Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մոնտիալ 2022. Ֆրանսա, Հոլանտա Եւ Արժանթին Հասան 1/4-րդ Փուլ

December 5, 2022
in Mobile Home, Մարզական
0
Մոնտիալ 2022. Ֆրանսա, Հոլանտա Եւ Արժանթին Հասան 1/4-րդ Փուլ

Շաբաթ Օրուան Մրցումներուն Նկարագրութիւնը

Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան 1/16-րդ փուլի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ Հոլանտայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Առաջին կիսախաղի 10-րդ վայրկեանին Մեմֆիս Տեպայ յառաջ մղեց Հոլանտան: Այս կոլէն ետք Միացեալ Նահանգներ փորձեցին հաւասարեցնել հաշիւը: Սակայն հոլանտացիները կոլ մը եւս նշանակեցին մինչեւ կիսախաղ: Տէյլի Պլինտ կրկնապատկեց հաշիւը:

Երկրորդ կիսախաղին ամերիկացիները յարձակեցան: Հոլանտա պաշտպանութեան անցաւ` շեշտը դնելով հակայարձակումներու վրայ:

Միացեալ Նահանգներ 76-րդ վայրկեանին կրճատեցին տարբերութիւնը: Հոլանտա շատ արագ վերականգնեց երկու կոլի առաւելութիւնը: 81-րդ վայրկեանին Տենզել Տիւմֆրիս ամրագրեց Հոլանտայի յաղթանակը: Հոլանտա- Միացեալ Նահանգներ` 3-1:

Մրցումը տեղի ունեցաւ « Խալիֆա» միջազգային մարզադաշտին մէջ, 44.846 մարզասէրներու ներկայութեան:

1/4-րդ փուլին Հոլանտայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Արժանթին:

Աշխարհի ախոյեանութեան 1/8-րդ փուլի երկրորդ մրցումը իրար դէմ հանեց Արժանթինը եւ Աւստրալիան:

Մրցումի առաջին վայրկեանէն աւստրալիացները պաշտպանութեան անցան: Նախաձեռնութիւնը բացայայտօրէն արժանթինցիներուն մօտ էր: 35-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի դիպուկ հարուածով նշանակեց Արժանթինի առաջին կոլը: Մեսսի մոնտիալներու ընթացքին կը նշանակէր իր 9-րդ կոլը` գերազանցելով Տիեկօ Մարատոնայի ցուցանիշը: Մեսսի նաեւ Աւստրալիոյ դէմ կը կատարէր իր ասպարէզին 1000-րդ մրցումը: Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով` Արժանթինի առաւելութեամբ:

Մրցումի 57-րդ վայրկեանին, օգտուելով Աւստրալիոյ բերդապահին կոպիտ սխալէն, Ալվարեզ կրկնապատկեց հաշիւը: Աւստրալիա 77-րդ վայրկեանին կրճատեց հաշիւը: Մրցումի յաւելեալ վայրկեաններուն Արժանթինի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեզ ստոյգ կոլէ մը փրկեց իր բերդը: Մրցումը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով Արժանթինի յաղթանակով:

Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ, 45.032 մարզասէրներու ներկայութեան:

Ինչպէս նշեցինք, քառորդ աւարտականին Արժանթինի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հոլանտան: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 9 հոկտեմբերին:

Ֆրանսա – Լեհաստան 3- 1

Ժիրու Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց.
Ֆրանսա Հասաւ 1/4-րդ Փուլ

Օլիվիէ Ժիրու մրցանշային` 52-րդ կոլը նշանակեց Լեհաստանի բերդին մէջ, դառնալով Ֆրանսայի ազգային խումբին պատմութեան ամէնէն շատ կոլ նշանակող ֆութպոլիստը: Ժիրուի կոլը եւ Ըմպափէի «տուպլ»-ը յաղթանակ մը պարգեւեցին Ֆրանսային` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լեհաստանը (կիսախաղ` 1-0 ): Լեհաստան մրցումի վերջին վայրկեանին փենալթի հարուածով նշանակեց իր որբ կոլը, Ռոպերթ Լեւանտովսքիի միջոցով:

Մրցումը տեղի ունեցաւ «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, 40.989 մարզասէրներու ներկայութեան:

Այսօրուան Մրցումներուն Յայտագիրը

Երկուշաբի, 5 Դեկտեմբեր 2022

Ճափոն ընդդէմ Խրուաթիա` ժամը 17:00
Պրազիլ ընդդէմ Հարաւային Քորէա` ժամը 21:00

Previous Post

Displaced Syrians fear Turkish threats spell new exodus

Next Post

Man extradited from Sweden to Turkey imprisoned for alleged PKK membership

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.