ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ըստ Երեւանի Պետական համալսարանի քաղաքական հիմնարկներու վարիչ Գարիկ Քեռեանի՝ Ռուսիա վերջերս աստիճանաբար կը փոխէ իր շեշտադրումները Արցախի հարցով դէպի աւելի հայանպաստ դիրքորոշում` հասկանալով, որ խաբուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ: Քեռեան նշեց, որ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ հակառակ այն հանգամանքին, որ Մոսկուա լուրջ տարակարծութիւններ ունի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի արեւմտեան գործընկերներուն՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, ներառեալ՝ Արցախի կարգավիճակի հարցին վերաբերեալ:
«Ռուսաստանը սկսել է իր դարձը դէպի հայանպաստ դիրքորոշում: Այսինքն` Ռուսաստանն էլ է ասում` «գիտէք, հարցը լուծուած չէ. դեռ կարգավիճակ պիտի ճշդենք», եւ այլն, եւ այլն: Այստեղ հարց է առաջանում, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստանը սկսեց դառնալ դէպի աւելի հայանպաստ կողմ, եւ այս առումով ստեղծուեց որոշակի համաձայնութիւն՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսիայի եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի գործընթացը վերակենդանացնելու շուրջ: Ռուսները շատ կոպիտ, պարզունակ սխալ էին գործել` Արցախի հարցում գնալով համագործակցութեան Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի հետ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ իբրեւ պատմաբան եւ քաղաքագէտ` չի կրնար հասկնալ, թէ Անգարա ինչպէ՛ս կը յաջողի համագործակցութեան ձեւաչափեր գտնել Մոսկուայի հետ, հակառակ անոր, որ 300 տարիէ ի վեր կը խաբէ ռուսերուն, կը գործէ ռուսական շահերուն դէմ եւ ամէն անգամ Ռուսիան կը հարուածէ թիկունքէն:
Քեռեան կը նշէ, որ հակառակ Մոսկուայի բարեկամական քայլերուն, Անգարա կը շարունակէ պնդել, թէ «Խրիմը Ուքրանոյ անբաժան մասն է»:
«Ռուսները հասկացան, որ սխալ են գործել, որ նախ` թողել են, որ պատերազմն աւարտուի նման արդիւնքով, եւ երկրորդ` թոյլ են տուել թուրքական ազդեցութեան ներթափանցումը Հարաւային Կովկաս: Եւ խաբուել են նաեւ Ադրբեջանի հարցում: Մոսկուայի հիմնական նպատակն էր Ադրբեջանի ներքաշումը դէպի եւրասիական գօտի: Եւ ամէն անգամ Ալիեւը սակարկում էր` ասելով, թէ «ղարաբաղի հարցը լուծէք, ես կը գամ»: Հիմա տեսան, որ «լուծում»ից յետոյ ոչ թէ եկաւ, այլ ընդհակառակը` կորցրեցին Ադրբեջանը», բացատրեց քաղաքագէտը: