Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Յաւելեալ Պատժամիջոցներու Ամերիկեան Սպառնալիքը Թրքական Լիրայի Արժեզրկման Առաջնորդեց

August 18, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Turkey’s budget posts $5.3 billion deficit in first quarter

ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Կեդրոնական դրամատան միջամտութեանց եւ Քաթարէն 15 միլիառ տոլարի ներդրումներու խոստումին պատճառով, վերջին քանի մը օրերուն կայունացած թրքական լիրան Ուրբաթ, 17 Օգոստոսին դարձեալ արժեզրկուեցաւ, մօտաւորապէս 5 տոկոսով, երբ ամերիկեան իշխանութիւնները սպառնացին յաւելեալ պատժամիջոցներու դիմել, եթէ ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսըն ազատ չարձակուի։

Նշենք, որ 17 Օգոստոսին Իզմիրի դատարանը անգամ մը եւս մերժեց Պրանսընը տնային կալանքի տակ պահելու որոշումը փոփոխութեան ենթարկելու ու զայն ազատ արձակելու փաստաբաններուն դիմումը, պնդելով, որ ան կրնայ փախուստ տալ երկրէն։

16 Օգոստոսին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդիպում մը ունեցած էր գանձապետ Սթիւըն Մնուչինի հետ, շարք մը այլ հարցերու կողքին քննարկելով նաեւ թուրք-ամերիկեան լարուած յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք, Մնուչին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ դէմ տնտեսական նոր պատժամիջոցներու ցանկը արդէն պատրաստ է եւ կրնայ մօտիկ ապագային յայտարարուիլ, «եթէ անոնք անյապաղ ազատ չարձակեն զինք (Պրանսընը)»։

Իր կարգին, Թրամփ «Թուիթըր»ի վրայ գրեց. «Թուրքիա երկար տարիներէ ի վեր կը շահագործէ Միացեալ Նահանգներու բարեացակամութիւնը։ Հիմա պատանդ կը պահէ մեր հիանալի հոգեւորականը: Ոչինչ պիտի վճարենք այդ անմեղ մարդուն ազատ արձակման համար եւ կը կրճատենք մեր կապերը Թուրքիոյ հետ»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան յայտարարեց, որ Թուրքիա Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ բողոքած է թրքական որոշ արտադրութեանց դէմ մաքսատուրքերու բարձրացման մասին Ուաշինկթընի որոշումին դէմ:

Previous Post

Համշէնահայերէնը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Անհետացող Լեզուներու Ցանկին Վրայ

Next Post

Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կը Նախապատրաստէ Քոչարեանը Կալանքէ Ազատ Արձակելու Վերաքննիչ Դատարանի Որոշումին Դէմ Բողոքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.