Երբ 2002-ի Նոյեմբերին Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը հասաւ իշխանութեան, անոր գլխաւոր նպատակներէն մէկն էր օգտագործել դրացի պետութիւններու հետ Անգարայի փոխյարաբերութիւնները՝ միջնորդելու Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններուն եւ նպաստելու շրջանային կայունութեան…:
Կուսակցութեան այս հաւատամքը գետնի վրայ աւելի շօշափելի դարձնելու նպատակով, 2009-ի Մայիսին, Ահմէտ Տաւուտօղլու նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին: Վերջինս առանց ժամանակ կորսնցնելու, հրապարակ նետեց « Դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» ունենալու կարգախօսը: Փաստօրէն Թուրքիա՝ գէթ խօսքով, այն պատրանքը կը ստեղծէր, որ զերօ մակարդակի վճռած է հասցնել սահմանակից պետութիւններու հետ առկայ տագնապները: Այդ օրերուն, Տաւուտօղլու քայլ մըն առջեւ երթալով յայտարարեց, թէ քուլիսներուն ետին համաձայնութիւն մը կ’աշխատէր գոյացնել Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ…:
Տաւուտօղլուի ցնորաբանութիւնը եւ սնապարծ արտայայտութիւնները, խառնափնթոր խարդաւանանքները հեռաւոր յիշատակի վերածուած են այսօր: Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները գահավիժած են խօլ լարուածութեան գիրկը:, Այսօրուան դրութեամբ, Անգարա կորսնցուցած է միջինարեւելեան դիւանագիտութեան նժարին վրայ ստուերած ինքնակոչ դիրքը: Ի միջի այլոց,երէկի լաւագոյն բարեկամ յորջորջուած նախագահ Պաշշար Ասատը դարձած է Տաւուտօղլուի եւ Էրտողանի ոխերիմ հակառակորդը:
Սուրիոյ հակամարտութեան առնչութեամբ վարչապետ Էրտողանի կառավարութեան մօտեցումը Թուրքիան վերածած է հակամարտութեան թնճուկներէն մէկը: «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կ’ընգծէ.« Այսօրուան դրութեամբ Թուրքիա բազմակողմանի եւ խաղաղարար դերակատարութիւն մը ունենալու փոխարէն, վերածուած է համայնքային լարուածութիւնը խորացնող գլխաւոր կողմը..»: Էրտողանի կառավարութիւնը սկսած է հանդէս գալ Սուրիոյ սիւննիներուն պաշտպանութեամբ, առանց կարեկցութիւն ցոյց տալու Սուրիոյ մնացեալ համայնքներուն: Ի զուր չէր, երբ Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ֆալեհ Ալ Ֆայատ՝ Անգարան ամբաստանեց.« Զինեալներ Սուրիա գործուղելու… եւ Իրաքի ներքին հարցերուն միջամուխ դանալու» յանցանքով: Նոյնօրինակ քննադատութիւն մը կատարեց Իրաքի հաղորդակցութեան նախարար՝ Հատի Ալ Ամիրի, նշելով, որ Թուրքիոյ եւ Քաթարի կողմէ Սուրիոյ ապստամբներուն ցուցաբերուած օժանդակութիւնը Իրաքի դէմ պատերազմ յայտարարելու նախապատրաստութիւն մըն է .« Քաթար եւ Թուրքիա՝ Ալ Քայիտային տնտեսական եւ ռազմական օժանդակութիւն ցուցաբերելով , քաղաքացիական պատերազմ կը փորձեն հրահրել Իրաքի մէջ» ըսաւ նախարարը:Այսօր բոլորին ծանօթ է, որ Ալ Քայիտա եւ Ճեպհէթ Ալ Նուսրա արմատական կազմակերպութիւնները Թուրքիոյ խողովակով կը ստանային Քաթարէն մատակարարուող զէնքն ու տնտեսական օժանդակութիւնը: Իրաքի մտահոգութիւնը տեղին էր ու արդար: Թուրքիա ուղղակիօրէն լծուած է ապակայունացնելու Սուրիան եւ Իրաքը:
Օրերս միջինարեւելեան ոստաններ շրջագայող Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի,ամենայն յստակութեամբ եւ նախադասութիւնները առանց ծամածռելու Թուրքիայէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Քաթարէն պահանջեց կասեցնել Սուրիոյ ընդդիմութեան կատարուող ռազմական ամէն տեսակի օժանդակութիւն.« Կարգ մը ուժեր համայնքային բախումներ կը հրահրեն Միջին Արեւելքի մէջ՝ սիւննի-շիի հակասութիւնները շահագործելով» ընդգծեց պետական քարտուղարը, Անգարայի մէջ Էրտողանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Անհրաժեշտութիւն կա՞ր արդեօք Քերրիին հարցնելու, թէ որոն՞ց կ’ակնարկէր ան…: Սուրիոյ հողերուն վրայ գործող Քրտական Դեմոկրատական Միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուհամմէտ Մուսլիմ, Անգարան մեղադրեց Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ համայնքային լարուածութիւնը խորացնելու դիտաւորութեամբ: Այս առիթով կարելի է յիշեցնել նաեւ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոապիի զայրոյթը՝ Սուրիոյ հարցերուն Թուրքիոյ միջամտութիւններուն, զգուշացնելով, որ պաշտօնական բողոք պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդին:
Վերոյիշեալ երեւոյթներուն իրազեկ դարձող ընթերցողը արդարօրէն պիտի հարցնէ. ու՞ր մնացին արդօք դրացիներու հետ զերօ հարցեր ունենալու Տաւուտօղլուի սնապարծութիւնները: Գետնի վրայ կատարուող քայլերը կ’ապացուցեն շրջանային քաղաքականութեան մէջ ապակայունութիւն հրահրող պետութեան մը փաստը:
Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութիւնը դիմակազերծուած է հասկցողներուն համար: Շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան մէջ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանը վերականգնելու անոր փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան: Միջազգային ընտանիքը կը մերժէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացէն ներս որեւէ դերակատարութիւն շնորհել Անգարային: Լուսանցքային դեր մը հազիւ վիճակուած է անոր՝ Սուրիոյ հակամարտութիւնը լուծելու բանակցութիւններուն: Բայց ին՞չ է այս տեղատուութեան իսկական պատճառը, երբ օսմանեան հին բարքերը վերականգնելու առաքելութեամբ ճամբայ ելած Էրտողանը եւ Տաւուտօղլուն յանկարծ իրենք զիրենք կը գտնեն դիւանագիտական աղբանոցին մէջ: Պատճառը, յստակ է միանգամայն՝ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան իսլամականացումն է:
Վերցնենք թուրք-իսրայէլեան փոխյարաբերութիւնները: Թուրքիոյ իսլամիստները միշտ խորթ աչքով դիտած են Իսրայէլը: Գործնական պատճառներով եւ հակառակ իրենց համոզումներուն, Էրտողան եւ Տաւուտօղլու շրջանի մը համար ջերմ յարաբերութիւններ պահպանեցին սիոնական պետութեան հետ: Սակայն 2008-ի ձմրան, Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը յորդեցուց անհանդուրժողութեան բաժակը: Փոխյարաբերութիւնները սրընթաց մագլցեցան այնքան, որ Տաւոսի խորհրդաժողովի ընթացքին (2009 Յունուար) Էրտողան հրապարակայնօրէն քննադատեց Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզը: Այս դէպքին յաջորդեց դէպի Կազա սննդանիւթ փոխադրող թրքական նաւուն միջադէպը: Վերոյիշեալ երկու դէպքերուն հետեւանքով Թուրքիա դարձաւ արաբական աշխարհի ախոյեանը, բայց գործնական գետնի վրայ, Անգարա վերջակէտ դրաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ իրեն վերապահուած դերակատարութեան..:
Սուրիոյ հակամարտութեան ընթացքին, արտաքին քաղաքականութեան իսլամականացման Էրտողանի արեւելումը քայլ մըն ալ առջեւ երթալով «սիւննիականացաւ»: Էրտողան ներկայիս դարձած է արաբական աշխարհի սիւննի համայնքին շահերուն անկոչ պաշտպանը: Խորքին մէջ Թուրքիա անգամ մը եւս համայն աշխարհին ցոյց կու տայ իր իսկական դիմագիծը:Ան չի կրնար դառնալ կայունութեան գործօն: Փաստօրէն, դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ ունենալու փոխարէն զերոյական մակարդակի հասած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վարկը:
Այս բոլոր ցնցումներէն ու հիասթափութիւններէն ետք, վարչապետ Էրտողան, իբրեւ մարդկութեան դէմ չարիք կը քննադատէ սիոնիզմը, Ֆաշիզմը եւ իսլամականութիւնը…: Ոչ ոք կրնայ ժխտել վերոյիշեալ երեք տխրայիշատակ վարդապետութիւններուն արիւնոտ կնիքը մարդկային քաղաքականութեան վրայ: Բայց Էրտողա՞նը պիտի քննադատէր զանոնք, երբ Թուրքիոյ անցեալն ու մօտիկ ներկայն նախատիպն է պատմութեան ամենադժոխային հանգրուաններուն: Վկայ՝ Հայ ժողովուրդի դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: Բայց այս մասին, այլ առիթով:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ