հանդիպումները կազմակերպելու հեռանկարները: