ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փարիզեան հիւսիսային արուարձան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան հայկական վրաժարանին վրայ յարձակում մը կատարուած է։
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան՝ դատապարտելով այդ արարքը:
«Լրջօրէն մտահոգուած ենք Սեւրի հայկական Մուրատեան վարժարանի դէմ իրականացուող վանդալիզմի կրկնուող դրսեւորումներով: Այս գործողութիւնները չպէտք է մնան անպատիժ», գրած է Տոլմաջեան:
Յիշեցնենք, որ 20 հոկտեմբերին Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացուցած էր նաեւ, որ յարձակում կատարուած է «Նուվէլ Տ՛Արմէնի» (Nouvelles d’Armenie) գրասենեակին վրայ: Դեսպանը խստօրէն դատապարտած էր նաեւ այդ խուլիգանութիւնը եւ յայտնած, որ անիկա լուրջ ոտնձգութիւն է խօսքի ազատութեան եւ հանրապետական արժէքներուն նկատմամբ: