Սիլվա Իսկիկեան- Մահսերեճեան
_ Արփի՛, ջա՛նս, չեմ գիտեր ինչպէս բացատրեմ. սխալ չհասկցուիմ, բայց մայր ունենալը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ՝ մոռցած եմ: Գիտեմ, որ ցաւս մեղմացնելու համար պէտք էր մայրս փնտռէի, գլուխս կուրծքին դնէի, իր աչքերուն մէջ արցունքս տեսնէի, նեղ ժամերուս իր նեցուկը հայցէի ու մերժուած չզգայի…:
_ Քո՛յրս, 45 տարի առանց մօր ապրիլը, քիչ ժամանակ չէ. բնական է, որ կարգ մը բաներ բթանան…:
_ Այո՛, 45 տարի ինքնուրոյն ապրելով, ժամանակին դաժանութեան ու պայմաններուն յարմարելով, մոռցած եմ «արդար» իրաւունքս՝ մայրական հոգածութիւն ցանկալու …: Թէեւ յիշողութեանս մէջ ամուր տպուած են մօրս հետ ապրած տասնվեց տարիներուս ուղեկցող սէրն ու խնամքը:
Վարդագոյն եւ փայլուն մաշկով մայրս՝ իր կանաչ հրեշտակային հայեացքով, անմեղութեան ու անսակարկ սիրոյ ամէնէն բարի տիպարն էր:
Կարծես չարը վրէժ կը լուծէր այդ բարի էակէն եւ անողոք քաղցկեղը կը տեղադրէր անոր երիտասարդ կուրծքին մէջ: Չարը անտեղեակ էր, թէ ինք վեց տարի, յամառ պայքար պէտք էր մղէր, մինչեւ որ մօրս անխորտակ կամքը ընկճէր:
Մայրս ամբողջ թաղին հիւրընկալն էր: Մեր տան գետնայարկ ըլլալը շատ նպաստած էր իր մարդասէր ու բարի խառնուածքին: Ով որ դարմանատուն պիտի հանդիպէր, դայեակ Արմենուհիին պիտի այցելէր, եկեղեցիէն թուղթ մը պիտի վերցնէր կամ փերեզակներէն գնում պիտի ընէր, իր «շունչը» մեր տունէն կ՚առնէր…: Մեր տունը սպասման սրահ էր, խոհանոց էր, սուրճ էր, սէր էր, ժպիտ էր…: Անշուշտ միակ գանգատողը ես էի, որովհետեւ լուացարանին կուտակուած սուրճի գաւաթները իմ ճիտիս պարտքն էին:
«Նուրիձա՛, հարսնիք ունինք, մեզի հագուստ կը ձեւե՞ս», «Բրդեայ գազակիս սկիզբի քանի մը տողերը կը հիւսե՞ս», «Աղջկաս ձեռագործին կ’օգնե՞ս»…: Տան մէջ միշտ իմ բարկութիւնս գրգռող, շարան մը կտաւեղէն ու բրդեղէն կար. չըսելու համար՝ ուրիշներուն «ղալապալըխը»: «Ո՛չ» բառը մօրս բառարանին մէջ գոյութիւն չունէր: Մայրապետներուն քով իր սորված ֆրանսերէնով եւ թուաբանութեամբ, շարք մը դպրոցականներու շարադրութեան կ՚օգնէր եւ անոնց թուաբանական խնդիրները կը լուծէր: Հանգիստ ու դադար չունէր. դուռ դրացիին, ազգականին, բարեկամին եւ մեր հինգ հոգինոց ընտանիքին բոլոր պէտքերը լի ու լի կը կատարէր:
Պատերազմը եւ քաղցկեղը իր ողնայարը կոտրեցին: Պէյրութի արեւմտեան կողմը գտնուող՝ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ կը բուժուէր: Պատերազմին ստեղծած անցարգելներուն եւ սահմաններուն պատճառով, իր բժշկական թղթածրարը փոխադրեցին Պէյրութի արեւելեան կողմը գտնուող հիւանդանոց մը: Ձախող բուժման բոլոր երեւոյթները խեղճ մօրս վրայ ի յայտ եկան…: Ձախ թեւը իր ծաւալով՝ աջ թեւին եռեակ չափը ստացաւ: Մեծ քանակութեամբ ճառագայթ (radiotherapy) ստանալուն պատճառաւ, իր կուրծքին վրայ ահռելի վէրքեր բացուեցան: Ինծի համար այդ վէրքերը դարմանելը, իրենց տեսքով ու հոտով, խիստ դժուար էր…:
Մայրս յաճախ կ՚ըսէր. «Հիւանդութենէս չեմ դժգոհած, այլ ձանձրացած եմ մարդոց տեղատարափ հարցումներէն»: Ոմանք բան մը ըսելու սիրոյն կը ձաբռտէին. «Դէմքէդ բնաւ չ՚երեւիր, որ հիւանդ ես», «Արապի բժիշկ մը կայ, անոր գնա՛»: Ամէն պատահական անցորդ, կա՛մ խորհրդատու էր, կա՛մ ալ՝ բժիշկ:
Մօրս Վեցամեայ տառապանքը աննկարագրելի ցաւոտ էր: Նպատակս տառապանքին տարողութեան անդրադառնալը չէ, բայց յիշատակութեան արժանի է, իր աննկուն կամքն ու ներքին զօրութիւնը:
Մեր տան մէջ վխտացող ոտքերը՝ կարող, հիւսող, սուրճ խմողները… բոլորը վերացած էին: Պարզ էր… մօրս նահանջած կարողութիւնները հազիւ իր ցաւին կը բաւէին:
Ռմբակոծումը սաստիկ էր, մեր թաղը տուն առ տուն թիրախ էր: Բոլորիս համար նոր սկսած պատերազմը անսովոր ու սարսափազդու երեւոյթ էր: Մօրս վիզին փաթթուած կու լայի..: Խեղճս հազիւ ինքզինք բռնած, իր կանաչ աչքերով զիս կը դիտէր…: Այդ նայուածքը յիշողութենէս բնաւ չի հեռանար: Նայուածք մը, որուն մէջ հարիւր տեսակ անպատասխան հարցում կը կարդայի: Իր վիճակին քաջ տեղեակ էր…: Մեզ ո՞ւր ձգէր. քոյրս տակաւին ութ տարեկան չէր, եղբայրս ու ես պատանի էինք, հայրս երիտասարդ էր…:
Այդ նոյն կանաչ հայեացքով, արթնութեան ու զգաստութեան կոչ կ՚ուղղէր: Պէտք էր զօրանայինք… Կորուստին, պատերազմին, սուգին հետ հաշտուէինք… Միասնաբա՛ր ցաւերը դիմագրաւէինք …:
_ Այո՛, քո՛յրս, այդ յաջորդական ցաւերը՝ 45 տարիներու ընթացքին, ապրեցանք մեր ուրոյն ոճով, պայքարեցանք մեր անհատական ուժերով… Առանց ծնողքի մնացինք, բայց «որբեր» չեղանք: Ներքին զօրութեամբ՝ ամէն մէկ հարուածի հետ, աւելի ճկուն, ամուր ու ամբողջական դարձանք…:
Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս բացատրեմ, մայր ունենալը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ… մոռցած եմ:
՜