Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մոլորակը Ունի 7.637 Միլիառ Բնակիչ, 2050-ին Կ’ունենայ 9,7 Միլիառ Բնակիչ, Այսօր Ունի 2165 Միլիառատէր

February 18, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մենք Եւ Ազգի Հարցը. Պատմութիւն Եւ Համաշխարհայնացում

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Աշխարհի զանազան անկիւնները կան ըմբոստութիւններ, զարգացած երկիրներ թէ թերաճ, մեծ թէ փոքր: Լուրերու շարքին ըսին նաեւ, որ այս ծերացող եւ ինքզինք սպառող մոլորակին հարստութեան 66,4 տոկոսը կը պատկանի 2165 միլիառատէրերու:

Կը սիրէ՞ք հանում, գումարում եւ բաժանում ընել, փորձեցէ՛ք հասկնալ, թէ ի՛նչ է  համեմատութիւնը աշխարհի 7.637 միլիառ բնակիչներուն եւ անոր 2165 միլիառատէրերուն: Ի՞նչ պիտի գտնէք:

Ըսին, որ աշխարհի հարստութեան միայն 34 տոկոսը կը պատկանի աշխարհի 7.636 միլիառին: Միւս 66,4 տոկոսը` 2165-ին:

Մարդկային բնական տրամաբանութեամբ` անհասկնալի եւ անընդունելի:

Այս գիտնալով` կրնաք հարց տալ, թէ ինչո՞ւ անպակաս են ըմբոստութիւնները, աւազակութիւնները, ոճիրները, ոչ թէ անպայման քինախնդրութեամբ կ’արդարացնէք, բայց թերեւս կը հասկնաք:

Համամոլորակային մնայուն պատերազմի մէջ ենք, կ’արտադրուին եւ կը վաճառուին միշտ աւելի սուղ արժող եւ աւելի մահ ու աւեր գործելու կոչուած զէնքեր:

Անզսպելի դարձած գաղթեր, ներխուժումներ, բռնութիւններ: 34 տոկոսի զրկեալներու մոլորակային բանակները` ընդդէմ 66 տոկոսի յղփացած ընտրանիին:

Մամուլ եւ լրատուամիջոցներ կը խօսին փտածութեան մասին, պաշտօնական գողեր եւ կողոպտողներ, բայց աշխարհի 66,4 տոկոսի հարստութեան տէր 2165 տէրերը  չեն անհանգստանար, քանի որ իրենք կ’որոշեն անարդարը եւ արդարը, անճիշդը եւ ճիշդը, որպէս բարոյականութիւն` օրէնքներ կը մշակուին եւ կը գործադրուին, որպէսզի 2165 մենաշնորհեալներու դրամագլուխը պաշտպանուի:

Այս տուեալները զիս մղեցին մտածելու, ի միջի այլոց, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող աննախընթաց ըմբոստութեան եւ Ֆրանսայի աւելի քան տարի տեւած «դեղին բաճկոնաւորներու» եւ  քառասուն օր տեւած աշխատաւորական ցոյցերու եւ գործադուլներու մասին:

Եթէ ճկոյթի ետին չթաքնուինք, դրամ-իշխանութեան դէմ ժամանակ առ ժամանակ պայթող ընդվզումներ են ըմբոստութիւնները եւ յեղափոխութիւնները: Դրամը, որ իր ծնունդով փոխանակութիւնները դիւրացնելու կոչուած էր, հեռացած է իր այդ դերէն, դարձած է ուժի եւ իշխանութեան միջոց, այսինքն գործիք-դրամը այլասերած է, դարձած է տիրակալութեան մահակ` խաթարելով տնտեսական համակարգը: Երբ սակարանի խաղերուն մասնակցելով մարդիկ անաշխատ դրամ կը շահին, այդ կը նշանակէ, որ դրամը հեռացած է իր ծննդոցի նպատակէն, խաթարուած է` միաժամանակ խաթարելով ընկերութեան արժէքները եւ մարդկային յարաբերութիւնները: Անաշխատ շահուած դրամը գողութիւն է:

Ո՞վ չի գիտեր այն հասարակ տեղիք խօսքը, որ դրամը երջանկութիւն չի բերեր: Օր մը, տեղ մը հանդիպած էի ամերիկացի քանդակագործի մը` Հոպարթ Պրաունի այն միտքին` որ «տասը միլիոն տոլար ունեցողը աւելի երջանիկ չէ ինն միլիոն ունեցողէն»: Պարզ է մէկ բան. հետզհետէ աւելի շեշտուող անհատապաշտ դարձող ընկերութիւններուն մէջ, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ, Ասիա եւ Ափրիկէ, Ովկիանիա, անոնք ըլլան ազատական կամ նախկին խորհրդային, ոչ ոք վանականի աղքատութեան ուխտ կ’ընէ:

Դրամը իր այլասերման ընթացքին մէջ զուգորդուած է իշխանութեան հետ` նոյն հունով տանելով քաղաքականութիւնը, որ ճիշդ ըմբռնուած հանրային ծառայութիւն էր, իսկ այժմ դարձած է տնտեսութիւն կամ անոր սպասաւորը: Աւելի ճիշդ` քաղաքականութիւնը ստրկացուած է դրամի «միջազգային կայսերապաշտութեան», յիշել Պիոս ԺԱ. սրբազան քահանայապետի 1931-ի թուղթը:

Ինչո՞ւ կը բողոքեն լիբանանցիները, ինչո՞ւ աւելի քան տարիէ մը ի վեր յամառօրէն ցոյց կ’ընեն Ֆրանսայի «դեղին բաճկոնաւորներ»-ը եւ աւելի քան քառասուն օրէ ի վեր գործադուլ եւ ցոյց ընողները, աշխատաւորներ, արուեստագէտներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ, առողջապահութեան մարզի աշխատաւորներ… Բոլորն ալ հասկցած են, որ ուղղակի կամ անուղղակի եղանակով մաս չեն կազմեր 2165 միլիառատէրերու ակումբին, կը ծառայեն անոնց: Թերեւս` միաժամանակ ձգտելով մաս կազմել նոյն ակումբին:

Երբեմն լսելու քաջութիւն պէտք է ունենալ: Քաղաքական մարդիկ, բոլոր մակարդակներու, կը խօսին տնտեսութեան, անոր զարգացման եւ յաջողութիւն մասին, որպէսզի արդիւնքը բարիք ըլլայ ժողովուրդին, եւ «տագնապները» յաղթահարուին: Տեսանելի արդիւնքը այն է, որ քաղաքական մարդիկ իրենք կը հարստանան, հարստացումը կը ծառայեցնեն իրենց դիրքի պաշտպանութեան, որպէսզի շարունակեն հարստանալ: Այս ընթացքը կ’անգիտանայ արժէքներ եւ բարոյական, կ’անգիտանայ մարդը, անբարոյ համագործակցութիւններ կը հաստատուին մարդոց եւ երկիրներու միջեւ: Շուկաներու ձեռքբերումը, հետեւաբար` շահերու հետապնդումը, քաղաքականութեան առանցք է, որ կը ծառայէ դրամագլուխի աճման, այսինքն` 2165 միլիառատէրերու ակումբին եւ անոր շուրջ դարձողներուն, նոյնիսկ երբ անոնք պարզապէս ճանճիկներ են:

Ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը ուղեղալուացքի ենթարկուած է, եւ ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ կը տիրէ այն համոզումը, որ տնտեսական ազդակը ծնունդ պիտի տայ արդարութեան ու երջանկութեան, եւ բնական կը համարուի միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնել: Մարդիկ մնայուն վախի մէջ են, որ օր մը կրնան անօթութեան դատապարտուիլ կամ աներդիք ըլլալ:

Եթէ քիչ մը ետ երթանք պատմութեան մէջ, ոչ շատ հեռու, պիտի տեսնենք, որ ընկերութիւնները կը ղեկավարուէին նաեւ այլ առաջնահերթութիւններով, ինչպէս` ընտանիքը եւ ընտանեկան արժէքներու պահպանումը, կրօնական պատկանելիութիւնը եւ անով հսկուած բարքերը, բարին եւ չարը: Ընտանեկան բջիջի սեղմումը, աւերումը եւ անհատականացումը, գերագոյն ուժի մը հանդէպ հաւատքի եւ հպատակութեան կորուստը, զարգացուցին եսի պաշտամունքը եւ «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ի մերօրեայ վարդապետութիւնը: Օրինակ, իմաստասէրի խօսքը, թէ` «ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է» (Ռընէ լը Սեն), դատարկ կը հնչէ այսօր, ինչպէս` զոհողութիւն բառը:

Այսինքն, լայն առումով, գաղափարականութեան պակասը, որ կը լրանայ անսահմանափակ դարձող զբօս-ժամանցի  հետապնդումով, ինքնահաստատման ցանկութեամբ եւ երեւելիութիւն նուաճելու մղումով, կ’ընէ այն, որ դրամը կը դադրի միջոց ըլլալէ, կը դառնայ նպատակ, քանի որ գաղափարական, բարոյական եւ արժէքային համակարգերը նահանջած են: Եթէ անոնք նահանջած չըլլային, տնտեսութիւնը, հետեւաբար` շահը եւ դրամը, քաղաքականութեան եւ ընկերութեան ընթացքին մէջ գլխաւոր ազդակները պիտի չըլլային:

Ժամանակակից ընկերութիւնները չանդրադարձան, որ տնտեսութիւնը միշտ դժուարութիւններու կրնայ բախիլ, որոնց յաղթահարման համար անհրաժեշտ են` բարիկամեցողութիւն, կամք եւ բարոյականութիւն, որպէսզի չյառաջանայ թշուառութիւն: Այսօր թշուառութիւնը եւ թշուառացումն են, կամ անոնց վախը, ըմբոստութիւններու իսկական դրդապատճառը, որ կրնայ յանգիլ յեղափոխութեան եւ պատերազմի, ինչպէս, իր տարբեր արտայայտութեամբ, մեր օրերու յատկանշական երեւոյթներէն զանգուածային գաղթականութիւնները դէպի հարուստ համարուող երկիրներ:

Ըմբոստութիւններու թատերաբեմ երկիրները, նաեւ անոնք, որոնց ժողովուրդները յանուն լաւ ապրելու իրաւունքի` իրենք զիրենք արմատախիլ կ’ընեն, կանգնած են տնտեսութիւնը, եւ հետեւաբար դրամը, հաւաքականութեան ծառայեցնելու դերի ընդունման: Մոլորակի 2165 միլիառատէրերը կ’ենթարկուի՞ն հոգեփոխութեան: Այս տիրացուական ցանկութիւն չէ, այլ` իրատեսութեան մը արտայայտութիւնը, քանի որ ըմբոստութիւնները, եթէ բազմապատկուին, աճին, դառնան ծովածաւալ, համայն մարդկութիւնը սուղ գին պիտի վճարէ, եւ աղէտէն պիտի չխուսափին միլիառներու բաղդատած 2165 մենաշնորհեալները:

Պէտք չէ մոռնալ, որ մոլորակը պզտիկցած է, եւ կարելի չէ անցեալի ընդունուած աշխարհագրական սահմաններուն ետին պատսպարուիլ: Ափրիկէէն Եւրոպա խուժած գաղթականութիւնը, կամ Հարաւային Ամերիկային դէպի Միացեալ Նահանգներ քալող լաւ կեանքի իրաւունք հետապնդողները վառ ապացոյց են:

Փոքրիկ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի ըմբոստութիւնները պէտք է մտածելու եւ նախաձեռնելու մղեն իրենց իսկական առաջնորդները:

Ընդհանրապէս միջազգային համայնքը եւ անոր ղեկավարները, ոչ միայն` քաղաքական եւ «քոմպիացիաներով» ընտրուած, այլ նաեւ բարոյական հեղինակութիւնները, պէտք է նախաձեռնեն 3,7 միլիառի, վաղը` ինն կամ տասը, լինելութեան գոյատեւման եւ պաշտպանութեան:

Եթէ համաշխարհային բռնկում մը պատահի, անցած դարու համաշխարհային պատերազմները մանուկներու «լեկօ»-ներու խաղին պիտի նմանին:

Քաղաքական առաքինութիւն պէտք է: Յիշել. հռոմէացիները կ’ըսէին` virtus, հոգեկան ուժ: Ո՛չ փող, ո՛չ թմբուկ: 2165 մենաշնորհեալները յանկարծ իրենք զիրենք կրնան գտնել նոր Թիթանիքի մը վրայ:

Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ…

22 յունուար 2020, Նուազի-լը-Կրան

Previous Post

Russian GRU agents prowl undersea internet cables off Irish coast in the Times’ latest spy thriller

Next Post

Repeat of Iowa caucus looms in Nevada as problems are illuminated

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.