ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Մոսկուա պատրաստ է աջակցելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կայունացնելու ջանքերուն եւ քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի տարածաշրջանը վերածուի կայունութեան գօտիի, կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ 30 Յուլիսին տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Լրջօրէն մտահոգ ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշ հատուածներու մէջ վերջերս արձանագրուած զինուած միջադէպերով, որոնք յանգեցուցին մարդկային կորուստներու: Դժբախտաբար, իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ», յայտարարեց նախարարութիւնը, կոչ ընելով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որ զերծ մնան որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ աւելիով վատթարացնել սահմանային իրավիճակը, եւ տարակարծութիւնները հարթել քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով։
Նշենք, որ Մոսկուա փոխած է իր ներկայացուցիչը Արցախի տագնապով զբաղուող ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ։ 2010էն ի վեր ռուս համանախագահողի պաշտօնը ստանձնած Իկոր Փոփովը փոխարինած է Իկոր Խովաեւը, որ ստորագրած էր միջնորդական խմբակին 29 Յուլիսին տարածած յայտարարութիւնը:
Խովաեւ 59 տարեկան է. 2015էն մինչեւ 2020 եղած է Ռուսիոյ դեսպանը Ֆիլիփինի մօտ, իսկ մինչ այդ եղած է Վիեթնամի մօտ Ռուսիոյ դեսպանի խորհրդականը: