ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Յակոբ Աբրահամեանին
Ու կ՛երթան այսպէս անժամանակ,
Երբ դառնութեան բաժակը յորդած է արդէն,
Ու կարելի չէ պայքարիլ միայնակ,
Անիրաւ աշխարհի մարտնչումներուն դէմ:
Ու կ՛երթան կարաւանին հետ խիտ շարքերով,
Առանց փող ու թմբուկի, հապճեպով մը արտառոց,
Ետին ձգած վիշտ ու ցաւ, ի խնդիր խոստացեալ լոյսին,
Անիրաւ այս աշխարհի տագնապներէն յոգնած:
2022