ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի մտավախութիւն յայտնեց, որ միջազգային ապահովութեան համար կարեւոր փաստաթուղթերը կասկածի տակ դնելու ջանքերուն պատճառով, աշխարհի վրայ իրաւունքի գերակայութեան փոխարէն կրնայ գերիշխող դառնալ անտառի օրէնքը:
Եւրոպական Միութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոկերինի «Հարվըրտ» համալսարանի Քենետիի անուան միջազգային յարաբերութիւններու դպրոցին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց. «Պէտք է ընդունինք, որ նոր աշխարհակարգը ակնկալուածին նման չկայացաւ, եւ, ինչ որ աւելի վատ է, այսօր գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ անտառի օրէնքը պիտի գայ փոխարինելու իրաւունքի գերակայութիւնը: Այսօր կասկածի տակ կը դրուին միջազգային այն համաձայնագիրները, որոնք վերջ դրին Պաղ պատերազմին: Նոր աշխարհակարգ մը գոյացնելու փոխարէն, աւելի լաւ է ներդրումներ կատարենք ներկայ համակարգը քանդելու ջանքերը արգիլելու աշխատանքին մէջ»: