ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի ծանրամարտի երիտասարդներու խումբի անդամ Յակոբ Մկրտչեան դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեան, նոյն ժամանակ նոր մրցանիշ մը հաստատելով։
Արդարեւ, Ռումանիոյ մէջ ընթացող մրցումներուն, 89 քլկ. կշիռքի բաժինին մէջ մրցող գիւմրեցի Մկրտչեան երկու տարբեր ոճերով բարձրացուց 165 քլկ. եւ 210 քլկ., ապահովելով ոսկի մետալը։
Նոյն բաժանումին մէջ Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը՝ Դաւիթ Յովհաննիսեան, պրոնզէ մետալ շահեցաւ: