ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Երեւան, 1976, Աշուն
Սիրելի՛ ընթերցող,
Նոր ընդունուած էի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկը` իբրեւ արուեստաբանութեան դոկտորայի (Phd-ի) թեկնածու, երբ իմ լաւ ընկերներէն` «Երքաղնորոգնախագիծ» բարձրագոյն հիմնարկի գլխաւոր ճարտարապետ Պետրոս Աբաջեանը այդ օր եկաւ եւ տեղեկացուց, որ շաբաթ օր երեկոյեան հրաւիրուած ենք Բագրատին մօտ, ուր անակնկալ մը կը սպասէր մեզի…
Գացինք: Բացի Յարութիւն Թորոսեանէն` ներկայ էին նաեւ Բագրատի քոյրերէն Կիման, որ Թորոսեանի կինն էր, եւ Էմման, որ նոյնպէս օժտուած գեղանկարչուհի էր: Թէեւ մինչ այդ Թորոսեանին անունը լսած էի, սակայն առաջին անգամն էր, որ անձամբ կը հանդիպէի անոր: Պարզուեցաւ, որ ուզած էր ինծի ծանօթանալ, պարզապէս որովհետեւ արուեստաբանութիւնը ընտրած էի իբրեւ կեանքի ասպարէզ: Առաջին հարցը եղաւ հետեւեալը.
– Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ որոշած ես արուեստաբան դառնալ:
Պատմեցի, թէ ինչպէ՛ս օր մը գրականութեան տեսութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Էդուարդ Ջրբաշեանը հրաւիրեց զիս իր գրասենեակը եւ առաջարկեց, որ գրականագիտութեան փոխարէն` թեկնածուականս պաշտպանեմ կերպարուեստի գծով, նախ անոր համար, որ իմ նախընտրած թեման` «Համաստեղը», մերժուած էր գրականագիտութեան ամպիոնին կողմէ (հասկնալի պատճառներով) եւ երկրորդ` ԳԱԱ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկին մէջ առաջարկ եղած էր արուեստաբաններ պատրաստել նաեւ սփիւռքի համար: Եւ որովհետեւ Ջրբաշեանը գիտէր, որ ես կերպարուեստի հակումներ ունիմ ու երբեմն կը նկարեմ նաեւ, խօսած էր իմ մասին: Այն ատեն թէեւ առանց տատամսելու ընդունեցի անոր առաջարկ-թելադրանքը, սակայն տակաւին որոշ կասկած մը կար մտքիս մէջ, թէ արդեօ՞ք ճիշդ կ՛ընեմ: Յարութիւն Թորոսեանի անմիջական քաջալերանքը այդ կասկածը փարատեց իմ մէջս, եւ այդ օրէն կեանքիս ընթացքը սկսաւ փոխուիլ: Ան խանդավառութեամբ որոշումս ընդունելէ ետք աւելցուց.
– Հայաստանի մէջ կան արուեստաբաններ, որոնք բաւական շօշափելի ճանապարհ կտրած են արդէն, իսկ սփիւռքի մէջ գրեթէ չունինք. այնպէս որ, դուն շատ ընելիք ունիս: Սփիւռքի կերպարուեստի պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած: Պատրաստ եմ օգտակար ըլլալու քեզի… յատկապէս` լիբանանահայ ու ֆրանսահայ արուեստագէտներու պարագային, որոնք թէ՛ քանակով պատկառելի թիւ մը կը կազմեն եւ թէ՛ որակով բարձր են ու մրցունակ…
Իմ արուեստասէ՛ր ընթերցող,
Նոյն օրն իսկ ահագին տեղեկութիւններ ստացայ իրմէ հայ արուեստագէտներու մասին, որոնցմէ շատերուն անունները նոր կը լսէի: Հակառակ անոր որ Ջրբաշեանը բացատրած էր ինծի արուեստաբանութեան կարեւոր դերը, Թորոսեանի խօսքերը առաւել եւս խանդավառեցին ու սրտապնդեցին զիս: Ընթացքին հարազատութիւն մը զգացի իրեն հետ, այնպէս` ինչպէս պատահած էր Բագրատի եւ Պետրոսի պարագային, որոնց մասին նոյնպէս թուղթին յանձնելիք կարեւոր յուշեր ունիմ… Եւ այսպէս, առաջին հանդիպմանն իսկ, երբ տակաւին ո՛չ իր արուեստին ծանօթ էի եւ ո՛չ ալ իր կենսագրութեան, իմ վրաս ձգեց արուեստի նուիրեալի մը տպաւորութիւնը: Եւ մենք դարձանք ընկերներ, իսկ հետագային, կրնամ ըսել, նոյնի՛սկ գործընկերներ… ի մասնաւորի հնագիտութեան բնագաւառին մէջ:
Այնճար, 1983, Գարուն
Թուականը յստակ չեմ յիշեր, սակայն որովհետեւ գիւղը լեցուն էր հայ գաղթականներով, ենթադրաբար պէտք էր որ 1982-ի իսրայէլեան յարձակումներէն ետք ըլլար: Գարնանային ջերմ ու հաճելի օր մըն էր, եւ ըստ այնճարցիներու աւանդութեան, նմանօրինակ օրերուն «կրկուտակ» (թապուլէի մուսալեռցիներու տարբերակը) կը պատրաստէին կազդուրիչ արեւու տակ ըմբոշխնելու համար… Այդ օր մեր տնամերձ պարտէզին մէջ մօրս շուրջ հաւաքուած էին նաեւ կարգ մը դրացիներ եւ հիւրեր:
Մենք` եղբայրս եւ քանի մը ընկերներ, առանձին նստած էինք պարտէզին հարաւային անկիւնը, երբ Թորոսեանը ետեւի դուռէն մտաւ պարտէզ պարմանուհիի մը` Շողիկի ընկերակցութեամբ: Պարզուեցաւ, որ իր մեծ քրոջ աղջիկն է, որոնք այլ գաղթականներու նման` ընտանեօք ապաստանած էին գիւղ: Ան լսած էր, որ այդ օրերուն ես հնահաւաքութեամբ կը զբաղիմ, եւ եկած էր թէ՛ իմ հաւաքածոն տեսնելու (որ այն ատեն տակաւին համեստ էր թէ՛ որակով եւ թէ՛ քանակով) եւ թէ՛ իր հերթին որոշ նմուշներ ձեռք բերելու ակնկալութեամբ: Այդ օր մեծ ուրախութիւն պարգեւեց ինծի Յարութը: Ի զարմանս ինծի` իմ հին դրամներու հաւաքածոյին մէջ յայտնաբերեց երկու կարեւոր արժէքներ: Առաջինը պղինձէ փոքրիկ դրամ մըն էր, որուն վրայ կարդաց «Վասիլէօ Տիգրանոս» ու բացատրեց, որ «Արքայ Տիգրան» կը նշանակէ, եւ որովհետեւ «Արքայից»-ը կը բացակայէր, Մեծն Տիգրանի գահակալութեան առաջին տարիներուն պէտք էր որ հատուած ըլլար: Իսկ երկրորդը շատ աւելի զարմանալի եւ նորութիւն էր ինծի համար. բաւականին լաւ պահպանուած մետաղեայ դրամի մը վրայ արաբերէնով գրուած էր. «Սալահէտտին Էյուպի, Շահ ալ Արման», որ, ըստ իրեն, այս մակագրութեամբ Սալահէտտինը ինքզինք կը համարէր նաեւ «Արմէններու» շահը: Իսկ իր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սալահէտտինին հայրը քիւրտ էր եւ այդ պատճարով ալ ճանչցուած էր իբրեւ քիւրտ, բայց մայրը հայ էր` Դուին քաղաքէն:
Որովհետեւ պատերազմը կ՛երկարէր, ինք երկար ատեն մնաց գիւղ, եւ մենք առիթ ունեցանք միասին հարեւան գիւղերը այցելելու, հնութիւններ հաւաքելու եւ միաժամանակ իրարմէ… սորվելու: Թորոսեանը ստացած էր ֆրանսական կրթութիւն, այդ պատճառով ալ ծարաւը ունէր հայ մշակոյթի մասին առաւելագոյնը իմանալու: Երբ հնագիտական նմուշ մը ձեռք անցընէինք, ան անվերապահօրէն ամէն ինչ կը բացատրէր եւ երբեմն նաեւ կը վերծանէր, իսկ այս բոլորը ապագային շատ օգտակար եղան ինծի: Իսկ երբ համեմատական խաղաղութիւն տիրեց Լիբանանի տարածքին, եւ մենք քաղաք իջանք, ան ծանօթացուց զիս փրոֆ. Էպէեանին, որուն գլխաւորութեամբ կազմուած հնագէտներու խմբակին մաս կազմեցի, եւ մենք բոլորս, հնագիտութեան առումով, շատ բան սորվեցանք իրարմէ եւ յատկապէս` Էպէեանէն: Յարութին հնագիտական հետաքրքրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած էր դրամագիտութեան վրայ, որուն պսակը հանդիսացաւ տարիներ առաջ` 2015-ին, Բակօ Սահակեանի նախագահութեան օրերուն, հայկական դրամներու իր անձնական հաւաքածոյին, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մեծի մատանիին ագատէ քարին` արքային դիմաքանդակով, իշխանական նուէրը Արցախի պետական պատմա-երկրագիտական թանգարանին: Վերջերս փորձեցի մօտէն հետաքրքրուիլ Յարութին նուիրած հին դրամներու ճակատագրով: Հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացայ, որ Շուշիի թանգարաններու մէջ պահ դրուած հնութիւններէն քիչեր (ինչպէս գորգարուեստը) միայն փրկուած են, սակայն Ստեփանակերտի թանգարաններու արժէքաւոր ցուցանմուշները տեղափոխուած են Երեւան: Յուսանք, որ Թորոսեանի մետաղադրամներու հաւաքածոն եւս փոխադրուած ու պահ դրուած ըլլայ Երեւան… ապահով վայր մը:
Զալքա, 2001, յունիս, «Նոազ Արք» ցուցասրահ
Իմ արուեստասէր ընթերցող,
1996-ի մեր ցուցասրահի բացման օրէն իսկ խոստացած էինք, որ «Նոազ Արք»-ը պիտի չըլլայ լոկ արուեստի վաճառատուն, որովհետեւ արուեստի վաճառքը առաքելութիւն է… առեւտուր ըլլալէ առաջ, ցուցասրահն ալ պէտք է որ ըլլայ արուեստի տաճար… վաճառատուն ըլլալէ առաջ: Մեկնելով այս սկզբունքէն, ուսուցողական եւ բարեսիրական այլ ձեռնարկներու զուգահեռ, խրախուսելու համար նորեկներն ու սկսնակները, «Նոազ Արք»-ը որդեգրած էր նաեւ ամէնամեայ երիտասարդական խմբային ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը:
Այդ տարուան երիտասարդական խմբային ցուցահանդէսի բացումէն քանի մը օր ետք այցելութեան եկան քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանը, բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանն ու կինը` գեղանկարիչ Սիրվարդը, որոնք` իբրեւ երէց արուեստագէտներ, նոյնպէս հետաքրքրուած էին երիտասարդներով ու հակամէտ էին նորեկները քաջալերելու: Զրոյցը կ՛ընթանար քանի մը օժտուած սկսնակներու շուրջ, որոնց մէջ էր նաեւ Թորոսեանի փոքր քրոջ` Կիւլենի դուստրը` Մարալը: Երբ Զաւէնը առիթէն օգտուելով սկսաւ գովել Մարալին մայրը, իր արժանաւոր աշակերտներէն` Կիւլենը, յանկարծ Յարութը ներս մտաւ: Առաջինը Սիրվարդը եղաւ, որ շնորհաւորեց նաեւ Յարութը` այն ենթադրութեամբ, որ ինք մղած ըլլալու էր իր քոյրն ու անոր աղջիկը դէպի արուեստ: Յարութը ոչ միայն չհերքեց Սիրվարդի կարծիքը, այլեւ տեղեկացուց նաեւ, որ իր կինը` Կիման եւս վարպետ դիմանկարիչ է, տղան` Ստեփանը նոյնպէս օժտուած է գծելու բացառիկ ձիրքով, իսկ Կիւլենի ամուսինը եւս սկսած է երփնագրել… հետեւելով իր խորհուրդներուն: Իր համոզումը այն էր, որ Թորոսեանները ստեղծագործողներու գերդաստան են, որուն համար հպարտ էր: Տրուած ըլլալով, որ իր տուած տեղեկութիւնները նորութիւն էին, մենք շնորհաւորեցինք զինք ու յաջողութիւն մաղթեցինք բոլոր Թորոսեաններուն: Իսկ ինք շարունակեց.
– Ցուցահանդէսի բացման ես ներկայ էի, սակայն այսօր եկած եմ յատուկ շնորհաւորելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Մովսէսին ու իր ընտանիքին, անոր համար, որ ամէն տարի նմանօրինակ խմբային ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն:
Մինչեւ որ ես խօսիմ, Պերճը միջամտեց.
– Յարո՛ւթ, շնորհաւորելը հասկցանք, «շնորհակալութիւնը» ո՞րն է:
Ես աւելցուցի.
– Յարո՛ւթ ջան, Պերճը ճիշդ կ՛ըսէ: Նախ ցուցահանդէսը բոլորին համար է, երկրորդ` մենք Մարալը ընդունած ենք, ոչ թէ որովհետեւ քրոջդ աղջիկն է, այլ որովհետեւ իսկապէս օժտուած է եւ շարունակելու պարագային լաւ ապագայ կը խոստանայ:
Յարութը չյանձնուեցաւ ու բացատրեց.
– Հակառակ անոր որ մեր սերունդէն շատեր եւրոպական կրթութիւն ստացան ու վերադարձան Լիբանան (Զաւէնը կրնայ վկայել), գաղութին կողմէ գրեթէ չքաջալերուեցանք: Նախ կը տիրէր այն կարծիքը, որ «արուեստը հաց չի կերցներ», երկրորդ մասնագէտ արուեստաբան չունէինք: Լիբանանցին շատ աւելի առաջ ճանչցաւ ու գնահատեց մեր արուեստը, քան` մեր գաղութը: Մենք բոլորս պէտք է որ քաջալերենք մեր երիտասարդ բոլոր տեսակի արուեստագէտները, որովհետեւ «Մեր հայրենիքը մեր մշակոյթն է»: Մովսէսը Այնճարէն կու գայ: Այդ փոքրիկ գիւղէն ելած են Ժան Գազանճեանի, Յարութիւն Պզտիկեանի եւ կամ Գեղամ Թազեանի նման կայացած նկարիչներ: Այսօր եւս կան սկսնակներ, ինչպէս` քոյր եւ եղբայր Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեանները, Աղասին, Գր. Սգայեանը եւ ուրիշներ: Պէյրութի մէջ շատ աւելին ունինք անշուշտ, որոնց արուեստը գնահատող գրեթէ չկայ: «Նոազ Արք»-ը կենսական բաց մը կը գոցէ:
Յարութը միան խօսող չէր, ան իսկապէս ոչ միայն խօսքով կը խրախուսէր ու շինիչ խորհուրդներ կու տար նորեկներուն, այլեւ երբեմն յօդուածներ եւս կը գրէր անոնց մասին: Ու կարեւորագոյնը` ուսուցչութիւնը կ՛ընդունէր իբրեւ կոչում ու ազգային պարտականութիւն: Իր ակադեմական կրթութենէն ու երկարատեւ փորձառութենէն ամբարած գիտելիքները անմնացորդ կերպով կը բաշխէր աշակերտներուն ու իր շրջապատի արուեստասէրներուն: Այսպէս էր Յարութը: Ան ստեղծագործ արուեստագէտ ըլլալու կողքին, է՛ր նաեւ արուեստի նուիրեալ, եւ բնաւ պատահական չէր, որ ան բացի արուեստաբանական յօդուածներէն` կը զբաղէր նաեւ գրականութեամբ ու հնահաւաքութեամբ:
Երեւան, մարտ 2022