ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- 7 Մայիսին, Ռուսիոյ վերընտրեալ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ կայացած արարողութեան մը ընթացքին նախագահական երդումը տալով՝ պաշտօնապէս վերստանձնեց իր պաշտօնը ու առնուազն վեց տարի եւս պիտի մնայ այդ պաշտօնին վրայ։ Ան աւելի ուշ վարչապետի պաշտօնին վերանշանակեց Տմիրթի Մետվետեւը։
Երկու օր առաջ, Մոսկուայի եւ ռուսական տասնեակ մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան Փութինի վերընտրութեան դէմ բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին ձերբակալուեցան մօտաւորապէս 1600 ընդդիմադիրներ, ներառեալ՝ ընդդիմութեան ղեկավար Ալեքսէյ Նաւալնին, որ իրաւունք չէր ստացած Փութինի դէմ ընտրութեանց մասնակցելու։
Փութին 1999-էն ի վեր Ռուսիոյ ղեկավարի պաշտօնին վրայ կը մնայ կա՛մ իբրեւ նախագահ, կա՛մ իբրեւ վարչապետ։