ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 191
Մուսա լերան հերոսամարտը հայ ազգային ազատագրական պայքարի փառապանծ էջերէն մէկն է:
Մուսա Լեռը կը գտնուի Կիլիկիոյ՝ Տաւրոսի Ամանոս լեռնաշղթայի հարաւարեւմտեան փէշերուն: Անոր լանջերուն սփռուած են Սուէտիոյ հայկական վեց գիւղերը: Գիւղախումբին աւելի քան վեց հազար բնակիչները կը զբաղէին հողագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ այլ արհեստներով:
19-րդ դարուն Հնչակեան կուսակցութիւնը, Վերակազմեալ հնչակեանները, իսկ 1900-ականներու սկզբնաւորութեան Դաշնակցութիւնը արագ տարածում գտան երիտասարդ մուսալեռցիներուն մէջ:
1915-ի գարնան Երիտթուրքերը սկսան Արեւմտահայաստանի հայ բնակչութեան տեղահանութեան եւ բնաջնջումին:
Մուսա լերան բնակչութիւնը անմասն չմնաց օսմանեան զօրահաւաքէն՝ թրքական բանակին տալով հայ կտրիճներ: Զինուորական ծառայութեան ընթացքին անոնք տաժանելի չարչարանքներու ենթարկուեցան թուրք զինուորներուն ձեռքը: Այդ բոլորը հանդուրժեցին այն ակնկալութեամբ, որ իրենց ընտանիքները պիտի խնայուէին տեղահանութենէն ու կոտորածէն: Հասնելով Հալէպ, անոնք ականատես դարձան հայ տարագիրներու տառապանքներուն: Մուսալեռցի զինուորներուն համար զարհուրելի էր ապրիլ այդ վայրագութիւնները: Քիչեր միայն յաջողեցան վերադառնալ Մուսա լեռ եւ պատմել իրենց յուսախաբութիւնները:
Այդ օրերուն բռնագաղթէն իր ծննդավայրը՝ Մուսա լեռ, կը հասնի Զէյթունի աւետարանական եկեղեցւոյ քարոզիչ Տիգրան Անդրէասեանը ( հետագային՝ ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական մարմինի ղեկավարը): Ան կը պատմէ զէյթունցիներուն դժոխային կացութիւնը եւ կը յորդորէ չընդունիլ բռնագաղթի դաժան վերջնագիրը, միաւորուիլ եւ բարձրանալ Մուսա լերան գագաթը, զէնքի դիմել եւ պատուով մահանալ: Գիւղի քահանայ Աբրահամ Տէր Գալուստեանի բնակարանը տեղի կ’ունենայ Մուսա լերան վեց գիւղերու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը: Մեծամասնութեամբ կ’որոշեն դիմել ինքնապաշտպանութեան: Անմիջապէս կը կազմուի ռազմական խորհուրդ:
28 յուլիս 1915-ին կը հասնի տեղահանութեան վերջնագիրը:
Այստեղ փակագիծ մը բանալով յայտնեմ, թէ պատուելի Տիգրան Անդրէասեանի կողքին, Մուսա լերան հերոսամարտը ունեցաւ իր փայլուն դէմքերը, ինչպէս հերոս մարտիկներ Յաբեթ Իսկենտերեանը, Եսայի Եաղուպեան, Պետրոս Տմլաքեան, Պետրոս Տուտագլեան եւ ուրիշներ:
Մուսա լերան բնակչութիւնը կը սկսի բարձրանալ լեռ եւ պատրաստել պաշտպանութեան դիրքերը: Թուրքերը նենգաբար ներում կը խոստանան համակերպող հայերուն: Դժբախտաբար ոմանք այն համոզումը ունէին, որ փրկութիւնը միայն հպատակութեան մէջ էր: Անոնք անխտիր կ’իյնան թրքական թակարդը…:
Այսպէս սկսաւ Մուսա լերան՝ Սուէտիոյ ժողովուրդին քառասնօրեայ հերոսամարտը: Համեստ պաշարով, վեց հարիւր որսի զէնքերով, քանի մը հարիւր սովորական հրացաններով քաջարի մուսալեռցիները դէմ դրին տասնապատիկ հզօր թրքական բանակին: Թշնամին, աւելի մեծ ուժեր կեդրոնացնելով, քանիցս փորձեց գրաւել հայկական դիրքերը: Հայ մարտիկները ետ մղեցին թշնամին, որ երեք մեծ յարձակում կատարեց Մուսա լերան վրայ ու երեքին ալ նահանջեց՝ հանդիպելով Մուսալեռցիներու բացառիկ հերոսութեան:
Այս ձախողութիւններէն ետք թշնամին դիմեց այլ ռազմավարութեան, համոզուելով, որ միայն պաշարելով, սնունդի եւ ռազմամթերքի սակաւութեամբ պիտի փշրէր մուսալեռցիներուն կամքը:
Ցամաքէն պաշարուած քաջարի մուսալեռցիներուն փրկութեան միակ յոյսը Միջերկրական ծովն էր, որուն բացերուն վրայ կ’երեւէին ֆրանսական ռազմանաւեր: Մուսա լերան բարձր գագաթներուն վրայ անոնք ամրացուցին երկու հսկայ դրօշ, մէկուն վրայ ասեղնագործուած էր Կարմիր խաչ, միւսին վրայ գրուած էր. «Քրիստոնեաները վտանգի մէջ են»:
Սեպտեմբերի երկորդ օրը ծովուն վրայ յայտնուեցաւ մարտանաւ մը: Մուսալեռցիները ճօճեցին սպիտակ դրօշներ, խարոյկներ վարեցին: Նաւը անտարբեր հեռացաւ…: Քանի մը օր ետք այլ մարտանաւ մը յայտնուեցաւ ծովուն վրայ եւ մօտեցաւ ափին, խարիսխ նետեց: Այդ ֆրանսական «Կիշէն» մարտանաւն էր:
Հերոսամարտի 41-րդ օրը, 13 սեպտեմբեր 1915-ին, ֆրանսական հինգ ռազմանաւեր 4058 հայ վերցնելով նախ ուղղուեցան Կիպրոս: Վերջինս ի վիճակի չէր ընդունելու հայ տարագիրները: Ստիպուած անոնք ուղղուեցան Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստը:
Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտը մուսալեռցիները վրաններու տակ ապրեցան Փորթ Սայիտի մէջ: Շատեր զինուորագրուեցան Հայկական լեգէոնին: Պատերազմէն ետք՝ 1919-ին, անոնց մեծամասնութիւնը վերադարձաւ իր հայրենի ոստանը: 1939-ին, մուսալեռցիները զրկուեցան իրենց հայրենական օճախէն, երբ Անտիոքի հոգատարութիւնը ստանձնած Ֆրանսան այդ տարածութիւնները թրքական իշխանութիւններուն յանձնեց:
Մուսալեռցիները անգամ մը եւս բռնեցին գաղթի ճամբան: Այս անգամ հաստատուեցան Այնճար՝ Լիբանան:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ 1946-1947, մուսալեռցիներէն եօթը հարիւր ընտանիք հայրենադարձուելով հաստատուեցան Էջմիածինի եւ Հոկտեմբերեանի շրջանները: Երեւանէն էջմիածին տանող ճանապարհին կը խոյանայ Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան կոթողը, ուր իւրաքանչիւր տարուան սեպտեմբեր ամսուան վերջին կիրակին, աշխարհի տարբեր ափերէն մուսաթեռցիներուն ժառանգորդները կը համախմբուին եւ կը նշեն Հերոսամարտին օրը: Ահաւասիկ տարաբախտ ժողովուրդի մը հերոս զաւակներուն ոդիսականը:
Այսօր Մուսա լերան հայկական գիւղերէն միայն Վագըֆի հայերը տակաւին կ’ապրին իրենց ծննդավայրին մէջ՝ պահպանելով իրենց աւանդութիւնները:
Մուսա լերան ինքնապաշտպանութիւնը, Սասնոյ, Վանի, Հաճնոյ, Այնթէպի հերոսամարտերուն նման կը խորհրդանշէ Ցեղասպանին դիմադրելու հայ ժոովուրդին ազգային նկարագիրին խոյանքը:
Մուսալեռցիներու հերոսական պայքարին նուիրուած է աւստրիացի հանրածանօթ գրող Ֆրանց Վերֆէլի անմահանուն « Մուսա լեռան 40 օրերը» վէպը: Այս վէպը թարգմանուած է աւելի քան երեսուն լեզուներու:
Մուսա լերան հերոսամարտը ներշնչած է տարբեր ժողովուրդներ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, իտալօ-գերմանական բանակներուն դէմ մարտնչող Սլովենիոյ ազատամարտիկները, Ռոկ լեռան բարձունքներուն վրայ պաշարուելով ՝ վճռած են «հայրենիքի համար կռուիլ այնպէս, ինչպէս կռուած են Մուսա լերան հայերը»: Այդ օրերէն ի վեր, Ռոկ լեռը կը կոչուի Սլովենիոյ Մուսա լեռը:
Յարգանք հայրենիքի ինքնութեան համար ինկած Մուսա լերան զոհերու յիշատակին: