ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ըստ Ռուսիոյ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքական հարցերու վերաբերեալ հիմնարար տարակարծութիւնները, դժնախտաբար, տակաւին կը շարունակուին։ «Այդ պատճառով այս փուլին, Մոսկուա կարեւոր կը նկատէ խստօրէն պահպանել 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ համաձայնագիրներու բոլոր դրոյթները», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ աւելցնելոց. «Ռուսիա յոյս ունի, որ այդ քայլերը պիտի օգնեն ստեղծելու պայմաններ՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լուծման հասնելու»։
Ան աւելցուց, որ Ռուսիա ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ ընթացող՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի լուծման վերաբերող խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան քննարկումներուն: