ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ու գիշեր է: Հեռաձայնս անընդհատ կը հնչէ: Ընդոստ կ’արթննամ: Կը վերցնեմ ընկալուչը: Կին մը յուզումնախառն ձայնով քանի մը անգամ կը կրկնէ՝ Յարութը մահացաւ, Յարութը մահացաւ եւ կը փակէ հեռաձայնը:
Կը սթափիմ: Երա՞զ մը տեսած էի արդեօք: Որու՞ն հեռաձայնէի այդ ժամուն: Յանկարծ հեռաձայն մը կը ստանամ Գանատայէն:Ազնիւ բարեկամ մը կը գուժէ մեր բոլորին սիրելի Յարութ Մարգարեանի մահը:
Ի՞նչ ըսեմ: Տառապալից տարիներէ ետք, Յարութը որոշած էր երկնային արքայութեան մէջ շարունակել կեանքը…: Միանալ իր սիրելի կեանքի ընկերոջ՝Թալինին, որուն կորսնցնելու դժբախտութիւնը ունեցած էր քանի մը տարի առաջ:
Յարութ Մարգարեանը ճանչցած եմ Երեւանէն: Ուսումնարանէն անցաւ Փոլոթեխնիկական ինստիտուտ, վկայուեցաւ քաղաքային ճարտարագիտութեան կոչումով եւ վերադարձաւ Լիբանան:
Ազնիւ, բարեհամբոյր նկարագիրի տէր անձնաւորութիւն մը, Պէյրութ վերադառնալէ ետք մաս կազմեց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութեան: Շնորհիւ իր բծախնդիր եւ հետապնդող նկարագիրին, անոր վստահուեցաւ Միութեան ատենապետի պարտականութիւնը
Յարութ իր կողքին հաւատաւոր եւ ժրաջան վարչականներ՝ Ազնիւ Ալթունեանը, Մաքրուհի Երկանեանը, Աստղիկ Քեպապճեանը, Թալին Օղլուքեանը (հետագային իր կեանքի ընկերը), Յովսէփ Գալթաքճեանը, Ղազարոս Ալթունեանը, Շահէ Գանթարճեանը, տոքթ. Սարգիս Պետիկեանը, Վազգէն Մուղալեանը, Ստեփան Նաճարեանը, Յակոբ Եփրեմեանը, Տիգրան Սիսլեանը եւ տողերս գրողը իբրեւ՝ դիւանապետ ունենալով, յարատեւ աշխատանքով տարիներ շարունակ նոր բարձունքներու հասցուց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը՝ պարախումբի որակաւոր համոյթներով, թատրոնի ներկայացումներով, գրական-հասարակական զանազան միջոցառումներով , մինչեւ այն օրը, երբ միասնաբար ակամայ հրաժարեցանք մեր պարտականութիւններէն:
Միութենական եւ ընկերային հիանալի յարաբերութիւն մը ստեղծուած էր վարչութեան բոլոր անդամներուն միջեւ, ժողովի սենեակէն հեռու, ընտանեկան յարկերու տակ յաճախակի հանդիպումներով: Այդ յարաբերութիւնները շարունակուեցան հետագային անմոռանալի յիշատակներով:
Յարութին հետ մեր բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ չարաղէտ հիւանդութիւն մը անկողինին քամեց զինք: Այս դժբախտութեան ընթացքին կորսնցուց իր կեանքի ընկերը Թալինը:
Յարութը մեր յիշատակներուն մէջ պիտի մնայ նուիրեալ, հաւատաւոր միութենականը, ազնիւ, պարտաճանաչ եւ տարաբախտ ընկերը:
Յիշատակդ անթառամ սիրելի’ Յարութ: