Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մոսկուա Պատրաստ Է Նպաստելու Հայ-թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

September 3, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Russian diplomat says some of Trump’s supporters curious about Russian citizenship

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա «արձանագրած եւ ի գիտութիւն ընդունած է» Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջերս արձանագրուած դրական ազդակները, Հինգշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

«Ռուսիա, ինչպէս գիտէք, միշտ կողմ եղած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ի դէպ, պէտք է յիշեցնել, որ մենք նախապէս անմիջականօրէն մասնակցած ենք համապատասխան միջնորդական ջանքերու: Մենք նպաստեցինք ստորագրութեան 2009ի Զիւրիխի արձանագրութիւններուն, որոնք կ՛ենթադրէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու փուլային բարելաւում՝ առանց նախապայմաններու», նշեց Զախարովա:

Ըստ անոր՝ Ռուսիա ոչ միայն միջնորդի դեր խաղցած է, այլ նաեւ «ձեռնարկած գործօն, արդիւնաւէտ քայլերու, որոնք դրական արդիւնքներ տուած են»:

«Հետագային կողմերը չիրականացուցին զանոնք, բայց այդ արդէն պետութիւններու կամքն էր: Մենք այժմ պատրաստ ենք ամէն կերպ նպաստելու երկու դրացի պետութիւններու մերձեցման՝ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ եւ անոնց շահերը նկատի ունենալով», եզրափակեց Զախարովա:

Արցախի գծով, ան յայտնեց, թէ Մոսկուա կ՛աջակցի ներկայի լիազօրութիւններուն հիման վրայ Արցախի տագնապի կարգաւորման վերաբերեալ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն աշխատանքին աշխուժացման:

«Տարածաշրջանի նոր իրողութիւններու համարժէք դիտարկման պայմաններուն մէջ, կը կարծենք, որ եռեակը (համանախագահներու) կրնան նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու լուծման: Այդ մէկը կը ծառայէ քաղաքական հարցերու քննարկման անցնելուն», նշեց Զախարովա:

Previous Post

Արցախի Ղեկավարութեան Ուղերձները Հանրապետութեան 30-ամեակին Առիթով

Next Post

Հայաստանի Իշխանութիւնը Կը Շնորհաւորէ Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեակը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.