ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի պաշտօնները պիտի վարեն ներկայի ժամանակաւոր պաշտօնակատարները:
«Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Փաշինեան:
«Արդէն որոշել եմ: Ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնատար կը նշակուի ոստիկանապետ, ԱԱԾ տնօրէնի պարտականութիւնների ժամանակաւոր կատարողն էլ կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն», հաստատեց ան։
ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնակատարը Էդուարդ Մարտիրոսեանն է` Արթուր Վանեցեանի` պաշտօնէն հեռանալէն ետք, իսկ ոստիկանութեան պետի պարտականութիւնները պիտի կատարէ Արման Սարգսեան` Վալերի Օսիպեանի պաշտօնէն հեռացուելէն ետք: