Խմբագրական- ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ- ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Այս տարուան Ապրիլ 24-ը եւ անոր յաւերժախօս խորհուրդն ու պատգամը կը զուգադիպին ցաւալիօրէն՝ ամբողջ աշխարհը ահ ու սարսափի մատնած թագաժահրի կամ գորոնավիրուսի համաճարակին…:
Հոգեւին միայն պիտի կարենանք խոնարհիլ մեր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ վերանորոգել մեր սրբազան ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու իրենց կտակին:
Այս առիթով, սակայն, պիտի ընենք կարգ մը խորհրդածութիւններ ինչ կը վերաբերի Հայ Դատի Պահանջատիրութեան մեր երթին…
-Ցեղասպանութենէն 105 տարիներ ետք, տակաւին մենք խրուած կը մնանք անոր ճանաչման գործընթացներու ճահիճին մէջ: Ցեղասպանութեան ճանաչումներ՝ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու, պետական-քաղաքական մարմիններու կամ կարեւոր անձնաւորութեանց կողմէ, որոնք կը կրկնեն պատմական դէպքի մը իրաւացիութիւնը եւ կը դառնան տեսակ մը քնաբեր օրօրներ, բաւարարուելու այդքանով եւ մոռնալու ԷԱԿԱՆԸ՝ հայրենախլման եւ հայրենահանման կարեւորագոյն իրաւազրկումը: Ի դէպ, նոյն նպատակին կը ծառայէր՝ թուրք մտաւորականներու ձեռնարկած՝ «Մենք ներողութիւն կը խնդրենք» լոզունգով արշաւը, որ դարձեալ քնաբեր դեղահատ մըն էր՝ մեր հողազրկեալ եւ իրաւազրկեալ հանգամանքը մոռցնել տալու միտող…: Ցաւալիօրէն, նմանատիպ օրօրներ են՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէօրէն պատժելու գծով օրինագիծի մշակումները՝ աշխարհի տարբեր խորհրդարաններուն կողմէ, քանզի անոնք ո՛չ մէկ ձեւով կը պարտաւորեցնեն ցեղասպան Թուրքիան՝ պատժամիջոցներու թէ այլ եղանակներով, ընդունելու իր յանցագործութիւնը եւ պատասխանատւութիւն կրելու անոր համար…
Նման ճանաչումները արհամարհելով, Թուրքիան ցարդ կը ժխտէ իր գործադրած Եղեռնագործութիւնն ու հայրենահանումը, անգամ մը եւս ցեղասպանութեան ենթարկելով տարագիր հայութիւնը:
-Պիտի ընդգծենք այստեղ որ Մեծ Թուրանի իրականացումը կը մնայ ըլլալ թուրքին մեծ երազը, թուրքը ըլլայ՝ սուլթանական, օսմանեան թէ հանրապետական, ֆէսով թէ գլխարկով…: Ցեղասպանութիւնը հիմա ալ կը շարունակուի Հայաստանի շրջափակումով, թուրք-ազերի սերտագոյն գործակցութեան հայատեաց քաղաքականութեան նորանոր դրսեւորումներով եւ ծաւալողապաշտ քարոզչութեամբ: Նմանապէս՝ աւերումովն ու կործանումովը Արեւմտահայաստանի եւ Նախիջեւանի տարածքին վրայ սփռուած մեր պատմամշակութային կոթողներուն, որոնք ցայտուն ապացոյցն են հայութեան հազարամեակներու գոյութեանը՝ այդ հողատարածքին վրայ:
-Քաղաքական պահանջատիրութիւնը պէտք է ընդգրկէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումներէն անդին եւ գերիվեր՝ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողային իրաւապահանջութիւնը, մասնաւորապէս խելամտօրէն եւ դիւանագիտական ճիշդ լեզուով օգտագործելով Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը, որուն հարիւրամեակն է այս տարի:
– Ըստ այդ իրաւարար վճիռին, որ ստորագրուեցաւ 22 Նոյեմբեր 1920-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան տիտղոսն ու իրաւունքները կը ճանաչուէին՝ նախկին Օսմանեան կայսրութեան Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգներուն վրայ՝ ընդհանուր առմամբ 103.599 քառակուսի քիլոմեթր: Իսկ այդ իրաւարար վճիռը վերջնական է եւ պարտադիր է կատարման համար: Ան չունի ժամանակային սահմանափակում, եւ անոր կարգավիճակը կախում չունի վճիռին հետագայ ճակատագրէն:
-Տխուր է նկատել, որ Պահանջատէր ըլլալու գիտակցութիւնն ու յանձնառութիւնը տակաւ կը խամրին՝ Սփիւռքի տարագիր հայութեան մօտ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումներու օրօրներով թէ այլապէս, երբ կը կարծուի թէ Հայաստանի պետութիւնն է, որ միակ իրաւատէրն ու պահանջատէրն է Հայ Դատին: Առանց ժխտած ըլլալու հայրենի պետութեան ստանձնելիք կարեւոր դերակատարութիւնը այս ուղղութեամբ, պիտի կարեւորութեամբ ընդգծենք, որ հայ Դատի Պահանջատիրութեան պայքարը առաջին հերթին պատասխանատւութիւնն է Սփիւռքի Տարագիր հայութեան, եւ այդ պատասխանատւութիւնը ամբողջովին հայրենի պետութեան վրայ բարդելը դասալքութեան համազօր է, ինչպէս նաեւ չլսել է՝ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու աղաղակը…:
-Այս գիտակցութիւնն ու յանձնառութիւնը զօրացնելու համար, անհրաժեշտ է մշակել Հայ Դատի ազգային-պետական միասնական ռազմավարութիւն: Իսկ հայրենազուրկ Սփիւռքը կ’ունենա՞յ այդ միասնական ռազմավարութիւնը, վեր ելլելով կուսակցական, հատուածական տարբեր նկատառումներէն եւ ցուցաբերելով ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ոգի եւ մտածողութիւն…եւ կեանքի կոչելով՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Կեդրոնական Մարմինը, որուն տասնամեակներու բուռն ջատագովը եղած է Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը, հետեւողականօրէն խօսելով եւ գրելով՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Գորկրէսին գոյառման անյետաձգելի անհրաժեշտութեան մասին, եւ աւա՛ղ՝ ապարդիւն: Քանզի՝ մեր մօտ, հատուածամոլութիւնն ու մենատիրական փառատենչութիւնը տեղ չեն թողուր իրաւ, համահայկական ռազմավարական համագործակցութեան: Եւ կարելի է հարց տալ Փրոֆ. Երուանդ Հ. Քասունիին հետ միասին, թէ՝ «Դեռ որքա՞ն կարելի է շարունակել այս անտէր եւ ուղեկորոյս պահանջատիրութիւնը»:
-Իսկ եթէ լիարժէք ու լիիրաւ կերպով պիտի ստանձնենք Պահանջատիրութեան Դատն ու անոր հետապնդումը՝ որպէս արժանաւոր շառաւիղները ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած արեւմտահայութեան, ապա առաջնահերթ պարտաւորութիւն է սերունդներու ազգային, հայեցի դաստիարակութիւնը՝ հայերէն լեզուամտածողութեամբ ( այս պարագային՝ արեւմտահայերէնով), քանզի լեզուասպանութիւնը հայասպանութիւն է, կամ սպիտակ կամ անարիւն Եղեռն: Իսկ լեզուին անփոխարինելի եւ հիմնական դարբնոցը ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ է:
-Փերեզակային մօտեցումներով եւ հաշիւներով հայ դպրոց փակելը՝ տապանաքար դնել է հայ Պահանջատիրութեան, քանզի նոյնիսկ բռնագրաւեալ ՀՈՂԻՆ վերադարձը հայութեան պիտի արժեզրկուէր, եթէ այդ հողին տէրը հեռացած ըլլայ իր արմատներէն, իր բնիկ լեզուէն ու մշակոյթէն…, որոնք հաստատագիրն են իր ինքնութեան:
Հայկական Ցեղասպանութենէն եւ Հայրենահանումէն 105 տարիներ ետք, «Օդի, ջուրի, հացի նման» կենսական է ներկայիս կեանքի կոչել նոր ԶԱՐԹՕՆՔ մը՝ մեր Պահանջատիրութեան պայքարին եւ անոր ճիշդ հունաւորման գծով, յստակացնելով Սփիւռքի Տարագիր հայութեան եւ հայրենի պետութեան դերակատարութեանց ճիշդ բնութագրումը, եւ գործել ծրագրաւորուած, մէկը միւսին զօրավիգ ու զօրակից, մէկը միւսը համալրող ու ամբողջացնող: Սա նաեւ նոր խթան կրնայ ըլլալ՝ Սփիւռքի տարագիր հայութեան՝ հայ մնալու իր պայքարին մէջ:
Բայց մինչ այդ, Սփիւռքի ՏԱՐԱԳԻՐ հայութեան վերակազմակերպումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է՝ ազգային-պետական միասնական ռազմավարութիւն մշակելու ուղղութեամբ: Ո՞վ է վերջապէս այն Կառոյցը թէ Մարմինը, որ լիազօրուած է խօսելու համայն Տարագիր Սփիւռքին անունով եւ հաշուետու է անոր:
Որքա՛ն ուշացած ենք արդէն….
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ