ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Մուսթաքպալ պլոքի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Ռուլա Թապըշ եւ Նազիհ Նաժըմ:
Հանդիպումին ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքին ներկայացուեցան Մուսթաքպալ պլոքին առաջադրած օրինագիծերը, որոնք կը վերաբերին դատական իշխանութեան ներկայացուցիչներն ու պետական այրերը անձեռնմխելիութենէ զրկելու առաջարկին` 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով արդարութիւն հաստատելու նպատակով:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 4 օգոստոսի աղէտին նախօրեակին, իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն, կը նկատենք, որ բացարձակին մէջ անձեռնմխելիութեան կարիքը չկայ:
«Անձեռնմխելիութեան վերացումը այսօր եւ ապագային` արդարութեան հիմքն է: Կարեւորագոյնը կը մնայ Պէյրութի պայթումին բոլոր պատասխանատուները դատավարութեան ենթարկել եւ պատժել` հասնելու համար արդարութեան, որուն հիմքը հաւասարութիւնն է», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է ամէն տեսակի անձեռնմխելիութիւն վերացնել` սկսելով երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու քայլէն եւ հասնելով այլ մարզերու:
«Այսօր կան շարք մը առաջարկներ, որոնք կը միտին հասնիլ արդարութեան: Երեսփոխան Պահիա Հարիրիի նախագահութեամբ այսօրուան նիստին ընթացքին մեր տեսակէտը յայտնեցինք Մուսթաքպալ հոսանքի առաջարկներուն մասին, իսկ մեր կոչը պիտի ըլլայ, որ բոլորս խորհրդարանին մէջ համաձայնինք յարմարագոյն որոշումին շուրջ` հեռու մնալով համայնքային, կուսակցական կամ տեղայնական տարակարծութիւններէ, որովհետեւ մեր նպատակը մէկ է, եւ որովհետեւ նաւահանգիստի, Պէյրութի եւ անոր արուարձաններու զոհերուն թափած արիւնը շատ աւելի կարեւոր է ամէն տեսակի սահմանադրութիւններէն եւ բոլոր երկիրներէն: Սահմանադրութիւնն ու օրէնքը ի սպաս քաղաքացիին են եւ ոչ հակառակը:
Այս հիման վրայ իբրեւ պլոք պիտի սերտենք Մուսթաքպալ պլոքի առաջարկները, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ամէն մակարդակներուն վրայ վերացնելու անձեռնմխելիութիւնները: Նահատակներուն թափած արեան դիմաց մեծ ու փոքր գոյութիւն չունին»:
Իր կարգին, Թապըշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին այցելութիւնները կը ներառեն տարբեր երեսփոխանական պլոքներ, որոնց կը ներկայացուին երկու օրինագիծերը, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի դատաւորները, իրաւաբաններն ու պաշտօնեաները անձեռնմխելիութենէ զրկելու:
«Այս օրինագիծը երկուշաբթի օր պիտի ներկայացուի խորհրդարան եւ ապա երեսփոխանական համապատասխան յանձնախումբին, որպէսզի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ներկայացուի խորհրդարանի լիագումար նիստին:
Իսկ երկրորդ օրինագիծը սահմանադրութեան փոփոխութեան չի վերաբերիր, այլ` անձեռնմխելիութեան վերաբերող սահմանադրութեան կարգ մը կէտերու առկախումին», ըսաւ ան:
Թապըշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ ներկայացուած այս զոյգ օրինագիծերուն նպատակն է պետական բուրգին գագաթէն մինչեւ ամէնէն պարզ պաշտօնեան անձեռնմխելիութենէ զրկել, իսկ դատավարութեան ընթացքը նոյնացնել` դատական մէկ ատեանի մօտ, «որովհետեւ այսօր պայթումին թղթածրարը կը սերտուի երեք ատեաններու կողմէ` Նախագահներու դատավարութեան, Դատական գերագոյն խորհուրդին եւ Դատաւորները դատավարութեան ենթարկող ատեանին, ինչպէս նաեւ Արդարութեան խորհուրդին կողմէ: Նման ոճիրի մը թղթածրարը պէտք է սերտուի մէկ հեղինակութեան կողմէ, որովհետեւ ի վերջոյ նման քստմնելի եւ ահռելի ոճիրի մը դիմաց բոլորին նպատակը մէկ է»:
Ան աւելցուց, որ նման ոճիրներ եւ աղէտներ ապրող տարբեր երկիրներու մէջ սահմանադրութիւնները կ՛առկախուին եւ բոլորը անձեռնմխելիութենէ կը զրկուին:
«Ինչպէս պաշտօնակիցս` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. նպատակը մէկ է` ճշմարտութիւնը իմանալ, յանցագործները պատասխանատուութեան կանչել, արդարութիւն հաստատել եւ իմանալ, թէ ո՛վ քանդեց Պէյրութը եւ սպաննեց անոր զաւակները», ըսաւ ան:
Թապըշ նշեց նաեւ, որ նախ եւ առաջ կայ այն հարցը, թէ ո՞վ ամոնիում նայթրէյթը Լիբանան բերել տուաւ, եւ աւելցուց, որ պէտք է հաշուետուութեան կանչել եւ պատժել բոլորը:
Թապըշ ընդգծեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ խորհրդակցութիւնները բաց են: Ան նկատել տուաւ, որ կարգ մը երեսփոխանական պլոքներ համաձայնութիւն յայտնած են իրենց առաջարկին եւ ստորագրած առաջարկները, իսկ ոմանք չեն ստորագրած` սակայն կը կիսեն իրենց տեսակէտներն ու ունին նոյն նպատակը: Այս առաջարկները, ինչպէս նաեւ այլ պլոքի մը կողմէ ներկայացուելիք որեւէ առաջարկ քննարկումի առարկայ են` խորհրդարանի լիագումարին ընթացքին:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Թապըշ շեշտեց, որ նուազագոյնը անգամուան մը համար թող օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը բոլորին վրայ պարտադրուին, առանց խտրութեան: