Մարոք Պատմական Յաղթանակ Մը Տարաւ
Պելճիքայի Դէմ
Մոնտիալ 2022-ի ցարդ արձանագրուած արդիւնքներէն դատելով` բազմաթիւ անակնկալներ պիտի դրոշմուին ֆութպոլասէրներու յիշողութիւններուն մէջ:
Զ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն գծով, աշխարհի բաժակի տիտղոսի յաւակնորդ Պելճիքայի հաւաքականը 2-0 արդիւնքով պատմական պարտութիւն մը կրեց Մարոքէն (կիսախաղ` 0-0): Մրցումը տեղի ունեցաւ «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, 43.738 մարզասէրներու ներկայութեան: Սապրի` 73-րդ եւ Ապուխլալ 92-րդ վայրկեաններուն նշանակեցին մարոքցիներուն կոլերը:
Երկուքական մրցումներէ ետք, Մարոքի հաւաքականը ունի չորս կէտ, Պելճիքա` երեք:
Զ. խմբակին մէջ Պելճիքա իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Խրուաթիոյ դէմ, Մարոք` Քանատայի: Զոյգ մրցումները տեղի պիտի ունենան 1 դեկտեմբերին:
Քոսթա Ռիքա Անակնկալի Մատնեց Ճափոնը
Մոնտիալ 2022-ի Ե. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն գծով իրար դէմ մրցեցան Ճափոնի եւ Քոսթա Ռիքայի հաւաքականները: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ, 41.479 մարզասէրներու ներկայութեան: Առաջին կիսախաղը ընթացաւ ճափոնցիներու տիրապետութեամբ: Բ. կիսախաղին, քոսթառիքացիները հազուադէպ կը պատասխանէին Ճափոնի յարձակումներուն, սակայն մրցումի 80-րդ վայրկեանին պատահեցաւ անակնկալ մը, երբ Քէյշըր ֆուլեր գրաւեց Ճափոնի բերդը` պատմական յաղթանակ մը շնորհելով իր երկրին: Ճափոն կրնար խուսափիլ պարտութենէն, սակայն ֆութպոլային բախտը Քոսթա Ռիքային ժպտաց:
Աւստրալիա Յաղթեց Թունուզին
Մոնտիալ 2022-ի Դ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Աւստրալիա նուազագոյն` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թունուզը: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, 41.823 մարզասէրներու ներկայութեան: Միչըլ Տիուքի Ա. կիսախաղի 23- րդ վայրկեանին նշանակած կոլը կարեւոր երեք կէտեր շնորհեց աւստրալիացիներուն:
Աւստրալիոյ հաւաքականը երկու մրցումներէ ետք երեք կէտով կը գրաւէ Դ. խմբակին երկրորդ դիրքը:
Արժանթին Վստահ Յաղթանակ Տօնեց
Մեքսիքոյի Դէմ
Մոնտիալ 2022-ի Գ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Արժանթինի հաւաքականը 2-0 արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ մը տարաւ Մեքսիքոյի դէմ, 88.966 մարզասէրներու առջեւ, «Լուսայլ» մարզադաշտին մէջ:
Առաջին կիսախաղը առանց կոլի աւարտելէ ետք, Բ. կիսախաղի 64-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի նշանակեց հարաւամերիկացիներուն առաջին կոլը: 87-րդ վայրկեանին, Մեսսիի մէկ փոխանցումին շնորհիւ Ֆերնանտեզ կրկնապատկեց հաշիւը եւ ամրագրեց Արժանթինի յաղթանակը:
Ֆրանսա – Դանիա 2-1
Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան Դ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, շնորհիւ Կիլիան Ըմպապէի նշանակած երկու կոլերուն, Ֆրանսա` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դանիան: Մրցումը տեղի ունեցաւ «974» մարզադաշտին մէջ, 42.860 մարզասէրներու ներկայութեան:
Մրցումին առաջին խաղակէսը առանց կոլի աւարտելէ ետք, Բ. կիսախաղի 61-րդ վայրկեանի Կիլիան Ըմպապէ նշանակեց ֆրանսացիներուն առաջին կոլը: Դանիոյ հակազդեցութիւնը չուշացաւ: 68-րդ վայրկեանին Քրիսթիանսըն հաւասարեցուց հաշիւը: Սակայն մրցումին վերջին խօսքը ֆրանսացիներուն կը պատկանէր: Կիլիան Ըմպապէի 86-րդ վայրկեանին նշանակած կոլը կարեւոր երեք կէտեր շնորհեց Ֆրանսայի հաւաքականին:
Փաստօրէն, երկու հանդիպումներէն վեց կէտ ապահոված Ֆրանսայի հաւաքականը ինքնաբերաբար ապահոված է Մոնտիալի յաջորդ փուլին մասնակցելու ուղեգիրը:
Լեհաստան Պարտութեան Մատնեց Սէուտական Արաբիան.
Լեվանտովսքի Հաւասարեցաւ Փելէի Մրցանիշին
Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան Գ. խմբակի փուլային մրցումներուն ընթացքին, Լեհաստան` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սէուտական Արաբիան: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Էճուքէյշըն Սիթի» մարզադաշտին մէջ, 44.259 մարզասէրներու ներկայութեան: Փիոթր Զելենսքի 39-րդ վայրկեանին յառաջ մղեց Լեհաստանը: Ա. կիսախաղի վերջին վայրկեանին իրաւարարը փենալթի հարուած մը շնորհեց Սէուտական Արաբիային, սակայն Լեհաստանի բերդապահը զսպեց հարուածը:
Բ. կիսախաղը ընթացաւ լեհերուն տիրապետութեան տակ: Մրցումի 82-րդ վայրկեանին Ռոպերթ Լեվանտովսքի նշանակեց Լեհաստանի երկրորդ կոլը, որ միաժամանակ դարձաւ իր ասպարէզին 600-րդը եւ Լեհաստանի շապիկով միջազգային մրցումներու ընթացքին 77-րդը կոլը` հաւասարելով Փելէի մրցանիշին:
Լեհաստան 4 կէտով կը գլխաւորէ Գ. խմբակը: Արժանթին եւ Սէուտական Արաբիա` 3, Մեքսիքօ` 1:
Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2022-ի Մրցումներուն Յայտագիրը
Ա. ԽՄԲԱԿ |
|
Էքուատոր ընդդէմ Սենեկալ` |
ժամը 17:00 |
Հոլանտա ընդդէմ Քաթար` |
ժամը 17:00 |
Բ. ԽՄԲԱԿ |
|
Իրան ընդդէմ Միացեալ Նահանգներ` |
ժամը 21:00 |
Կալես ընդդէմ Անգլիա` |
ժամը 21:00 |