Զարմինէ Պօղոսեան
Զարեհ Խրախունի մեր Սիրելի
Այս օրերո՞ւն պէտք էր ըլլար բացակայութիւնդ
Ամենուրեք
«Լոյս ու զարդեր,
փայլ ու գոյներ, ծաղ ու ծիծաղ օրերուն»
Ըսէ խնդրեմ այս օրերո՞ւն…
Ցնցեցիր մեզ …
Մեկնումովդ յիշեցուցիր՝
«Միայն արմատ, միայն աւիշ, միայն հոգի դուն չունիս-
. . .Վառելու կոճղ ալ չունիս. . »
Հոկտեմբեր 16, 1926-էն Նոյեմբեր 27, 2015
89 տարի պաղատելով գրեցիր
Զուր աղօթեցիր առ Աստուած
Արթօ Ճիւմպիւշեան-
Զարեհ Խրախունի
Առաքեալը Մեծասքանչի
Արժանաւոր հետեւորդը Մեսրոպի
Մշակ մեր բարի
Ձեռքիդ լապտերը լոյսի
Ի զուր փորձեցիր
Լուսաւորել
Ձայնդ հասցնել
Մեր ականջներէն ալ անդին
Երկնասլաց հայեացքով
Առ Աստուա՜ծ
Խնդրեցի՜ր …
«Մէ՛կ բան միայն կը հայցեմ» – ըսիր
«Այս տարի ալ կայծակդ հեռուն իյնայ, Տէ՛ր»
Հազարաւոր Խրախունի ընթերցողներ,
Անկրնելի տողերուդ
Հիացողներն շարան-շարան
Զուր ձայնակցեցան ի խորոց սրտի
աղապատանքիդ կարեվեր
Ոսկեայ գրիչէդ ծորող
Ադամանդակուռ բառերուդ..
Հարցականիդ պատասխան մը դաժան
Հասաւ, հրկիզեց հոգիներն մեր անմխիթար
Սիրտդ ու հոգիդ պատող անդոհանքին
Շանթարգել մը չեղաւ որ կարենար
Շեղել սլացքը մահագուժ նետին
Ահաւորն ու անսպասելի՛ն
Կայծակն էր որ ինկաւ ճի՛շդ երդիքիդ
Չխնայեց պարտաճանաչ դաստիարակիդ
Եւ կամ՝
Արդար պատասխան մը տար
Մեր խնդրանքին միաբերան
Մեր բոլորին մե՜ծ հարցական՝
«Ուղեղիս մէջ հարցականներ կը պեղէ-»
Ալ այս տարի ո՞վ – այս տարի ո՞ւր
Ահեղ ռումբ մը ո՞ր տան վրայ
Պիտի իյնայ պիտի այրէ
Պիտի քանդէ պիտի բանայ փոս մը սեւ»
Փոսը մեր հոգիներէն ներս է հիմա
Բաց է ու անդնդախոր
Հայելի՛ն է մեր կորուստին
Անդարմանելի վշտին
Սակայն…
Ո՞վ ըսաւ որ «Ոչ եւս է Խրախունին»
Աշխարհի «օրէնքին» քթին խնդալով
Հսկայ տոպրակ մը գիր ու գրիչով
Աւուր պատշաճի երգ ու տաղով
Զբօսապտոյտ-ով մը անզուգական
Տօնակարգէն, Ժամերգութիւն,
Օրհներգութիւն թէ Ազատերգութիւն ,
Մեզի հետ են, մեր հոգիի՛ դրան շեմին
Ըմբոշխնելու, վայելելու,
Առատաբաշխ
«Կաղանդ Պապային Տոպրակ» ը
Ժառանգով մը ճոխ ու անկրկնելի
Դիւցազնահանդէս մը եզակի
Հերոսապատումը Ձեր կեանքին
Յետոյ՞՞
« Լքում
Մեկնում
Ափսոսանք
Ճակատագիրն անքաւելի
Ամէն ծնող ապրողի
Ամէն ապրող ծնողի. .. »
Կորուստի կոտտանքը մեր ներսիդին
Ժպիտ մը կը յանդգնի սպրդիլ
Մտածելով թէ
Օ՜՜
Զահրատը հոն եթերին մէջ կը սպասէ
Կապուտաչեայ Վոսփորէն
Գրչակից մը անզուգական
Մեսրոպի Առաքեալներէն
Աւանդապաշտ Պոլիսէն
Անփոխարինելի Ձեր Երրեակէն
Կը միանայ անմահներու Պանթէոնին
Այո՛, ան է միայն որ հիմա
Գուցէ բնաւ մինակ չզգայ
Անհամբեր ժպիտիդ ու բարեւիդ
Գրչեղբայրի քու համբոյրիդ կը ձգտի…
Գուցէ հիմա դարձեալ միաձայն
Ամբողջ ուժով ու հաւատքով
Ձեր գրիչին ամբողջ ուժով
Մէկ բան միայն հայցէք
Մե՛զ համար գէթ . . .
«Տէ՛ր
Այս տարի ալ կայծակդ հեռուն իյնայ
Չհարուածէ երդիք մը սուրբ ու սիրուած
Չտապալէ հասուն ծառ մը պտղալից
Սիրտ ու հոգի չվառէ..»
Այո հիմա . . . կոտրած սրտով
Բայց եւ այնպէս
Հայու կամքով հոգւով, սրտով
Բոլորս միաբերան
Ու մանաւանդ՝ Միաձա՛յն
Դուք երկինքէն, մե՛նք երկրէն
Անտեսելով տեղատարափն ահաւոր
Կրկին ա՛յս դարուն
Մեր գլխուն տեղացող
Արհաւիրքներն այս նորանոր
Աղաղակով մը առ Աստուած
Ըսենք ու մաղթենք
Ալ կը բաւէ՜ կորուստ սգանք
Մեզ հանգիստ թող մեր նահապետներով
Վայելելու անոնց ներկայութիւնը տաքուկ
Իմաստութիւնն ու օրհնութիւնը արդար
Երբ ի սրտէ կը ձայնակցին ձեզի …
Հաւատալով ձեր պատգամին թէ՝
«Բոլոր փայլերն ու գոյները պիտի մարին հրաշքով
Պիտի մնաք դէմ առ դէմ
Այն լոյսին հետ, որ պիտի տայ յո՛յս նորոգուած ձեր կեանքին»:
Եւ այն ատեն դուք անդենականի բնակիչ
Ժպիտով մը խորհրդաւոր
Միւռոնաբոյր բառերով
Հոգեթափանց օրհնութեամբ
Մխիթարէք մեզ գուցէ
Հայցելու երկրաւորներուս համար
ՆՈՐ ՏԱՐԻ մը ան-ցաւ, ան-վիշտ
եւ ԾՆՈՒՆԴ-ներ նոր ու հրաշալի:
7 Դեկտ, 2015- Նիւ Եորք