ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Պիտի Յա՜ղթես Հայ ժողովուրդ:
Որքան նեղ է ու փոքրոգի այս աշխարհը ալեկոծուած:
Տիրակալներ նենգամիտ, կատաղի հաշիւներու թելադրանքով,կորզեցին հողեր ու տարածքներ, Հայոց աշխարհէն:
Հրոյ ճարակ այրեցան գիւղեր ու սրբատեղիներ:
Քար ու քանդ եղաւ երկիր մը ամբողջ:
Բռնակալներու վայրագութեան ու ատելավառ բնազդին զոհ դարձան անմեղ մարդիկ, մատղաշ սերունդները Հայոց ազգին:
Բարբարոս ցեղին բռնարաքները, արհամարհեցին ու խեղդեցին վեսութիւնը ընդվզող հոգիներուն, չհպատակելու կամքն ու հայրենի հողին կառչած մնալու անոնց արիութիւնը :
Նախնադարեան ձեր բարքերէն վեր կամք ըրէք,
Դուք ամբարիշտ ու անիրաւ աշխարհակալներ, որպէսզի բարութեան ու ազնուութեան լոյսով ձեր աչքերը լիացնէք:
Որպէսզի ձեր խեղճութիւնը եւ արգահատելի իսկական ինքնութիւնը տեսնէք:
Որ ձեզմէ խլած է խելքն ու դատողութիւնը:
Քալէ՜ հայ ժողովուրդ, խրոխտ, խիզախ ու բարձրավիզ :
Քալէ թշնամիին ամբարտաւանութեան առջեւէն:
Շարունակէ անվեհեր պայքարդ արդար, յոյս ու հաւատք ներշնչէ հայ հոգիներուն,
նուաճելու բռնագրաւուած իրաւունքները հայոց ազգին:
Պիտի յաղթես թշնամիին, քու անխորտակ կամքով, հայու անընկճելի ոգիով:
Դուն, որ դիմակայեցիր դարերու արհաւիրքները ահեղ, կործանարար փոթորիկները հայոց պատմութեան:
Պիտի յաղթես բարբարոս ազգին, քաջարի զաւակներուդ ոգեղէն ոյժով, հայոց բանակին բռունցքուած հզօր վերելքով:
Այո՜, պիտի յաղթես հայ ժողովուրդ, հարթելու գալիքի անշէղ ու անսայթաք ուղին, դէպի նոր այգաբաց:
Պիտի յաղթես, վերականգնելու թշնամեաց ձեռքով պղծուած սրբավայրերդ բոլոր,
դարերու պատմութիւն ունեցող հրշագեղ տաճարներդ սուրբ:
Շահնուրն է, կ՜աղաղակէ բացագանչելով՝
« Ազգ, եթէ ծուծ չմնաց, կռուէ՜ աճիւններովդ:
Եթէ ասոնք ալ տարազնուեցան, կորսուեցան, չքացան, այն ատեն, կռուէ՜, ազգ, Հերոսո՜վդ…: