Քամերուն Եւ Սերպիա
Հաւասարութեամբ Հեռացան Դաշտէն
Ֆութպոլի աշխարհի ախոյանութեան Է. խմբակի հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Քամերուն եւ Սերպիա 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին «Ժանուպ» մարզադաշտին մէջ, 39.799 մարզասէրներու ներկայութեան (կիսախաղ` 1-2, յօգուտ Սերպիոյ):
Ղանա – Հարաւային Քորէա 3 -2
Ը. խմբակին մէջ, Ղանայի հաւաքականը 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հարաւային Քորէան (կիսախաղ` 2- 0):
Ներկայիս Փորթուգալ եւ Ղանա 3 կէտով կը գլխաւորեն խմբակին աղիւսակը: Ուրուկուէյ եւ Հարաւային Քորէա ունին մէկական կէտ:
Խրուաթիա Առանց Դժուարութեան
Յաղթեց Քանատային
Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան Զ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն Խրուաթիա 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քանատան:
Քանատա հանդիպման 2-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը: Սակայն մինչեւ կիսախաղ Խրուաթիա վերականգնեց հաւասարութիւնը: Կոլի հեղինակ դարձաւ Անտրէ Քրամարիչ:
Երկրորդ կիսախաղին առաւելութիւնը Խրուաթիոյ կողմն էր: Անտրէ Քրամարիչ նշանակեց իր երկրորդ կոլը: Հանդիպումը աւարտեցաւ 4-1 արդիւնքով Խրուաթիոյ յաղթանակով:
Սոյն յաղթանակէն ետք Խրուաթիա կը գլխաւորէ Զ. խմբակի ընդհանուր դասաւորումը` 4 կէտով:
Խրուաթիա իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Պելճիքայի դէմ, Քանատա` Սէուտական Արաբիոյ:
Սպանիա–Գերմանիա
Մարտական Հաւասարութիւն
Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան Ե. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն գծով, կիրակի երեկոյեան, «Պայթ» մարզադաշտին մէջ, 68.895 մարզասէրներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ երկար սպասուած Սպանիա-Գերմանիա ճակատումը:
Մրցումին առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Երկրորդ կիսախաղին Ալվարօ Մորաթա յառաջ մղեց Սպանիոյ հաւաքականը: Այս կոլէն ետք գերմանացիները բազմապատկեցին իրենց յարձակումները եւ Նիքլաս Ֆիւլքրուկ հաւասարեցուց հաշիւը: Մրցումի վերջին երկվայրկեաններուն գերմանացիները կրնային կորզել յաղթանակ: Արդարեւ, Լերոյ Սանէ մինակ մնալով Սպանիոյ բերդապահ Ունայ Սիմոնի դէմ, փորձեց շրջանցել զայն եւ կորսնցուց ոսկիէ առիթ մը: Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Ե. խմբակը 4 կէտով կը գլխաւորէ Սպանիան: Ճափոն եւ Քոսթա Ռիքա` երեք, Գերմանիա` մէկ:
Այսօրուան Մրցումներուն Յայտագիրը
Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2022
Ա. ԽՄԲԱԿ |
|
Էքուատոր ընդդէմ Ղանա` |
ժամը 17:00 |
Հոլանտա ընդդէմ Քաթար` |
ժամը 17:00 |
Բ. ԽՄԲԱԿ |
|
Իրան ընդդէմ Միացեալ Նահանգներ` |
ժամը 21:00 |
Կալես ընդդէմ Անգլիա` |
ժամը 21:00 |