Խրուաթիա – Մարոք 0 – 0
Երեքշաբթի օր, Խոր քաղաքի «Պայթ» մարզադաշտին մէջ Խրուաթիա-Մարոք հանդիպումով մեկնարկեցին Մոնտիալ 2022- ի Ե. խմբակի մրցումները:
Խրուաթիա տիրապետեց մրցումի ընթացքին: Մարոքցիները գրեթէ անթերի պաշտպանուելով, հակայարձակողականի վրայ դրած էին իրենց յոյսը: Մրցումը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ:
Գերմանիա – Ճափոն 1 – 2
Դարձեալ Ե. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Խալիֆա» միջազգային մարզադաշտին մէջ, Գերմանիոյ ազգային խումբը 2-1 արդիւնքով անսպասելի պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն: Իւլքեր Կիւնտոշան Ա. կիսախաղի 33-րդ վայրկեանին փենալթի հարուածով յառաջ մղեց գերմանացիները: Բ. կիսախաղին ճափոնցիները յաջողեցան օգտուիլ Գերմանիոյ պաշտպանութեան սխալներէն եւ երկու անպատասխան կոլ նշանակելով 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցները (Տուան` 75 եւ Ասանօ` 83-րդ վայրկեաններուն):
Միացեալ Նահանգներ – Կալես 1 – 1
Քաթարի «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնտիալ 2022-ի Բ. խմբակին մէջ ընդգրկուած Միացեալ Նահագներու եւ Կալեսի միջեւ հանդիպումը:
Ճակատումը սկսաւ ամերիկացիներուն տիրապետութեամբ: Հանդիպման 36-րդ վայրկեանին Թիմոթի Վիա յառաջ մղեց Միացեալ Նահանգները: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ ամերիկացիներուն առաւելութեամբ` 1-0:
Բ. կիսախաղին կալեսցիները հետզհետէ հաւասարակշռեցին մրցումին ընթացքը: 81-րդ վայրկեանին Կարեթ Պէյլ, փենալթի հարուածով հաւասարեցուց հաշիւը: Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներ եւ Կալես արձանագրեցին Մոնտիալ 2022-ի առաջին հաւասարութիւնը:
Սէուտական Արաբիա – Արժանթին 2 – 1
22-րդ Մոնտիալի Գ. խմբակի առաջին մրցումը իրար դէմ հանեց Արժանթինը եւ Սէուտական Արաբիան:
Հանդիպման 10-րդ վայրկեանին իրաւարարը փենալթի հարուած մը շնորհեց հարաւամերիկացիներուն: Լիոնել Մեսսի անվրէպ իրականացուց կոլը: Մինչեւ Ա. կիսախաղի աւարտը, Արժանթինի հաւաքականը երեք անգամ գրաւեց Սէուտական Արաբիոյ բերդը, սակայն իրաւարարը բոլոր պարագաներուն ալ «Օֆ սայտ» արձանագրեց: Կիսախաղը աւարտեցաւ 1 – 0 արժանթինցիներուն առաւելութեամբ:
Երկրորդ կիսախաղին, սէուտցիները ո՛չ միայն վերականգնեցին հաւասարութիւնը, այլ նաեւ նշանակեցին երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը: Հակառակ արժանթինցիներուն ստեղծած առիթներուն, մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ` Սէուտական Արաբիա – Արժանթին` 2 – 1:
Ֆութպոլի մասնագէտներուն կարծիքով` Սէուտական Արաբիոյ առջեւ Արժանթինի պարտութիւնը կը նկատուի Մոնտիալի մրցումներուն պատմութեան մեծագոյն անակնկալը:
Այս փառաւոր յաղթանակին լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ազգային տօնախմբութեան օր յայտարարեցին չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերը:
Տոհայի «975» մարզադաշտին մէջ, Լեհաստանի եւ Մեքսիքոյի միջեւ Գ. խմբակի երկրորդ հանդիպումը վերջ գտաւ 0 – 0 սպիտակ հաւասարութեամբ: Լեհաստանի հաւաքականի յարձակող Ռոպերթ Լեւանտովսքի չկրցաւ կոլի վերածել իր կազմին շնորհուած փենալթի հարուածը:
Դանիա – Թունուզ 0 – 0
Դ. խմբակի առաջին մրցումը իրար դէմ հանեց Դանիան եւ Թունուզը: Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կայացած սոյն հանդիպումը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ:
Ֆրանսա – Աւստրալիա 4 – 1
Քաթարի «Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, Դ. խմբակի իր առաջին մրցումին, Ֆրանսա տպաւորիչ խաղ մը ցուցադրելով 4-1 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց Աւստրալիոյ դէմ: Մրցումին սկիզբը աւստրալիացիները յաջողեցան զսպել ֆրանսացիներուն յարձակումները եւ 9-րդ վայրկեանին նշանակել կոլ մը: Ֆրանսա անմիջապէս հակազդեց: 27-րդ վայրկեանին, Ատրիեն Ռապիոյի նշանակած կոլէն ետք, ֆրանսացիները սկսան աւելի ինքնավստահ գործել եւ 32-րդ վայրկեանին Օլիվիէ Ժիրու նշանակեց անոնց երկրորդ կոլը: Երկրորդ կիսախաղին Կիլիան Էմպապէ եւ Օլիվիէ Ժիրու նշանակեցին Ֆրանսայի երրորդ եւ չորրորդ կոլերը:
Կ՛արժէ նշել, որ Ժիրու Ֆրանսայի ազգային խումբին շապիկով նշանակեց իր 51-րդ կոլը` հաւասարելով Թիերի Հանրիի մրցանիշին:
Այսօրուան Մրցումներուն Յայտագիրը
Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022
Է. ԽՄԲԱԿ |
|
Զուիցերիա ընդդէմ Քամերուն` |
ժամը 12.00 |
Պրազիլ ընդդէմ Սերպիա` |
ժամը 21.00 |
Ը. ԽՄԲԱԿ |
|
Ուրուկուէյ ընդդէմ Հարաւային Քորէա` |
ժամը` 15.00 |
Փորթուգալ ընդդէմ Ղանա` |
ժամը` 18.00 |