Մոնտիալ 2022-ը իսկապէս անակնկալներ պահած է մարզասէրներուն: Մրցաշարքին գլխաւոր յաւակնորդներէն Պելճիքայի ձախողութիւնը պիտի երկարէ անակնկալներու շուրքը: Արդարեւ, Զ. խմբակի երրորդ փուլիմրցումներուն, Մարոքի հաւաքականը «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, 43.102 մարզասէրներու առջեւ, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քանատան (կիսախաղ` 2-1): Հաքիմ Զիեչ եւ Եուսեֆ Էն Նեսիրի նշանակեցին ափրիկեան խումբին կոլերը: Շնորհիւ այս յաղթանակին, Մարոքի հաւաքականը եօթը կէտով գլխաւորեց Զ. խմբակին ընդհանուր դասաւորումը:
Միւս կողմէ, «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ, 43.984 մարզասէրներու առջեւ, 0-0 սպիտակ հաւասարութեամբ վերջ գտաւ Պելճիքա-Խրուաթիա ճակատումը: Պելճիքա դուրս մնաց բաժակի հետագայ պայքարէն: Պելճիքային անհրաժեշտ էր յաղթանակ: Խրուաթիա առանց պարտութեան պէտք էր հեռանար դաշտէն:
Զ. Խմբակի Վերջնական Դասաւորումը
1.- Մարոք 3 մրցում 7 կէտ
2.- Խրուաթիա 3 մրցում 5 կէտ
3.- Պելճիքա 3 մրցում 4 կէտ
4.- Գանատա 3 մրցում 0 կէտ
Արժանթին Եւ Լեհաստան
Անցան Փլէյ Օֆերուն
Աշխարհի ախոյեանութեան խմբային փուլի վերջին օրուան հանդիպումներուն ծիրին մէջ իրար դէմ մրցեցան Գ. խմբակի հաւաքականները:
Արժանթինի հաւաքականը մրցեցաւ Լեհաստանի դէմ, Սէուտական Արաբիան` Մեքսիքոյի:
Արժանթին-Լեհաստան հանդիպումին առաջին վայրկեանէն հարաւամերիկացիները տիրեցին նախաձեռնութեան եւ մնայուն ճնշումի տակ պահեցին Լեհաստանի բերդը: 39-րդ վայրկեանին Լեհաստանի բերդապահ Վոյցեք Չեզնի կասեցուց Լիոնել Մեսսիի փենալթի հարուածը:
Առաջին կիսախաղը հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Բ. կիսախաղի առաջին վայրկեանին արժանթինցիները յաջողեցան բանալ մրցումի հաշիւը: Կոլին հեղինակը դարձաւ Ալեքսիս Մաքալիսթեր: 68-րդ վայրկեանին Ճիւլիան Ալվարեզ կրկնապատկեց հաշիւը: Մրցումը վերջացաւ` 2-0 արդիւնքով Արժանթինի յաղթանակով:
Մրցումը տեղի ունեցաւ «974» մարզադաշտին մէջ, 44.089 մարզասէրներու ներկայութեան:
Գ. խմբակի երկրորդ հանդիպումը իրար դէմ հանեց Մեքսիքոն եւ Սէուտական Արաբիան: «Լուսայլ» մարզադաշտին մէջ, 84.985 մարզասէրներու ներկայութեան, առաջին կիսախաղը սպիտակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, երկրորդ կիսախաղին մեքսիքոցիները յաջորդական երկու կոլ նշանակեցին Սէուտական Արաբիոյ բերդին մէջ: Կոլերու հեղինակ դարձան Հենրի Մարթինը եւ Լուիս Չավեզը: Մրցումին յաւելեալ վայրկեաններուն Սալեմ ալ Տաուսարի կրճատեց տարբերութիւնը, բայց անօգուտ:
Հակառակ այս յաղթանակին եւ Լեհաստանի նման չորսկէտ ունենալու իրողութեան, մեքսիքացիները կոլերու տարբերութեան պատճառով դուրս մնացին Մոնտիալէն:
Գ. Խմբակի Վերջնական Դասաւորումը
1.- Արժանթին 3 մրցում 6 կէտ
2- Լեհաստան 3 մրցում 4 կէտ
3.- Մեքսիքօ 3 մրցում 4 կէտ
4.- Սէուտական Արաբիա 3 մրցում 3 կէտ
Այսօրուան Մրցումներուն Ժամանակացոյցը
Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022
Է. ԽՄԲԱԿ |
|
Քամերուն ընդդէմ Պրազիլ` |
ժամը 21:00 |
Սերպիա ընդդէմ Զուիցերիա` |
ժամը 21:00 |
Ը. ԽՄԲԱԿ |
|
Ղանա ընդդէմ Ուրուկուէյ` |
ժամը 17:00 |
Հարաւային Քորէա ընդդէմ Փորթուգալ` |
ժամը 17:00 |