Յակոբ Օշական Պաղեստինի մէջ ծայռ առած քաղաքական փոթորկումներու հետեւանքով շրջան մը դադրեցուցած էր իր ուսուցիչի պաշտօնը Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ու հանգիստի համար եկած էր Հալէպ ու իջած իր նախկին աշակերտներէն Գրիգոր Երէցեանի բնակարանը։
Այդ միջոցին Հալէպ կը գտնուէր նաեւ «Յառաջ» օրաթերթի արտօնատէր ու խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանը։
Հալէպի մէջ երկու մեծ գրագէտները ամէնէն առաջ ջերմ սիրոյ ու հոգատարութեան արժանացած էին ազգային իշխանութիւններու ու մանաւանդ Առաջնորդ Զարեհ Սրբազանի, ինչպէս նաեւ մտաւորականութեան կողմէ։
Յակոբ Օշականի մասին կ՚ըսուի, թէ կը մտածուէր զայն ուսուցչութեան հրաւիրել Ճեմարան։ Սակայն Հալէպի մէջ անոր անակնկալ մահը խորապէս կը ցնցէ գաղութը։ Ան կը մահանայ Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 1948ին, երեկոյեան ժամը 10:30ին, Երէցեաններու տան իրեն յատկացուած ննջասենեակին մէջ։
«Արեւելք» օրաթերթը բօթը կու տայ Հինգշաբթի օրուան իր թիւին մէջ։
((ՄԵԾ ԳՐԱԳԷՏ – ՔՆՆԱԴԱՏԸ ՄԱՐԵՑԱՒ ՄՈՄԻ ՄԸ ՊԷՍ ՍՐՏԻ ԿԱԹՈՒԱԾԷ
Օշական ոչ եւս է։
Գրիչը կը դողայ մեր ձեռքերուն մէջ, բայց անողոք իրականութիւնը կը ստիպէ գրել։-ՕՇԱԿԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է:
Ինք, որ տկար սրտին յուզումներ խնայելու համար մեկնած էր փոթորկոտ Պաղեստինէն, ահա այստեղ, այս խաղաղ անկիւնին մէջ կը փակէ իր աչքերը կեանքին, դաւադիր սրտի տագնապէն՝ որ կը հալածէր զինք տասնամեակէ մը իվեր։
Երեքշաբթի, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7, խմբագրատունն էր, մեզի հետ, կը խօսէր գրականութեան եւ արուեստի շուրջ, պատգամներ կ՚արձակէր։ Սովորականէն աւելի կայտառ, նոյնիսկ կը կատակէր եւ սրախօսութիւններու առիթ կու տար։
Մեկնեցաւ «Արեւելք»էն, ժամադրուելով մեզի հետ Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 8ին, զբօսապտոյտի մը համար։ Հասնելով Երէցեաններու բնակարանը, ուր կը հիւրասիրուէր Հալէպ ժամանումէն ի վեր, ըստ սովորականին կը ճաշէ, զրոյց կ՚ունենայ տնեցիներուն հետ, եւ ժամը 10ի մօտ կ՚անցնի ննջասենեակ։
Քառորդ ժամ վերջ ձայն կու տայ, թէ տագնապի մէջ է, եւ բժիշկ կը խնդրէ։ Լուր կը տրուի մօտիկ բնակող Տքթ. Ապուհայաթեանի, որ կը հասնի անմիջապէս, երբ մահը խեղդած էր արդէն անոր վերջին շունչը։
Շշմեցնող գոյժը կը հաղորդուի Ազգային Առաջնորդարան, Զարեհ Սրբազանի, որ կը փութայ Օշականի սնարին մօտ, «Նայիրի»ի խմբագիր Ա. Ծառուկեանի հետ։ Սրբազանը կը կարդայ հոգոցը։ Կը հսկեն մինչեւ արշալոյս։
Բօթը հաղորդուած է, անմիջապէս, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, իր պարագաներուն եւ արտասահմանեան մամուլին։))
Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ 19 Փետր. 1948ին, կէսօրէ ետք, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցուոյ մէջ։
Այդ օր փակ կը մնան ազգային հաստատութիւններն ու ազգային վարժարանները։
Յակոբ Օշականի մարմինը կը զետեղուի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ, Օր. Քարէն Եփփէի գերեզմանին կից։