ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Յակոբ Եափուճեանի հետ ծանօթութիւնս կը սկսի 1988 դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի հրաւէրով Սփիւռքահայ մշակութային միութիւններու խորհրդաժողովին: Համազգայինը բաւական պատկառելի պատուիրակութեամբ Ժամանած էր Երեւան: Յակոբը` Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, կողքին ունէր դոկտ. Արմենակ Եղիայեանը, Կարպիս Հարպոյեանը, Գեղանի Էթեմեզեանը: Տողերս գրողը կը ներկայացնէր Նոր սերունդ մշակութային միութիւնը:
Առաջին նիստին, ձեւականութիւնը յարգելով, պաշտօնական բարեւներ փոխանակեցինք: Պաղ պատերազմի խե՜ղճ ներկայացուցիչներ… Նոյնը շարունակուեցաւ ճաշարանին մէջ, կէսօրուան ճաշի ընթացքին: Խղճալի պահեր… կարծէք` մեզի վիճակուած էր փշրել Պերլինի պատը:
Երեկոյեան օթոպիւսով Ուջան մեկնեցանք: Հրաւիրուած էինք այցելելու զօրավար Անդրանիկի յուշարձանը: Ընթրիքէն ետք միեւնոյն օթոպիւսով կը վերադառնայինք Երեւան, երբ Կարպիս Հարպոյեանը մօտենալով` հարցուց, թէ անպատեհութիւն կը զգայի՞ արդեօք կուսակցական երգեր լսելու պարագային: Միանգամայն «ո՛չ» պատասխանեցի: Կարպիսը անմիջապէս միացաւ օթոպիւսի վերջամասին նստած իր ընկերներուն: Համերգը սկսաւ:
Քանի մը վայրկեան ետք ներկայացաւ երիտասարդ մը` Յակոբ Եափուճեանը: Ծանօթացանք: Նախապաշարումներէ դուրս գալով` Յակոբ հարցուց, թէ Վահրիճ Ճէրէճեանը կը ճանչնայի՞ արդեօք: Հաստատական պատասխանս ստանալէ ետք բութամատը բարձրացնելով` ըսաւ. «Երկխօսութեան մարդ է, կ՛ենթադրեմ, որ դուն ալ անոր նման պիտի մտածես…»: Ապա ձեռքը ուսիս դնելով` ըսաւ. «Մենք ձեզմէ աւելի ազգային կուսակցութիւն ենք, սակայն դուք, մայր կուսակցութիւն ըլլալով` եկէք մեր մօտ, ձեր երգերը միասին պիտի երգենք…»: Համերգը եւ փառատօնը շարունակուեցաւ հիւրանոցին մէջ:
Խորհրդաժողովին երկրորդ օրը կողք-կողքի նստած` կը հետեւէինք ժողովի ընթացքին: Գրառումները միասին կը կատարէինք: Խորհրդաժողովի կազմակերպիչները չէին կռահեր, թէ ի՛նչ կրնար պատահած ըլլալ, երբ օր մը առաջ հազիւ բարեւող կողմերը միասին կը մասնակցէին քննարկումներուն… Հրաշալի՜ օրեր:
Յակոբը հանդարտօրէն կը հետեւէր օրակարգի կէտերուն: Մերթ գրաւոր, մերթ բերանացի կը ներկայացնէր Համազգայինի տեսակէտները: Մտահոգութիւնները միեւնոյնը ըլլալով, յաճախ ինք, նոյնպէս ալ ես, զոյգ կազմակերպութիւններուն անունով կը փոխանակէինք մեր տեսակէտները:
Յակոբին այս մօտեցումը սթափելու հրաւէր մըն էր: Մտածել կու տար իրականութեան մը մասին: Ուրեմն բոլորս կրնայինք խօսիլ հայերէն… նոյն լեզուն: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր դուրս գալ արհեստական պատնէշներէն: Սփիւռքահայ երիտասարդը անհրաժեշտ էր դուրս բերել աւանդական նախապաշարումներէն: Մեր ազգային կեանքը որքա՞ն պիտի շահէր Յակոբի եւ անոր գործընկերներուն նման անձնաւորութիւններու ներկայութենէն: Այո՛, կրնայինք ունենալ տարակարծութիւններ, սակայն ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ իրավիճակ կրնար խախտել համոզումի եւ հաւատքի վրայ կերտուած համագործակցութիւնը:
Մեր միջեւ ստեղծուած սերտակցութիւնը, համազգային մտածողութեան ոգին զարգացաւ եւ առ այսօր կը շարունակուի Պէյրութի մէջ: Դարձանք սերտ բարեկամներ: Յակոբը, դոկտ. Արմենակը, Գեղանին, Կարպիսը եւ տողերս գրողը, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ ըլլալով հանդերձ, միեւնոյն ճանապարհի եւ նպատակի գործընկերներ ըլլայինք կարծէք:
Յակոբին հետ կարելի էր զրուցել իբրեւ երէց ընկեր, բարեկամ, սրտցաւ հայ եւ անկեղծ բարեկամ:
Երբ իմացայ Յակոբի մահուան գոյժը: Ժպտադէմ Յակոբը չկար այլեւս, կը մնար յիշատակը, անոր կտակած լայնախոհութեան եւ համագործակցութեան աւանդը, որմէ դասեր պէտք է քաղենք բոլորս: