Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Առանձին է բեմին վրայ, սակայն իր մէջ կ՛եռայ մարդկային զգացումներու ամբողջ աշխարհ մը` հակասութիւններով, իրականի եւ անիրականի բախումներով, ժպիտի ու արցունքներու միախառնումով:
Առանձին է բեմին վրայ, սակայն իր դերասանական հմտութիւններով եւ բեմադրիչին վարպետութեամբ կարողութիւնը ունի ամբողջ 40 վայրկեան իրեն կապելու հանդիսատեսը, զայն իրեն հետ փոխադրելու տարբեր վայրեր ու զգացական ծալքեր` 5 տարիներ շարունակ իր սիրածին վերջնական հրաժեշտ տալու հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին արձանագրուած վերիվայրումներու, խոստովանութիւններու, սիրային զեղումներու, յուսահատութեան ու ձեւացեալ քաջութեան միացման ընդմէջէն:
Առանձին նստած է սեղանի մը ետին, սակայն այդ սեղանին վրայ են իր ճակատագիրը ճշդող պարզ իրերը, որոնք իբրեւ առարկայ` սովորական են, սակայն իբրեւ խորք` հիմնական. հեռաձայնը` զինք վերջին անգամ ըլլալով սիրահարին կապող եւ անոր ձայնը իրեն բերող, խմիչքի շիշն ու գաւաթը` թէ՛ բաժանումի խոր ցաւը թեթեւցնող եւ թէ՛ իր որոշման գործադրութեան համար օժանդակ հանդիսացող, ծխախոտը` ջղային ու խառնակ վիճակի, քիչ մը դողդղացող ձեռքերուն թարգմանը հանդիսացող, տարբեր դեղահատեր, որոնք կոչուած են խաղաղեցնելու տանջուող եւ 5 տարուան երանելի սիրային աշխարհէն զրկուելու դառն իրականութեան դէմ յանդիման դրուած կինը, նաեւ միջոց ըլլալու` վերջնական եւ յաւերժական «խաղաղութեան» հասնելու…
Մենաներկայացումը կը համալրուի ընդհանուր մթնոլորտի, բեմայարդարումի, դերասանուհիին կրած զգեստին համահունչ ըլլալու երեւոյթով:
Անժելա Խալիլի դերասանութեամբ եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ «Մոնօ» թատերասրահին մէջ 24 մարտին ընթացք առած եւ արդէն 8 ելոյթներ` 24, 25, 26, 27, 31 մարտ, 1, 2 եւ 3 ապրիլին, յաջողութիւն արձանագրած «Ալօ» թատերախաղը հանդիսատեսին պիտի հրամցուի նաեւ այս շաբաթավերջին` հիգշաբթէն մինչեւ կիրակի` 7, 8, 9 եւ 10 ապրիլին:
Այս առիթով, նաեւ ընդհանրապէս թատրոնի, լիբանանեան, լիբանանահայ թատերական կեանքին մասին զրուցելու համար «Ազդակ» հետեւեալ հանդիպումը ունեցաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Նախորդ շաբաթ նշուեցաւ Թատրոնի միջազգային օրը, այդ առիթով կը շնորհաւորեմ քեզ եւ թատերական մարզին մէջ գործողները. երկար տարիներ այս բնագաւառին մէջ գործելէդ մեկնած` կը խնդրեմ, որ անդրադառնաս մարդու կեանքին մէջ թատրոնի դերակատարութեան: Լիբանանի մէջ տիրող այս տագնապալի վիճակին մէջ ո՞ւր է այսօր թատրոնը լիբանանեան կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ լիբանանահայ կեանքին մէջ` մասնաւորաբար:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Թատրոնը, ինչպէս Վաչէ Ատրունին կ՛ըսէ, եւ ես անոր հետ համաձայն եմ, միակ շնչող արուեստն է, ամբողջական շնչող, որ կ՛ընդգրկէ գրեթէ բոլոր արուեստները: Իրականութիւն է, որ թատրոնը կը շնչէ, որովհետեւ ներկայացումները կենդանի են, անոնք կը խաղցուին ժողովուրդին առջեւ, որ իր ներկայութեամբ իսկ բաժին ունի գործին մէջ: Թատրոնը` իբրեւ արուեստ, շատ մեծ տեղ եւ դեր ունի մարդու կեանքին մէջ, մարդուն թթուածինն է, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ բեմին վրայ կը դրուին հարցադրումներ, որոնք քու կեանքիդ մէջ կան. երբեմն չես անդրադառնար, երբեմն կ՛անդրադառնաս, բայց քաջութիւնը չես ունենար զանոնք դիմագրաւելու, անոնց մասին մտածելու: Թատրոնը այն վայրն է, ուր դիտած թատերախաղիդ ճամբով ամբողջ ապրումներդ, մտածումներդ, զգացումներդ դուրս կու գան ներաշխարհէդ, որովհետեւ կը տեսնես, որ դիմացդ կը ներկայացուին բոլոր անոնք, այսինքն թատրոնը մարդուն հայելին է, ուր ինքզինք կրնայ տեսնել: Թատերախաղը կը մղէ հանդիսատեսը մտածելու, խոկալու, վերլուծելու, երբեմն իր հարցադրումներուն պատասխանը կը գտնէ բեմին վրայ, երբեմն ալ նոր հարցադրումներու տուն կու տայ անիկա, որովհետեւ թատրոնին ընդմէջէն կրնաս անդրադառնալ, որ քեզի համար սովորական թուացող բաներ խորքին մէջ պարզ չեն, ուստի պէտք է մտածել այդ մասին, աւելի վերլուծել, հասկնալ, ըմբռնել, իսկ թատրոնը այդ բոլորը ընելու կարելիութիւն կու տայ:
Լիբանանահայ իրականութեան մէջ այսօր թատրոնը, ըստ ինծի, պէտք չէ ըլլայ այն, ինչ որ էր ժամանակին, այսինքն` այսպէս կոչուած դպրոց էր առաջ, հայապահպանման, հայոց լեզու, հայ մարդ մշակելու դպրոց: Կը կարծեմ, որ այդ փուլը անցանք այլեւս, որովհետեւ կարելի չէ այդքան ծանր բեռ դնել թատրոնի ուսերուն: Հայապահպանումը շատ մեծ է ու ծանր թատրոնին համար: Ինծի համար, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, լիբանանահայութեան պարագային ալ թատրոնը պէտք է ըլլայ մարդուն հայելին, ուր ինքզինք կը գտնէ, իր առօրեայէն բաժիններու կը հանդիպի, իր ապրումները կը շօշափէ, երբեմն նոյնիսկ համամարդկային արժէքներ կրնայ գտնել հոն եւ այդ մասին մտածելու սկսի: Շատ կարեւոր է, որ լիբանանահայ հանդիսատեսը արտայայտուի` ոչ միայն լաւ կամ վատ նկատելով դիտած թատերախաղը, այլ յաջորդ առաւօտ բարեկամի մը հետ զրուցած ատեն խօսի հոն տեսածին մասին, իր տեսակէտը յայտնէ, իր ապրումները դրսեւորէ, վերլուծէ, քննարկէ թատրոնը, որովհետեւ այս բոլորը կ՛օգնեն մարդ էակի զարգացման, աւելի մարդկային դառնալուն, արդարեւ հասած ենք այնպիսի փուլ մը, որ մարդ էակը սկսած է պարպուիլ իր էութենէն, յատկապէս լիբանանցին, շատ աւելի ալ` լիբանանահայը: Երեւակայէ, որ դուն Լիբանան ապրելով` որքան մեծ հարցեր ունիս. տակաւին, ատոր վրայ կու գայ աւելնալու հայ ըլլալը, քու լման հայկական բեռդ շալկես… շատ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրինք: Ատոր համար ալ կը կարծեմ, որ շատ լաւ է երթալ թատրոն եւ քեզմէ բաժին մը փնտռել բեմին վրայ, ատիկա կրնայ հանդարտեցնել, խաղաղեցնել եւ լիցքաւորել:
«Ա».- Թէեւ համաճարակային վիճակի մէջ կ՛ապրինք տակաւին, սակայն արդէն նախորդ ամիսներուն համարձակութիւնը ունեցար բեմ բարձրացնելու արաբերէնով թատերախաղ մը` «Կարծես կ՛ապրինք» (արաբերէնով` ուա քաընա այշին), որ «Սպասելով Նոյին» եւ «Ես» թատերախաղերուն հետ միասին մէկ պարունակի մէջ ներկայացուեցաւ եւ ունեցաւ նաեւ լիբանանահայ հանդիսատես:
Յ. Տ. Ղ.- Մօտաւորապէս 2-3 տարուան սառած վիճակէն ետք, նախորդ ամիսներուն վերսկսանք թատերական կեանքին: «Շամըս» թատերական համախմբումին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ մրցում մը, որուն մասնակիցներէն եւ շահողներէն էր Ճորճ Ապուտը: Ան դիմեց ինծի` իբրեւ բեմադրիչի, խնդրելով, որ իր բեմագրութիւնը բեմադրեմ: Յստակ պայմաններ ճշդուած էին` երկու դերասան, ներկայացում չորս քառակուսի մեթրի մէջ, նուազագոյն բեմայարդարանք, նիւթին մէջ անդրադարձ «Քորոնա»-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ լիբանանեան տնտեսական վիճակին: Ճ. Ապուտը այս իմաստով շատ լաւ բեմագրութիւն մը մէջտեղ հանած էր, իսկ դերասանուհին ալ իմ լիբանանեան խումբիս անդամներէն էր` Եարա Զախուրը, իսկ դերասանը` իմ հին ուսանողներէս Ռամի Աթալլան, ինչ որ աւելի դիւրացուց մեր աշխատանքը:
Շուրջ քսան օրուան մէջ բեմադրեցինք «Կարծես կ՛ապրինք»-ը. կը կարծեմ, որ լաւ էր, որովհետեւ երեք կարճ թատերախաղերը տարբեր ներկայացման ձեւեր ունէին, ժողովուրդն ալ բաւական ծարաւ էր թատրոնի, ատոր համար ալ եկաւ ու դիտեց, թատերախաղը բաւական ալ աղմուկ հանեց: Այս պարագային ալ հանդիսատեսը բեմին վրայ գտաւ իր առօրեան, ներաշխարհը, թէկուզ քիչ մը դառն իրականութիւնը:
Այսպիսով քակուեցաւ հանգոյցը, եւ կը կարծեմ, որ ասկէ ետք հլունները մէկիկ-մէկիկ կ՛իյնան:
«Ա.».- Փաստօրէն այդպէս է, որովհետեւ այդ թատերախաղին յաջորդեց նախորդ շաբաթավերջերուն արդէն իսկ ներկայացուած, իսկ այս շաբաթավերջին ալ կայանալիք «Ալօ»-ն, որ բաւական արձագանգ ունեցաւ լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ:
Յ. Տ. Ղ.- Առաջարկը այս անգամ եկաւ Անժելա Խալիլէն, որ ուսանողս եղած է լիբանանեան համալսարանին մէջ, ասկէ առաջ իմ բեմադրած մէկ գործիս` «Մժեղ»-ին մէջ դեր ստանձնած էր, արաբական խումբիս անդամ է. ան դիմեց ինծի` խնդրելով, որ մագիստրոսի թեզը, որուն ես անձամբ հետեւած էի, բեմադրեմ, իսկ ինք դերասանութիւնը կատարէ: Թատերախաղը, որ այլ գործերու կարգին ես յանձնարարած էի իրեն, եւ զոր ինք նախասիրած էր իր թեզին համար, Ժան Քոքթոյի «La voix humaine» (Մարդկային ձայնը) գործն է, որ ինք արաբերէնի թարգմանած եւ անհրաժեշտ պատշաճեցումները ու փոքր փոփոխութիւններ կատարած էր, որովհետեւ այդ գործին մէջ դէպքերը 1930 թուականին տեղի կ՛ունենան: Ըսեմ, որ այս թատերախաղը ես շատոնց «Եու. Թիուպ»-ի վրայ դիտած էի, ֆրանսացի նշանաւոր դերասանուհի Սիմոն Սինորէի ձայնով, եւ սիրահարած էի` շատ գեղեցիկ ներկայացում էր, եւ արդէն մտքիս մէջ ունէի անոր բեմադրութեան պատկերացումը, բեմադրելիք գործերուս փոքր տետրակին մէջ այս գործն ալ արձանագրած էի:
Երբ Անժելա Խալիլը առաջարկեց, ընդառաջեցի, որովհետեւ ասիկա լաւ առիթ էր իմ փափաքս ալ իրականացնելու: Փորձերը երբեմն առցանց, երբեմն ներկայութեամբ ըրինք, մինչեւ որ արդէն մարմին ստացաւ ու արդէն ցուցադրուեցաւ եւ պիտի ցուցադրուի, նաեւ բաւական լայն արձագանգ ունեցաւ:
«Ալօ»-ն մենաներկայացում է, որուն մէջ քիչ մը տարիքով մեծ կին մը իր վերջին հեռաձայնային զրոյցը կ՛ունենայ իր 5 տարուան երիտասարդ սիրահարին հետ, որ պիտի ամուսնանայ ուրիշ աղջկան մը հետ: Այս զրոյցին մէջ կինը, որ գիտցած է, թէ իր սիրահարը պիտի պսակուի, կը յայտնէ, թէ ինք տեղեակ է այդ մասին, բայց կը հաստատէ, որ հակառակ ամէն ինչի` կը սիրէ զինք ու պիտի շարունակէ սիրել: Անշուշտ ամբողջ զրոյցի ընթացքին կինը դեղահատ կ՛առնէ եւ ոգելից ըմպելի կը խմէ. զրոյցէն օր մը առաջ ան փորձած էր անձնասպան ըլլալ, սակայն չէր յաջողած, իրեն օգնութեան հասած էր ընկերուհին` բժիշկի մը հետ, վերջին զրոյցին օրը եւս նոյն փորձը կը կատարէ…
Անժելա Խալիլը այն դերասանուհիներէն է, որ մեծ ներուժ ունի մէջը, որ եթէ դուրս չհանէ, դժուար կ՛ըլլայ զինք ղեկավարելը: Այս իրականութիւնը բաւական յստակ էր ինծի համար, յստակ էր նաեւ, թէ այս թատերախաղին ընդմէջէն զգացումներու աշխարհ մըն է, որ պիտի բեմադրուի, այսինքն դերասանուհին իր ներաշխարհը ամբողջ պիտի արտայայտէ իր խաղաոճով: Այդ պատճառով ալ բեմին վրայ եռուզեռ չէի տեսած իմ պատկերացումներուս մէջ, բայց որովհետեւ ան ունէր ներուժը, սկիզբը փորձերուն ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան մեծ սրահին մէջ, յաճախ քալեց բեմին վրայ, գնաց-եկաւ եւ այլն: Որոշ ժամանակ մը ետք զինք տարի փոքր սրահ, ուր ելոյթը տեղի պիտի ունենար, նստեցուցի սեղանին ետին եւ ըսի, որ ներկայացումը ամբողջ նստած պիտի ըլլայ: Թէեւ երկմտանքի մէջ էր սկիզբը, սակայն ի վերջոյ փորձով համոզուեցաւ, որ կարելի է: Աշխատեցանք իր ներաշխարհը, իր զգացումները, ապրումները, ամբողջ բեմ բարձրացնել եւ հասցնել հանդիսատեսին, այսինքն բեմադրութիւնը ըլլայ ինքնին խաղարկութիւնը: Որեւէ թատրոնի մէջ կան դերասաններուն խաղարկութիւնը, բեմայարդարումը, ձայնի եւ լոյսի սարքաւորումները, զգեստաւորումը, որոնք միասնաբար ներկայացման ընդհանուր պատկերը կը կազմեն, այս անգամ շեշտը յատկապէս դրի խաղարկութեան վրայ, որովհետեւ ընդհանրապէս ես դերասանին կը վերադառնամ ամբողջ տարածութենէն մեկնելով, տարածութիւնը ինծի համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունի, թերեւս այդ ալ` հայ ըլլալու, հայրենիքէս զրկուած ըլլալու հանգամանքէն մեկնելով: Այդ ձեւով ալ եղաւ, Անժելա Խալիլը շուրջ 40 վայրկեան աթոռին վրայ նստած է, միայն մէկ անգամ կ՛ելլէ` դեղերը հաւաքելու: Կարեւոր տեղ ունի նաեւ հագուստը, որովհետեւ կինը բարեկեցիկ է, ոչ կառավարական կազմակերպութեան մը տէրն է, իրեն համար հանդիպումները, ընթրիքները կարեւոր են, ուստի շատ հիմնական էր, որ գեղեցիկ ըլլար անոր զգեստը, որուն համար ալ դիմեցինք ձեւագէտ Սարգիս Ասատուրեանին, որ միայն մէկ փորձի հետեւելէ ետք արդէն իմ ունեցած պատկերացումիս մարմնաւորումը կրցաւ մէջտեղ բերել` կարմիր հագուստ մը, որ իսկապէս շատ խօսուն էր եւ յարմար` ամբողջ թատերախաղին: Յոյսով ենք, որ սեպտեմբերին կարելիութիւն կ՛ունենանք Ֆրանսա երթալու, կայ փառատօն մը, որուն եթէ կարենանք մասնակցիլ, իսկապէս լաւ պիտի ըլլայ:
«Ա.».- Լիբանանեանէն գանք լիբանանահայութեան եւ խօսինք նաեւ «Գասպար Իփէկեան»-ին մասին, ի՞նչ աշխատանքներու ուղիի վրայ է ան:
Յ. Տ. Ղ.- Նախ ըսեմ, որ «Քորոնա» համաճարակի ամբողջ շրջանին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամներուն, վարչականներուն հետ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցանք` մտածելով, թէ ի՛նչ կրնանք ընել: Ներկայացուեցան շատ առաջարկներ, որոնց կարգին` կարճ թատրոններ նկարել ներկայացնել, հին թատրոնները առցանց զետեղել, որպէսզի մարդիկ յիշեն մեր աշխատանքը եւ այլն: Բոլոր հանդիպումներուն ալ ունէինք հիմնական մտահոգութիւն մը, թէ ո՛վ պիտի գայ թատրոն, ընենք, բայց արդեօք մարդ պիտի գա՞յ դիտելու, յետոյ` ի՞նչ պիտի ներկայացնենք, արդեօք ներկայացնենք երգիծական, որովհետեւ մարդիկ իրենց առօրեայ ծանր բեռը ունին արդէն, ուստի չ՛արժեր ծանր թատերախաղեր պատրաստելը… Այս բոլորը վիճաբանութեան, տեսակէտներու փոխանակման մնայուն նիւթ էին, սակայն միշտ ալ առանց յստակ լուծումի կը բաժնուէինք իրարմէ: Մէկ բան շատ յստակ էր մեզի, որ «Գասպար Իփէկեան»-ը պէտք էր մնար իր ուղիին մէջ, այսինքն` թատրոնի աւանդական պարունակին մէջ, ուղղակի բեմին վրայ ներկայացումով հանդէս գալով: Արդարեւ, միւս փորձերն ու տարբերակները յաջող չէին: Ասիկա նոյնիսկ Եւրոպայի պարագային իրականութիւն է, որովհետեւ մարդ չի կրնար ընկալել համակարգիչի պաստառէն այն, որ կը տեսնէ բեմին վրայ, որովհետեւ առցանցի պարագային, բեմին եւ հանդիսատեսին միջեւ կայ միջնորդ մը, որ իր մեկնաբանութիւնը կը ներկայացնէ եւ իր պայմանները կը պարտադրէ: Երբ քամերայով կը նկարես դերասանը, չես կրնար ամբողջ բեմը ցոյց տալ, որովհետեւ հանդիսատեսը արդէն փոքր պաստառի առջեւ է, եւ երբ դուն բեմին այդ մեծութիւնը կը փոքրացնես, ամբողջութիւնը դժուար ընկալելի կը դառնայ, որովհետեւ երբ մարդ սրահը նստած է, ամէն ինչ դիմացը կ՛ըլլայ, աչքը կը պտտցնէ ազատօրէն, սակայն նոյնը չէ նկարահանումին եւ պաստառին պարագային, այդ պատճառով ալ հոն տարբեր բեմադրութեան կարիք կ՛ըլլայ:
Այս բոլորէն մեկնելով ալ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը որոշեց սպասել եւ ներկայանալ բեմին վրայ: Մինչ այդ արդէն մտածումներ ունեցանք, Վարուժան Խտըշեանին յիշատակին «Վիրճինիա Վուլֆ»-ը ընտրեցինք եւ առցանց փորձեր ըրինք, ճամբորդողներ եղան, սակայն վերջաւորութեան նկատեցինք, թէեւ ես շատ համաձայն չեմ այս գաղափարին, որ «Վիրճինիա Վուլֆ»-ը հիմա չենք կրնար խաղալ: Ատոր համար ալ սկսանք թատերական այլ կտոր մը փնտռել, գտանք հատ մը` Հայաստանէն բերուած, «Քորոնա»-ի համավարակը սկսած էր թեթեւնալ, հանդիպումներ ըրինք, ընթերցումներու սկսանք, խմբակներու բաժնուեցանք, սակայն այդ պարագային ալ մեզ մտահոգեց այն, թէ մարդ պիտի գա՞յ, որքա՞ն մարդու պիտի արտօնուի, երբ սրահը բացուի եւ այլն:
Ներկայիս արդէն աշխատանքի սկսած ենք, թարգմանուեցաւ ֆրանսական թատերախաղ մը, այդ ուղղութեամբ սկսած ենք գործել եւ յոյսով ենք, որ սեպտեմբերին ելոյթի մը պատրաստ կ՛ըլլանք, եթէ որեւէ անակնկալ չպատահի: