Ռուսիա Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը յորդորէ զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ եւ քայլերէ, որոնք կրնան առաւել եւս սրել շփման գօտիին մէջ կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնած էր, որ ազրպէյճանական ուժերը սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ կրակ բացած են հայկական բանակի դիրքերուն վրայ:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդած է, թէ հայկական կողմը կրակ բացած է ազրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ:
«Սոչիի մէջ եռակողմ հանդիպումէն ետք որդեգրուած յայտարարութեան մէջ իսկապէս ընդգծուած է, որ կողմերը` Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը, կը նախընտրեն լուծման բացառապէս խաղաղ եւ քաղաքական-դիւանագիտական միջոցները: Ուստի, մենք երկու կողմերուն վերստին կոչ կ՛ուղղենք` խուսափելու վտանգաւոր գործողութիւններէն եւ քայլերէն, որոնք կրնան լարուածութիւն յառաջացնել շփման գիծին վրայ», ըսած է Վլատիմիր Փութինի բանբերը: