ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա կ՛ողջունէ վերջին շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայացած բարձր մակարդակի քաղաքական շփումները, 31 Յունուարին կայացած լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Մենք բարեխղճօրէն եւ, իմ կարծիքով, որակեալ կերպով կ՛իրականացնենք մեր միջնորդական առաքելութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք այն բարձր մակարդակի քաղաքական շփումները, որոնք կայացած են վերջին շրջանին՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ: Լսած ենք այն կառուցողական գնահատականները, որոնք տուած են մայրաքաղաքները, եւ կը կարծենք, որ ատիկա առաջ շարժելու ճիշդ ճանապարհն է», ըսած է Զախարովա:
Նշենք, որ 28 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Տուշանպէյի մէջ ունեցած են կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումէն մինչ օրս՝ կողմերուն միջեւ «գործնական կապ» հաստատուած է: Փաշինեան-Ալիեւ եւս մէկ ոչ պաշտօնական հանդիպում կայացած էր Դեկտեմբերին՝ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ծիրէն ներս: Այս տարուան 22 Յունուարին, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ, Տաւոսի մէջ, տեղի ունեցած մէկ ու կէս ժամնոց հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը կարծիքներ փոխանակած էին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ընթացիկ իրավիճակին եւ յետագայ քննարկումներուն մասին: