ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Խօսքերէն ձանձրացած, խոստումներ լսելէն յոգնած, փիլիսոփայութենէն զզուած, մասնագիտացումէն յուսահատած երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
– Ո՞ւր է երիտասարդութիւնը:
– Ո՞ւր են երիտասարդները:
Կը լսէինք: Կը լսենք: Պիտի լսե՛նք:
Եթէ կը հարցնէք, թէ ո՞ւր են, ուրեմն գոյութիւն ունին…
Կայ այս խօսքերէն խռոված ու այդ նախադասութեան սուր հնչեղութենէն ցաւած ականջներով երիտասարդութիւն մը, որ իր հոգեցաւ զգացումը լաւին մէջ դրսեւորելու միջոցները կը փնտռէ:
Եւ այդ երիտասարդութիւնը բնականօրէն պիտի շարունակէ փնտռել բան մը, տեղ մը…
Գանգատող ու լոկ քննադատող դէմքերէն հոգեվարած երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
«Մեր ատեն»-ներու վառ ոգիով լուսաւորուած փակին մէջ ուրախանալու ու խանդավառուելու կարօտ երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
Վատ ապագաներ ցուցադրող սուրճի գաւաթներէն աստիճան շինող երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
Այս բոլոր խօսքերէն հիասթափած, նեղացած, բայց աւելի՛ ոգեւորուած երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
«Մեր ատեն»-ներուն պսպղալից դրօշը փնտռող երիտասարդութիւն մը կայ:
«Մեր ատեն»-ներուն սուրբ փոշին քարի վերածելու պատրաստակամ երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
«Ինչո՞ւ»-ներէն ու ընդհանրապէս «չ» տառի բաղաձայն հնչիւնէն սարսռած ու խուլցած երիտասարդութիւն մը կայ:
Կեանքի հաւատքով տենչացած, պոռթկացող, գաղափարով գինովցած, աշխատանքով հարբեցած, յոյսերով լի «խենթ» երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
«Երիտասարդութիւն»-ը չփոխուեցաւ:
«Երիտասարդութիւն»-ը կը մնայ «երիտասարդութիւն»:
Մէկ բառով, մէկ խօսքով, մէկ երգով կամ մէկ քաջալերանքով հոսանքն ի վեր թիավարող երիտասարդութիւն մը կայ:
Իր մեծերուն օրինակներով, խրատներով ու բարի յանդիմանութիւններով յառաջ մղուող երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
Իր մեծերուն լաւատես ու շողշողացող դէմքերէն ուժ առնող երիտասարդութիւն մը կայ:
Այո՛, կայ:
Այս բոլորը կան, թէեւ ոչ յաճախ կը տեսնուին: Կան ոգի ներշնչող գլխագիր տարեցները: Այո՛, կան:
Կրնա՞նք, սակայն, օր մը, թէկուզ մեղմ ձայնով գոռալ` «Ո՞ւր են տարեցները»: Կրնա՞նք քիչ մը կրքոտ, բայց ասպետի ոգիով երգել` «Ո՞ւր են տարեցները»: Կրնա՞նք ոգի պահանջել, քաջալերանք «աղաչել», լաւատեսութիւն լսել:
Այս նախադասութիւնն է` «Ո՞ւր է երիտասարդութիւն»-ը, որ պատճառներէն մէկն է երիտասարդութեան տարիքի սահմանման ու աշխատանքներու դասաւորման` ըստ տարիքի: Լաւագոյն առիթն է կարծես ըսելու` «Երիտասարդները թող աշխատին»: Դժբախտաբար, նաեւ, ինքնամեկուսացման պատճառ մըն է, որովհետեւ, զաւեշտալիօրէն «Երիտասարդութիւնը պէտք է ընէ»:
Գլխագիր երիտասարդութիւնը չէ յոգնած եւ ոչ ալ կը յոգնի: Ութսունամեայ այրն ալ կայ, կինն ալ կայ, որ քսանամեայ երիտասարդին հետ կ՛աշխատի:
«Երիտասարդ»-ն է, որ յոգնած է, ոչ թէ` գլխագիր երիտասարդը:
«Տարեց»-ն, է որ չափազանց թանձր ոխով լեցուած է, եւ ոչ` գլխագիր տարեցը, որ ոգի ի բռին կը շարունակէ հաւատալ ու ներշնչել տարիքով իրմէ փոքրերը:
Սերունդներու «պայքար»-ն է, որ միշտ չի լուծուիր ու սեղանի վրայ չի դրուիր:
Մէկը միւսին բարի կամ խռոված այպանումներն են, որոնք կը մնան անաւարտ:
Ամէն ինչին մէջ սխալը պրպտող, չհամբերող, բամբասող, նուաստացնող, իր արժէքները եւ ազգային ոգին տեղ մը կորսնցուցած հոգեվիճակին մէջ ապրող սերունդ մը կայ…
Եւ կայ տարօրինակ մշակոյթ մը, որ կարծես նորաստեղծ հնարք մըն է, որմէ շատեր կարողութիւնը չունին օգտուելու®
Կայ պիտակաւորող «ժողովուրդ» մը, որ կը կարծէ, թէ միշտ ուրիշն է յանցաւորը, թէ` միշտ միութիւն մըն է չաշխատողը, թէ` միշտ անձ մըն է սխալողը. բայց երբեք` ինք:
Սխալներ գտնող, բայց` ճիշդ տեղը չխօսող:
Յայտարարող, բայց` չաշխատող:
Քննադատող, բայց` ծիծաղով ու առանց տառապանքի:
Կը բաւէ՛ ալ:
Խօսքեր, խօսքեր, խօսքեր:
– Երիտասարդութի՛ւն, ո՞ւր են տարեցները:
– Տարեցնե՛ր, ո՞ւր են երիտասարդները:
Հանդիպի՛նք: