Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Մտահոգիչ է այն, որ արտաքին կողմեր Լիբանանի իրավիճակը չարաշահեն եւ ստեղծեն ամբողջական փլուզում պատճառող անբնական կացութիւն մը». շեշտեց Յ. Բագրատունի

September 4, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
«Մտահոգիչ է այն, որ արտաքին կողմեր Լիբանանի իրավիճակը չարաշահեն եւ ստեղծեն ամբողջական փլուզում պատճառող անբնական կացութիւն մը». շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ կան որոշ քայլեր, որոնք կրնան դրական ըլլալ, եթէ յետին նպատակները վերանան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան դռները բացուին:

«Մնայուն կերպով կը շեշտենք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, եւ յոյսով ենք, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին կրնան պատահիլ որոշ փոփոխութիւններ` նախագահական ընտրութեան մօտեցումներուն առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան համախոհական նախագահ մը ընտրել», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ չընտրուելու պարագային պետութիւնը փուլ գայ:

«Մենք կը գտնուինք մնայուն փլուզումի մէջ, որ մեզի հասցուցած է անդունդին յատակը, եւ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան չենք կրնար շարունակել: Աւելի՛ն. մտահոգիչ է այն, որ արտաքին կողմեր իրավիճակը չարաշահեն եւ ստեղծեն ամբողջական փլուզում պատճառող անբնական կացութիւն մը, որուն ընթացքին ոչ միայն պետութիւնն ու հաստատութիւնները փուլ կու գան, այլ նաեւ` հայրենիքը: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ կոչ կ՛ուղղենք կառչած մնալու հայրենիքին եւ դիմադրելու բոլոր անոնց, որոնք երկիրը կ՛ուզեն նախքան քարէ դարը առաջնորդել, ըլլայ անոնք Իսրայէլը թէ ուրիշներ», եզրափակեց ան:

 

Previous Post

Սիամանթոյի հետ` գլուխ-գլխի (ծննդեան 145-ամեակին առիթով)

Next Post

Türkiye ‘attracts global clients’ for hair transplantation

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.