Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ 8 հոկտեմբերի լոյս 9-ի գիշերուան ընթացքին արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տիրած է յարաբերական կայուն- լարուածութիւն: Ռազմական գետնի վրայ իրադրութիւնը կը մնայ անփոփոխ:
Սակայն առաւօտեան ժամը 9-ին, թշնամին սկսած է ռմբակոծել Ստեփանակերտը: