«Ria Novosti» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Արցախի հանրապետութիւնը եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը քննարկեն օդային հաղորդակցութեան հետ առնչուած հարցեր: Ռուսիոյ տարբեր շրջաններէն Ստեփանակերտի օդակայանը թռիչքները կրնան սկսիլ դեկտեմբերին:
« Այժմ երկու կողմերը ջանքեր կը գործադրեն որպէսզի իրականանայ այս ծրագիրը». յայտնած է գործակալութեան զրուցակիցը՝ պատասխանելով մինչեւ տարեվերջ Ստեփանակերտի օդակայանով թռիչքներ իրականացնելու կարելիութեան հարցումին»: Ան աւելցուցած, թէ Արցախ պիտի ժամանեն ոչ միայն Մոսկուայէն, այլեւ Ռուսիոյ այլ տարածաշրջաններէն փափաքողներ: