ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Քրեմլին կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն. այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ համաձայնութեան:
«Պիտի շարունակենք հաւատալ, թէ ատիկա ներքին գործ է, եւ յոյս ունինք, որ մեր հայ ընկերները կը յաջողին մօտիկ ապագային կարգաւորել այդ իրավիճակը եւ հասնիլ որոշումի», աւելցուցած է ան:
Նախագահի մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ Քրեմլին յոյս ունի, թէ Հայաստանի ներքաղաքական կայունութեան պահպանման ջատագով եւ հայ ժողովուրդը ներկայացնող բոլոր ուժերը շուտով կը համաձայնին: